Կոչ կ՝ուղղենք Սփիւռքահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն սեփական նախաձեռնութեամբ իրենց կարելի չափով նուիրաբերեն բանակին
Նուիրատոութիւնները փոխանցելու համար կրնաք այցելել- https://www.1000plus.am/hy/ կայք։
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Սիվիլնեթ կը տեղեկացնէ , որ Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամը կուտակած է 24 միլիառ դրամ (շուրջ 49 միլիոն տոլար), որմէ իբրեւ հատուցում զոհուած (նահատակուած) եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն տրամադրած է 1,9 միլիառ դրամ։ Այս կենսական առաքելութիւնը կատարող հիմնադրամին Սփիւռքի մասնակցութիւնը շատ շատ չնչին է։
Հիմնական աղբիւրը Հայաստանի քաղաքացիներն են, աշխատավարձ ստացողներէն հաւաքուած ամսական հազար դրամները։ Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին ու անոր տնօրէնին (կը յուսանք, որ Վարուժան Աւետիքեանը կը շարունակէ իր հասարակական հիմունքներով ու գերազանց ձեռնահասութեամբ վարած տնօրէնի աշխատանքը) կ՝առաջարկենք գտնել միջոցն ու դրութիւնը զաւակ ունեցող Սփիւռքահայ ընտանիքները ներգրաւելու այս գործընթացին մէջ, անոնցմէ ամսական յատկացում ապահովելով։
Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու սրբազան առաքելութեան ընթացքին նահատակուած կամ հաշմանդամ դարձած զինուորներու ընտանիքներուն արժանապատիւ կեանք ապահովելով հզօրացուցած կ՝ըլլանք բանակը, բարձրացնելով զինուորի ու սպայի կորովը։
Սփիւռքահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կոչ կ՝ուղղենք չսպասել, որ Հիմնադրամի պատասխանատուները դիմեն իրենց, այլ սեփական նախաձեռնութեամբ իրենց կարելի չափով նուիրաբերեն բանակին։
Նուիրատոութիւնները փոխանցելու համար կրնաք այցելելhttps://www.1000plus.am/hy/ կայք։
Facebook-Apo Boghigian