ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 18 Մայիս 1900. Աղբիւր Սերոբի դաւադիր դահիճը՝ Պշարէ Խալիլ մահապատիժի ենթարկուեցաւ Դաշնակցութեան որոշումով
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
18 Մայիս 1900.
Աղբիւր Սերոբի դաւադիր դահիճը՝ Պշարէ Խալիլ մահապատիժի ենթարկուեցաւ Դաշնակցութեան որոշումով
Ն. Պէրպէրեան
18 Մայիս 2020
«Սպաղանքի աւերիչ եւ ՍԵՐՈԲի սպաննող Պշարի Խալիլ աղան, որ սուլթանէն պատուանշան ստացած էր ի վարձատրութիւն իր կատարած չարագործութիւնների համար, Մուշէն երեք ժամ հեռու, «Դաշնակցութեան» հրոսակներու ձեռքով սպաննուած է, իր երկու թիկնապահներուն հետ միասին։ Նոյն հրոսակները սպաննած են նաեւ Սերոբի դաւաճանները՝ Գետաշէնցի Աւէն, անոր աներձագը՝ Շէնըքցի Կարապետ Առքոյեանը եւ ուրիշներ»։
Յեղափոխական այս ազդով՝ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ», իր Մայիս 1901ի համարով, հայ ժողովուրդին կը տեղեկացնէր ահաբեկումը Տարօնի Առիւծին դաւադրական սպանութեան բոլոր պատասխանատուներուն։
Եւ այդպէս՝ 18 Մայիսը, 120 տարի առաջ, հայոց ազգային յիշողութեան մէջ արձանագրեց նշանակալից եւ անմոռանալի էջ մը։
1900ի Մայիս 18ին դաշնակցական ֆետայիները արդար վրէժը լուծեցին Սերոբ Աղբիւրի դաւադրաբար սպանութեան եւ գլխատումին։
Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի եւ Սպաղանաց Մակարի գլխաւորութեամբ, Հայոց անմահ Քաջերը գործադրեցին Պշարէ Խալիլը մահապատիժի՝ ահաբեկման ու գլխատման ենթարկելու Դաշնակցութեան որոշումը։
Հայ ժողովուրդին մարտունակութիւնը մարմնաւորող կուսակցութիւնը չէր կրնար անպատիժ ձգել 1 Նոյեմբեր 1899ին Սերոբ Աղբիւրի դէմ գործուած անարգ ոճիրը։
Անարգ ոճիր էր գործուածը, որովհետեւ Սուլթան Համիտի կամակատար քիւրտ ցեղապետը՝ Պշարէ Խալիլ այլապէս, զինու զօրութեամբ, ի վիճակի չեղաւ պարտութեան մատնելու Սասնոյ մեծ հայդուկապետը՝ Աղբիւր Սերոբը։
Ճարահատ՝ թրքական զօրքի քիւրտ հրամանատարը դիմեց դաւադրութեան։ Նիւթական մեծ պարգեւի խոստումով՝ գտաւ հայանուն դաւաճան ու մատնիչ մը՝ Աւէ անունով, որուն յանձնարարեց Սերոբ Աղբիւրը իր տան մէջ հիւրասիրել եւ ծխախոտով թունաւորել…
Աւէ եւ եղբայրը գործադրեցին դաւադիր ծրագիրը։ Թունաւորուած եւ վատոյժ վիճակի մատնուած՝ Սերոբ, իր ընտանիքով ու զէնքի ընկերներով, անմիջապէս շրջապատուեցաւ քիւրտ ցեղապետ Պշարէ Խալիլի զօրքին կողմէ։
Առիծասիրտ Սերոբ իր ընկերներով մինչեւ վերջին շունչ կռուեցաւ դաւադիր ոսոխին դէմ եւ ինկաւ զէն ի ձեռին։
*
* *
Արիւնարբու սուլթանին՝ Համիտի ձեռնասուն Խալիլ Աղան չբաւարարուեցաւ Սերոբի սպանութեամբ, այլեւ գազանաբար գլխատեց Սասնոյ քաջարի հերոսին մարմինը եւ, ցիցի վրայ դնելով Սերոբի գլուխը, Բաղէշի հրապարակին վրայ ցուցադրութեան առարկայ դարձուց՝ բարոյապէս ահաբեկելու համար հայ ժողովուրդն ու անոր ազատագրութեան համար զէնք բարձրացուցած հայ քաջորդիները։
