ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 17 Մայիս 1907. Աղթամարի երկրորդ կռիւը Ֆետայիները բռնելու իր անկարողութենէն կատաղած՝ թրքական զօրքը քանդեց «Ս. Խաչ» վանքը եւ կոտորեց անզէն ու անմեղ վանական-անձնակազմը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
17 Մայիս 1907. Աղթամարի երկրորդ կռիւը.
Ֆետայիները բռնելու իր անկարողութենէն կատաղած՝ թրքական զօրքը քանդեց «Ս. Խաչ» վանքը եւ կոտորեց անզէն ու անմեղ վանական-անձնակազմը
Ն. Պէրպէրեան
17 Մայիս 2020
Մայիս 17ի այս օրը, 113 տարի առաջ, Վանայ լիճի Աղթամար կղզին ապաստանած դաշնակցական ֆետայիներ, թրքական զօրքի ռազմանաւերուն կողմէ երկու օր պաշարման տակ իյնալէ եւ անհաւասար ուժերով կենաց-մահու կռիւ մղելէ ետք՝ հերոսական գրոհով յաջողեցան, ձկնորսական նաւակով, ճեղքել թշնամիին ռազմական ուժը եւ դուրս գալ ծովուն բացերը։
Մայիս 15էն սկսեալ՝ երկու օր շարունակ թրքական ռազմական նաւերէն ռումբերու եւ փամփուշտներու տարափով կրակ բացուեցաւ ֆետայիներուն վրայ, որոնք սակայն ահեղ դիմադրութիւն ցոյց տուին, թշնամին հեռու պահեցին ցամաքէն եւ Մայիս 17ի առաւօտեան վաղ ժամերուն, կղզիի արեւելեան կողմէն, իրենց նաւակով անվնաս հեռացան…
Թրքական զօրքը աւելիով կատղեցաւ, երբ դիմադրութեան չհանդիպելով կղզի իջաւ եւ յառաջացաւ «Ս. Խաչ» վանքի ու եկեղեցւոյ ուղղութեամբ, բայց ոչ մէկ ֆետայի գտաւ իր դիմաց։
Ռմբակոծուած ու ծանրօրէն վնասուած էր եկեղեցին, բարձր գմբէթը ուղղակի քանդուած էր եւ շուրջ հազարամեայ եկեղեցին հիմնովին աւերուած էր…
Բայց անարգ թշնամին այդքանով չբաւարարուեցաւ եւ իր մաղձը թափեց վանքին մէջ գտնուող «5 դպրոցական որբերու, 1 վարդապետի, 2 հացարար կնոջ եւ 2 սպասաւորներու վրայ։
Չարարչար ծեծելով եւ նեղելով զանոնք՝ գնդակահար կը սպաննեն 1 աշակերտ եւ 1 սպասաւոր, որոնցմէ մին ալ, ի տես զօրաց անգութ եւ ահռելի արարքներուն, ինքզինք ծով կը ձգէ, եւ ի վերջոյ նաւավարներու միջոցով կ՚ազատուի՝ խելագարուած»… ինչպէս որ օրին Աղթամարէն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին ուղղուած պաշտօնական տեղեկագիրը կ՚ընդգծէ։
*
* *
Աղթամար կղզին առաջին անգամը չէր, որ ռազմաճակատի կը վերածուէր հայ ֆետայիներու դէմ թրքական զօրքերու յարձակման հետեւանքով։
Առաջինը եւ աւելի տարողունակ կռիւը տեղի ունեցած էր Օգոստոս 1904ին, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան աւարտին՝ Դաշնակցութիւնը որոշեց, որ եկուոր ֆետայիները հեռանան Սասունէն։
Այդ ժամանակ, Աղթամար կղզիին վրայ տեղի ունեցաւ Սասնոյ, Մշոյ եւ Վասպուրականի դաշնակցական ղեկավարութեան ընդլայնուած ժողովը՝ ապստամբութենէն ետք ստեղծուած ընդհանուր վիճակը քննելու եւ, այդ լոյսին տակ, հետագայ քայլերը որոշելու եւ համադրուած գործելու համար։
