ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ – Հայ Կեանքը, Ներսը Եւ Դուրսը. Գաղափարներ, Կարծիքներ Եւ Պատմութեան Յիշեցում
20 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Յ. Պալեան
Երբեմն կանգ պէտք է առնել, դիտել ու դատել ժողովուրդները եւ անհատները՝ անոնց աղաղակած գաղափարները լսելով: Անոնք այնքա՜ն կը սիրեն ազատութիւնը, անոր մասին ճառել, որուն համար պայքարներ կը մղեն, յեղափոխութիւն կ’ընեն, կը զոհուին եւ զոհեր կը խլեն, բայց միշտ ալ յուսախաբութիւններու առջեւ կը գտնեն իրենք զիրենք եւ կը վերսկսին ազատութիւն(ներ) նուաճելու արշաւը:
Ազատութիւն(ներ), պետութիւն, օրէնք, կուսակցութիւններ, տեսութիւններ, վարդապետութիւններ, ժողովրդավարութիւն, կը շնչեն եւ կը բախին ղեկավարումի ցանցին մէջ, ուր կը ծնին եւ կը կորսուին ընտրանիներ, յեղափոխականներ, ինքնակալներ: Բարեկարգումի, յեղափոխութիւններու, աւելի լաւը նուաճելու արշաւները կը յանգին նոր իշխանութեան մը հաստատման, կամ իշխանական դիրքի գրաւման, սպասելով յաջորդ արշաւը:
Մոգական չհինցող գաղափարներ եւ բառեր կան, որոնց գիւտը կը կարծէ ընել իւրաքանչիւր սերունդ. ազատութիւն, հաւասարութիւն, արդարութիւն…:
Ազատութեան մասին կը խօսին ճնշողները եւ ճնշուածները:
Կը խաբենք եւ կը խաբուինք, թաքնուելով ընկերային կազմակերպութեան պահանջած-թելադրած ենթադրեալ հրամայականներուն ետին: Յեղափոխութիւնները ծնունդ կու տան ղեկավարումի ցանցերու, ընտրանիի, իր անունը թաքցնող էսթէպլիշմընթի, վերնախաւի, դասակարգի:
Ընկերային կազմակերպութիւնը հնարած է սկզբունքներ, որոնք կը խմբուին ընդհանուր առումով տնտեսութիւն գլխուն տակ, որ տիրելու հզօրութիւն է, որուն տրամաբանութիւնը հաշուապահութիւն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ ինչ ալ ըլլան տեսական-տեսաբանական կարգախօսները, որոնք կ’արդարացնեն պայքարները:
Մի՛շտ՝ յանուն սկզբունքներու:
Ազատութիւնը կը վերածենք մեծամասնութեան կամքի, ընտրանքի, այն ենթադրութեամբ՝ որ մեծամասնութեան կը պատկանի ճշմարտութեան մենաշնորհը:
Հաւաքական կեանքը, փոքրագոյն ընկերային բջիջէն սկսեալ, որ ընտանիքն է, մինչեւ ցեղախումբը, գիւղը, քաղաքը, երկիրը, բանակը, դպրոցը, պետութիւնը, աշխատավայրը, թատրոնի սրահը, մարզադաշտը, հոն՝ ուր մարդիկ միասին կ’ըլլան, կ’ընդունին օրէնքներ, որոնք կ’ենթադրեն ազատութեան սահմանափակում՝ ընդհանուրի շահի եւ ցանկութեան պաշտպանութեան ամպհովանիին տակ:
Իսկ օրէնքը երկու դէմք ունի. սահմանափակել ազատութիւն(ներ)ը եւ պաշտպանել զանոնք:
Ընկերութիւնները եւ պատմութիւնը հիւսուած են այս զոյգի ճօճանակի շարժումին մէջ, որուն ետ-առաջ տատանումներու ընթացքին, անհրաժեշտ համարուած, հանդուրժուած եւ անհանդուրժելի չարիքներ գործուած են: Դատապարտուած եւ վերսկսած:
Պատմութեան օղակը չէ փակուած, հակառակ ընդունուած եւ փառաբանուած արժէքներու եւ օրէնքներու, պահ մը մեզ յուզած եւ յուզող իզմերու եւ իսդերու, որոնց ետին միշտ կը մնան փառասիրութիւններ, շահախնդրութիւններ, եսեր, մեր նախնականութիւնը: Կացութիւն՝ որուն համար Պլէզ Փասքալ ըսած էր. «Մարդ ոչ հրեշտակ է ոչ անասուն, եւ դժբախտութիւնը այն է, որ երբ ան ուզէ հրեշտակ ըլլալ, կ’ըլլայ անասուն» (L’homme n’est ni ange ni bête, et le malheur veut que qui veut faire l’ange fait la bête, Blaise Pascal, 1623-1662):