Հայկական Ազատամարտի անպարտելիութեան խորհրդանիշ ՍԵՐՈԲ ԱՂԲԻՒՐն էր, որ ծանրագոյն հարուածի տակ առնուեցաւ այդպէս՝ դաւադրաբար սպաննուելով եւ անարգական ցուցադրութեան առարկայ դառնալով։
Նահատակուեցաւ Ախլաթի ծնունդ անմահ քաջը՝ Սերոբը, որ «Սուլթանի երկրին մէջ առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք» իր ամէնօրեայ պատգամով՝ Սասնոյ լեռներուն վրայ բոցավառած էր հայ յեղափոխական շարժման գաղափարական մեծ խարոյկը։
Նահատակուեցաւ հայ ֆետայական շարժման անվիճելի առաջնորդը, որուն յիշատակին հայ գուսաններն ու բանաստեղծները երգեցին՝
Նեմրութայ սարը հազար ակն ունի՝
Հազարն էլ Մշու դաշտն ի վայր կ՚երթայ –
Մենակ Սերոբի աղբիւրը սրտի
Խեղճ ժողովուրդի սրտին մէջ կ՚երթայ –
Ազատ օրերի, դալար օրերի
Ծարաւ ժողովուրդի սրտին մէջ կ՚երթայ…
Ո՛չ դաւաճան-մատնիչը, ոչ ալ դահիճը կրնային խուսափիլ հայ ժողովուրդի արդար դատաստանէն։ Անպատիժ պէտք չէ մնային։
Հայ ժողովուրդը արդար վրէժ կը պահանջէր։
Հայ ֆետայական շարժման պայծառ ճակատէն պէտք էր սրբել Սերոբի մատնութեան եւ գլխատման պատասխանատուներուն անպատժելիութեան ամօթի սեւ մուրը։
Եւ Դաշնակցութիւնը որոշեց դաժանագոյն պատիժի ենթարկել դաւաճան Աւէն ու Պշարէ Խալիլը։
Եւ Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ ու Սպաղանաց Մակար առաջնորդեցին հայ ֆետայիներու վրիժառու խումբը՝ նախ դաւաճան-մատնիչը, ապա եւ դահիճը ահաբեկելով։
*
* *
Ինչպէս որ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ» ատենին, 1901ի իր 7րդ՝ Սեպտեմբերի համարին մէջ, Սերոբ Աղբիւրի կենսագրութեան նուիրուած յօդուածաշարքի եզրափակիչ մասով կը նկարագրէ՝
«․․․Քանի մը ամիսներ անցած՝ հայդուկները գիշեր մը մտան դաւաճան Աւէի տունը, ուր պատահմամբ կը գտնուէր նաեւ իր մեղսակից եղբայրը։ Մոմերը վառած՝ սկսան հարցաքննել։
Աւէն անկապ խօսքեր կը թափթփէր բերնէն. դաւաճանութեան մասնակից քանի մը հայերու անունները տալէ ետք՝ լեզուն կապուեցաւ։ Երեսուն գնդակներ մաղ-մաղ ըրին անոր մարմինը. վիրաւորեցին անոր որդին եւ սպաննեցին մեղսակից եղբայրը։
Ժողովրդի սրտին համապատասխան այդ արդար եւ ճշմարտապէս հայրենասիրական վրէժը երկինք ու երկիր ուրախացուց»…
Բայց դաւաճան-մատնիչներուն մահապատիժը միայն սկիզբն էր երկանց։
Արդարագոյն Վրէժի բուն թիրախը քիւրտ ցեղապետ Պշարէ Խալիլ աղան էր, որ դարձեալ «Դրօշակ»ի վկայութեամբ՝ եղած էր «Սասունի կոտորածի ժամանակ առաջին դեր խաղացողը, Սպաղանքի կոտորածին հերոսը եւ Սերոբի վրայ յարձակող ուժին առաջնորդը։ Ամբողջ Սասունը ա՜խ կը քաշէր անոր ձեռքէն, որուն կուրծքը սուլթան Համիդ պատուանշաններու տակ խեղդած էր։