Իսկ երկրորդը պատահեցաւ 1907ի Մայիսին, երբ դաշնակցական ֆետայիներ պարզապէս ապաստանեցան Աղթամար կղզին՝ խոյս տալով Վանի նոր կուսակալին ձեռնարկած հետապնդումներէն։
Համիտեան բռնատիրութեան վերջալոյսի հակահայ կատաղութեան եւ արնածարաւ գալարումներու փուլն էր արդէն։
Հայկական գաւառներուն մէջ յեղափոխական շարժումը իր ուժեղացման եւ ընդարձակման գագաթնակէտին էր եւ Համիտ հարկը կը զգար գրգռութեանց նոր պատրուակի մը, որպէսզի նորովի թափով կրկնէր 1894-1896ի եւ 1904ի կոտորածները։
Վանի նորանշանակ կուսակալը Եըլտըզ պալատի ճիշդ այդ հրահանգը կը գործադրէր՝ մէկ կողմէ հարկահաւաքներու միջոցաւ նեղելով եւ գրգռելով սովահար մեր ժողովուրդը, իսկ միւս կողմէ ըմբոստացման նուազագոյն դէպքն իսկ եւրոպացի հիւպատոսներուն ներկայացնելով իբրեւ ֆետայական խռովութիւններ, որոնց իբր թէ հատու պատասխան տալու հարկադրանքին… ինք կ՚ընդառաջէր պարզապէս։
Ահա՛ այդ պայմաններուն մէջ, յատկապէս Վանի շրջակայ գիւղերուն մէջ, թրքական զօրքի գործած խժդժութեանց դէմ ըմբոստացած հայ ֆետայիները ստիպուած եղան հետապնդումներէ խոյս տալու համար ապաստանիլ Աղթամար կղզին։
*
* *
Ինչպէս որ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի Յունիս-Յուլիս 1907ի համարով լոյս տեսած եւ Վանէն ղրկուած սեփական թղթակցութիւնը կը վկայէ՝
«Լուսաբացին լուր են տալիս, որ մատնուած ենք…
«Մենք ունէինք մեր տրամադրութեան տակ միայն մի փոքրիկ նաւակ, որ հազիւ 5-7 մարդ կարող էր վերցնել։
«Պատուիրում ենք, որ շուտով երկու տակառ պատրաստեն, որպէսզի հէնց առաջին յարմարութեանը՝ կղզուց դուրս թռչնէինք։
«Այդ րոպէին քաղաքի կողմից երեք նաւ են գալիս եւ նոյնիսկ յանկարծ լսւում է պատերազմական փողի ձայնը։
«Մեզ համար այլեւս անհնար է ծով դուրս գալ։ Վճռում ենք մի կերպով ձգձգել, մինչեւ որ մութը վրայ հասնի։ Տղաներին բաժանում ենք դիրքերի վրայ եւ հրահանգում, որ առանց մեր կարգադրութեան որեւէ գնդակ չարձակեն»։
«Դրօշակ»ի անստորագիր թղթակցութիւնը բաւական մանրամասն կը նկարագրէ, թէ այդ երկու օրերու ընթացքին թրքական զօրքը ընդհանրապէս բաւարարուեցաւ նաւերու վրայէն ռմբակոծելով կղզին եւ ֆետայական դիրքերը, որոնք միայն հարկ եղած պարագային պատասխանեցին, բայց դիպուկ հարուած հասցուցին։
Թրքական զօրքը փաստօրէն կը սպասէր խոստացուած յաւելեալ զօրքի եւ նաւերու ժամանումին։
Մինչեւ երկրորդ օրուան կէսօրը ընդհատ կրակոցներ պատահեցան։
Բայց երբ 9 նաւերով շուրջ 1000 յաւելեալ զօրքը հասաւ, կատաղի կռիւ սկսաւ, որ տեւեց մինչեւ գիշերուան մութ իջնելը։ Թրքական նաւերը հազիւ հեռացան ծովու բացերը՝ վիրաւորները ցամաք ղրկելու եւ նոր ռազմամթերք բերելու մտքով, ֆետայիները արագ շարժեցան եւ կղզիի պաշարման օղակէն դուրս գտնուող մասէն հեռացան դէպի ապահով ափ։