Հակառակ ըսուածի եւ տպաւորիչ յայտարարութիւններու, մարդը բնութեան մաս կը կազմէ, եւ ցարդ չէ յաջողած բնութեան օրէնք կեանքի պայքարէն անջատուիլ, իր մէջ միշտ կայ առաւել կամ նուազ չափով արթուն-քնացող գազանը: Այսինքն՝Հոպզի «մարդը մարդուն գայլն է» իրատեսական-յոռետեսութիւնը մեր գոյութենական խնդիրն է, հակառակ բարոյականացման մեծ գաղափարներու եւ պատմութեան ընթացքին յայտնուող օրինակելի մարդոց:
Այս կացութիւնը իր օղակին մէջ առած է կազմակերպական-ղեկավարական ընթացք քաղաքականութիւնը, ներառնելով տնտեսութիւնը, համատեղ՝ պատմութիւն, զոր կ’արձանագրենք, կ’ուսուցանենք, կը վկայակոչենք նոյն եւ տարբեր ընտրանքներ արդարացնելու համար, որոնք ճիշդ կը թուին մէկուն եւ անճիշդ՝ միւսին: Ճիշդ՝ այսօր, վաղը՝ քննադատելի, անճիշդ: Որքան ալ ըլլան գեղեցիկ մեզ յուզող գաղափարները, տնտեսութիւն-հաշուապահութեան կը պատկանի վերջին խօսքը, որ իր ընձեռած միջոցներով, տնտեսութիւն-հաշուապահութեան ճամբով, հակակշռողին, անհատին, հաւաքականութեան, ընդլայնելով՝ պետութեան տիրելու ուժն է, որ կը հակակշռէ տնտեսութիւնը, նոյն հունով հակակշռելով-առաջնորդելով մարդն ու մարդկութիւնը:
Խորհրդային յեղափոխութիւնը չիրականացուց արդար բաշխումի իր խոստումները, ծնունդ տուաւ նոր անունով դրամատիրութեան, ըսին, լսեցինք, պետական դրամատիրութիւն, capitalisme d’Etat: Եթէ դասական դրամատիրութիւնը անհատներու շահագործում եւ իրաւազրկում է, պետական դրամատիրութիւնը զանգուածային շահագործում եւ զանգուածի իրաւազրկում դարձաւ: Զոյգ պարագաներուն ալ, համակարգին (système) մէջ իր փափուկ անկողինը չգտնողը միշտ կը ճզմուի: Կ’ըլլան եւ պիտի ըլլան շահագործողներ եւ շահագործուողներ, տիրողներ եւ տիրապետուողներ, դասակարգ եւ էսթէպլիշմընթ:
Մտածումներու այս շրջանակին մէջ, միշտ ներկայ են ազատութիւն եւ ազատութիւններ եզրերը, անոնք վերաբերին անհատին, հաւաքականութեան, երկրին եւ Պետութեան: Պայքարներէ ետք, կու գայ ճշմարտութեան ժամը, երբ մեծ գաղափարներու կրողները յաճախ կ’որդեգրեն տրամագծօրէն հակառակ ընթացք, ազատութիւնը կը դառնայ իշխանութիւն, որուն ծիներուն մաս կը կազմէ դիրքի չարաշահումը եւ անփոխարինելութեան առասպելը, եւ մինչեւ յաջորդ փոփոխութիւնը ամբոխները կը կոչուին ծափահարելու դերին, կը մասնակցին ամբոխահաճութեան թատրոնին, տիրոջ եւ ստրուկի դասական դերերով:
Այս տողերը կը գրէի, երբ հեռատեսիլը սփռեց վաւերական ժապաւէն մը Ռումանիոյ բռնատէր Նիքոլայ Չաուչեսքուի մասին (1918-1989), որ մեկնելով ազգային եւ հակախորհրդային դիրքերէ, դարձաւ բիրտ փառասէր ինքնակալ մը (dictateur), ստրկացուց ժողովուրդը, ծափահարուող անփոխարինելի ղեկավարի փառքին ծառայեցուց ե՛ւ ժողովուրդը ե՛ւ երկրին հարստութիւնը: Ազատութեան եւ ղեկավարումի խորհրդածութիւններու ծիրէն ներս, զարմանալի կրնայ թուիլ Չաուչեսքուին յիշել: Բարեբախտաբար, բոլոր հիւանդագին մեծամիտները, յայտնի եւ թաքուն մեծամիտ-մտագարները (paranoïaques), Չաուչեսքու չեն դառնար, բայց իրենց նեղ շրջանակներուն մէջ նոյնատեսակ փորձութիւններ կ’ունենան:
Մեր իրականութիւնն ալ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), զերծ չէ այս ախտավարակ հոգեբանութենէն, մանրիկ կամ մեծ համեմատութիւններով: Կը բաւէ դիտել եւ հետեւիլ հրապարակի անփոխարինելիներուն, նախախնամականներուն, ինքնահիացման մեծանուններուն, դիրքերու վրայ յաւերժացողներուն: Պէտք է կարդալ Չաուչեսքուի կենսագրականը, կամ գտնել անոր մասին ֆրանսական հեռատեսիլի հաղորդումը: Այս կ’ըլլայ իսկական ծառայութեան եւ համեստութեան վերաորակաւորման