«Այս մարդը քայլ չէր փոխեր, որ հայերուն դժբախտութիւն մը չպատահէր։ Հայդուկները առիթ համարեցին այդ գազանին արիւնը խմել։ Երեսուն հոգիէ բաղկացած հայդուկային խումբը, Անդրանիկի – որ իրեն նշանաբան ընտրած է չխնայել թշնամուն -, Սպաղանքի գիւղապետ Մակարի եւ Սեդրակի առաջնորդութեամբ, բռնեցին հրէշը Մառնիկ եւ Հաւատորիկ գիւղերուն մօտ իր ութ ոստիկաններով եւ երեք հայ ծառաներով, որոնք աղային իբր գրաստ կը ծառայէին՝ անոր գոյքերը կրելով։
«Խալիլ աղան ուզեց փախչիլ. վրիժառու գնդակը հասաւ եւ անոր ձին գլորեց. աղան հետիոտն ճողոպրիլ ուզեց։ Հայդուկները հասան ետեւէն. երբ բռնեցին, արդէն լեզուն կապուած էր։
Գործած բոլոր ոճիրները, գազանութիւնները, անօրէնութիւնները անոր երեսին տալէ ետք՝ առին պատուանշանները, շանսատակ ըրին տեղնուտեղը եւ գլուխն ալ կտրելով՝ շարունակեցին իրենց ճամբան»…
Ահա թէ ինչպէ՛ս լուծուեցաւ Սերոբ Աղբիւրի վրէժը։
*
* *
Այդպէ՛ս մաքրուեցաւ, դաւաճանութեան եւ դաւադրութեան արատներէն, հայ յեղափոխական շարժման պայծառ ճակատը։
Եւ հայոց սերունդներուն իբրեւ անկորնչելի աւանդ կտակուեցաւ «Սերոբ Փաշայի երգը»՝
Ով որ քաջ է ի՜նչ կը սպասէ,
Արդէն ժամանակն է թող գայ.
Մահ-պատերազմի օրհաս է,
Ով որ անվախ քաջ է՝ թո՛ղ գայ։
Վերջապէս մենք ունինք կռիւ,
Զէնքով պիտի մաքրենք հաշիւ,
Մեր հայրենեաց փառքն ու պատիւ,
Սերոբ փաշան սիրողը թո՛ղ գայ։
18 Մայիս 1900ին, Սերոբ Աղբիւրի դէմ գործուած դաւադրական ոճիրին արժանի հակահարուած տալով՝ Դաշնակցութեան կարմիր դրօշով կռուի դաշտ նետուած եւ «Մահ կամ Ազատութիւն» երդումով անպարտելի դարձած Անդրանիկ եւ ընկերները հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ արեամբ ամրագրեցին ճշմարտութեանց գերագոյնը՝
Հայ յեղափոխականներու արդար Դատաստանէն խուսափում չկայ։
Արեամբ գրուած իր այս անջնջելի պատգամով՝ 18 Մայիս 1900ը կը խորհրդանշէ սեփական պատմութեան ու ազգային յիշողութեան հետ՝ Հայաստանի պայծառ ապագային հաշւոյն հաշուի նստելու, հայ ֆետայիներու արդարադատ պայքարի ուղին անվեհեր շարունակելու եւ վերանորոգ թափով յաղթանակի առաջնորդելու հայոց սերնդակերտ ուխտը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
«…Ո՛չ դաւաճան-մատնիչը, ոչ ալ դահիճը կրնային խուսափիլ հայ ժողովուրդի արդար դատաստանէն։ Անպատիժ պէտք չէ մնային։
Հայ ժողովուրդը արդար վրէժ կը պահանջէր։
Հայ ֆետայական շարժման պայծառ ճակատէն պէտք էր սրբել Սերոբի մատնութեան եւ գլխատման պատասխանատուներուն անպատժելիութեան ամօթի սեւ մուրը։
Եւ Դաշնակցութիւնը որոշեց դաժանագոյն պատիժի ենթարկել դաւաճան Աւէն ու Պշարէ Խալիլը։
Եւ Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ ու Սպաղանաց Մակար առաջնորդեցին հայ ֆետայիներու վրիժառու խումբը՝ նախ դաւաճան-մատնիչը, ապա եւ դահիճը ահաբեկելով։»
Կարպիս Եսայեան