Մայիս 17ի առաւօտուն, տակաւին զգուշօրէն շարժելով, թրքական զօրքը անցաւ ընդհանուր յարձակողականի եւ առանց դիմադրութեան իջաւ ցամաք ու հասաւ «Ս. Խաչ»՝ անդրադառնալու համար, որ ոչ մէկ ֆետայի մնացած էր…
Այնուհետեւ պատահածը՝ անզէն ու անպաշտպան հայեր կոտորելու թրքական տմարդութեան ու բարբարոսութեան ծանօթ պատմութիւն է։
*
* *
Թրքական զօրքի գործած անարգ սպանդին մասին կ՚արժէ խօսքը տալ Պոլիս՝ Հայոց Պատրիարքարան եւ անձամբ Օրմանեան Պատրիարքին ուղղուած տեղեկագրին.-
«Չը նայած, որ յեղափոխականներ շէնքէն դուրս, կղզիին բարձր եւ անջատ ծայրին վրայ կը կռուէին՝ պաշտօնէութիւնը (զօրքը – Ն.Պ․), հակառակ խղճի եւ օրինաց, ուղղակի շէնքեր ռմբակոծեց, 60 հատ ռումբ արձակելով հոն, որով շէնքերու մէկ մասը խարխուլ եւ փլած վիճակի մատնուեցաւ, իսկ որ ցաւալին է, պայծառ տաճարի կաթողիկէի գլուխը՝ խաչով հանդերձ՝ մէկ մարդահասակէն աւելի, քշուած է ռումբէն, ուսկից անձրեւի ջուրը ներս հոսելով, մէկ քանի տարիէն պիտի փճացնէ հազարամեայ փառաւոր հնութիւն մը»։
Ապա, գրաւման զօրքի պէս վանք մտած եւ բառին բուն իմաստով ալան-թալան կատարած, սրբութիւններ պղծած ու անօգ երեխաներ եւ ծերունիներ խոշտանգած թուրք զինուորներու գործած վայրագութիւնները նկարագրելէ ետք, տեղեկագիրը կ՚եզրափակէ.-
«Ի՜նչ իրաւունք է, որ անմեղ ժողովուրդը զանազան դառն աղէտներու մատնուի, դպրոցական խեղճուկ որբեր մորթուին, եկեղեցւոյ մեծաքանակ սպասներ կողոպտուին՝ յեղափոխականաց պատրուակով։ Ի՞նչ ընէ ժողովուրդը, որ իր կամքէն անկախ յեղափոխականներ կը մտնեն այսպիսի տեղեր. ինչո՞ւ պիտի տուժէ անմեղը, երբ անոր քով չը գտնուի նոյնիսկ մի վնասակար թուղթ, թերթ, գրուած մը կամ զէնք մը»…
Խե՜ղճ հայ հոգեւորականութիւն, որ ստիպուած էր Սուլթանին առջեւ հիմնաւորում փնտռելու իր անմեղութեան համար, երբ շատ լաւ գիտէր, որ նոյնինքն Սուլթանը ի՛նք մեծագոյն ոճրագործն էր եւ որեւէ պատրուակ կը փնտռէր՝ անզէն ու անմեղ հայութիւնը ահաբեկելու եւ հայրենի իր բնօրրանէն կա՛մ բնաջնջելու, կա՛մ ընդմիշտ հեռացնելու համար։
Աղթամարի 17 Մայիս 1907ի կռիւն ու անոր հետեւած թրքական բարբարոսութիւնը անջնջելի կը մնան հայոց ազգային յիշողութեան մէջ։
Ո՛չ ոք իրաւունք ունի նորահաս մեր սերունդները զրկելու հայոց պատմութեան այդօրինակ դաժան ու արիւնոտ դասերուն ուշադիր մնալու եւ, այդ ներշնչումով, անարգ թշնամիի սադրաքներուն եւ հարուածներուն դէմ միշտ զէնքի պատրաստ գտնուելու պահանջատիրութենէն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