առիթ:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ, բոլոր մակարդակներու իշխանութիւնը, թաղապետութենէ մինչեւ գահեր, միշտ ունեցած է եւ ունի փորձութիւն-փորձանք մարդոց նկատմամբ,- անոնք ըլլան միութեան մը, կուսակցութեան մը, երկրի մը քաղաքացիներ,- զանոնք օգտագործելու ըստ վերամբարձ գաղափարներու, տեսակէտներու, այսինքն՝ առաջնորդը անհատը եւ ընկերութիւնը կը համարէ առարկայ, միջոց, կերպարանք տալու համար գաղափարին: Միտումը այն է, որ անհատներու եւ հաւաքականութիւններու կեանքը պէտք է կազմակերպել ըստ պատկերացման մը: Այդ նպատակով, անհատ մը կամ խումբ մը կ’ուզէ տիրանալ կամ կը տիրանայ իշխանութեան, իրականացնելու համար այն՝ որ ի՛ր արդարն է, ի՛ր ճշմարիտը: Բայց ի՞նչ կ’ըսէ պատմութիւնը. նոր իշխանութիւնը, իր կարգին, կը սահմանափակէ ազատութիւնը, ըստ իշխելու տրամաբանութեան, կ’առաջնորդէ հաւաքականութիւնը, կը ծնի անբաւարարութեան նոր գիտակցութիւնը, այսինքն՝ փոփոխութեան պահանջը: Իւրաքանչիւր ղեկավար, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, ձեւով մը ստեղծագործող է, ինչպէս նկարիչը, քադակագործը, յօրինողը, առարկան մարդն է, ընկերութիւնը, բայց այդ ստեղծագործական ճիգի ընթացքին կը մոռցուի մարդը: Ենթադրեալ լաւի ստեղծան համար ղեկավարի ինքնաշնորհուած ազատութիւնը կ’անտեսէ միւսին ազատութիւնը:
Բոլոր մակարդակներու կազմակերպական փորձը եւ քաղաքական միտքը յաջողելու համար կ’ընտրէ պարտադրելու ուղին, ինչ որ կը նշանակէ հակադրուիլ ազատութիւն-ազատութիւններ յարափոփոխ եւ բարդ իրականութեան: Քաղաքականութիւնը ազատութիւն-ազատութիւններ սահմանափակելու արշաւին մէջ, իր արդարացումը կը գտնէ իրաւ կամ ենթադրուած մեծամասնութեան կամքին մէջ (ժողովրդավարութիւն), կամ՝ ինքնակալութեան-մենատիրութեան մէջ (dictature):
Այս ահեղ խաղին մէջ, մարդիկ միշտ ալ երազած են բարոյական արժէքներու մասին: Արձանագրուած են գեղեցիկ խօսքեր եւ տարազներ: Էմմանուէլ Քանթ ըսած է. «Գործէ՛ այնպէս, որ որ արարքիդ կանոնը կարելի ըլլայ, քու կամքովդ, դարձնել տիեզերական օրէնք, գործէ՛այնպէս՝ որ դուն քեզ եւ միւսը նկատի ունենաս որպէս նպատակ եւ երբեք որպէս միջոց, գործէ՛ այնպէս՝ որ դուն ըլլաս միաժամանակ օրէնսդիր եւ ենթակայ կամքերու հանրապետութեան մէջ», այսինքն վերջ տալ տիրողի եւ տիրապետուողի դրութեան, հաստատել հաւասարութիւն: Իսկ մարդկութիւնը օր մը կը հասնի՞ անցեալ դարու ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ լը Սէնի խոր իմաստութեան, որուն բանաձեւումով ստեղծուին ընկերային եւ միջազգային յարաբերութիւնները: Ան ըսած է. «Միւսին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»:
Պատմութեան ընթացքին այնքա՜ն հարուածուած մեր ժողովուրդը, ինչո՞ւ այս բարոյականութեամբ եւ իմաստութեամբ պիտի չապրի, պիտի չմշակէ իր ներազգային յարաբերութիւնները, ստեղծելով տոկալու եւ տեւելու հզօրութիւն: Այսօր եւ վաղը: Այս հարցերուն մասին պէտք է մտածել ընկերային-հասարակական կեանքի եւ կազմակերպութեան բոլոր մակարդակներուն, ներսը եւ դուրսը:
Ինչպէ՞ս կենսագործել վերականգնումի հզօր բարոյականութիւնը: Կառչելով պարզ գործնական իմաստութիւններու. ճիշդ մարդը դնել յարմար գործին, սխալը ընդունիլ եւ սրբագրել:
Ճշմարտութիւն եւ իրաւունք կը վերականգնին լուսաւոր քննադատութեան եւ անսեթեւեթ սրբագրութեան պատուանդանին վրայ: Որպէսզի նուազ խարխափենք եւ փուչիկներով չխաղանք:
yerakouyn.com/2020/05/20/հայ-կեանքը-ներսը-եւ-դուրսը-գաղափարներ/