ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 19 Մայիս. Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութեան օրը. Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կառուցուած է հայրենիքներու կործանման եւ ազգերու գերեզմանին վրայ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
19 Մայիս. Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութեան օրը.
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կառուցուած է հայրենիքներու կործանման եւ ազգերու գերեզմանին վրայ
Ն. Պէրպէրեան
19 Մայիս 2020
19 Մայիսը, աշխարհասփիւռ յոյն ժողովուրդին եւ քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան համար, միջազգային ոգեկոչման օրն է Պոնտոսի յոյներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։
Արդէն քանի տարի է, որ նաեւ հայ ժողովուրդը, քաղաքամայր Երեւանէն մինչեւ Եւրոպա ու անդր-ովկիանոսեան ցամաքամասներ, իր կարգին կ՚ոգեկոչէ եւ կը զօրակցի պոնտական յոյներու պահանջատիրական շարժումին՝ ի խնդիր Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանական ոճիրին ճանաչման ու դատապարտումին ինչպէս միջազգային ընտանիքին, նոյնպէս եւ թրքական պետութեան կողմէ։
2011էն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս, պաշտօնապէս, Ազգային Ժողովի նախագահի յայտարարութեամբ՝ իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութեանց շարքին դրած է Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանական բոլոր ոճիրներուն ճանաչման ու դատապարտման հրամայականը, այդ շարքին իր զօրակցութիւնը յայտնելով ճակատագրակից յոյն ժողովուրդին։
Պատմական նշանակութեամբ այդ յայտարարութիւնը կ՚ըսէ.-
«․․․ Հ.Հ. Ազգային ժողովն իր յարգանքի տուրքն է մատուցում Թուրքիայի կողմից 1914-1923թթ. մարդկութեան դէմ իրականացուած ոճիրների հետեւանքով նահատակուած միլիոնաւոր զոհերի յիշատակին։
«19րդ դարի վերջին եւ 20րդ դարի սկզբին, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքներում թուրքական իշխանութիւնները բնիկ ժողովուրդների նկատմամբ իրագործեցին բնաջնջման ցեղասպանական գործողութիւններ:
«Այս ոճրագործ ծրագրի հետեւանքով փոխուեց տարածաշրջանի ժողովրդագրական պատկերը, պատմական բնօրրաններում ոչնչացուեց կամ իւրացուեց այդ ժողովուրդների հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը:
«Այն, որ ցայսօր համընդհանուր ճանաչման չեն արժանացել հայերի, ասորիների ու յոյների նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնները, պատճառ է դարձել, որ աշխարհի տարբեր վայրերում իրականացուեն նորանոր ցեղասպանութիւններ, եւ այս շղթան դեռ փակուած չէ:
«Իրենց հերթին, թուրքական իրերայաջորդ կառավարութիւնները մերժում են ճանաչել իրենց նախորդների կողմից իրականացուած ցեղասպանութիւնները՝ խեղաթիւրելով պատմական փաստերը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը աշխարհի խորհրդարաններին կոչ է անում.
«Յանուն պատմական արդարութեան վերականգնման, հետագայ ցեղասպանութիւնների կանխման եւ ազգերի միջեւ բարի-դրացիութեան հաստատման՝ ճանաչել եւ դատապարտել հայ, ասորի եւ յոյն ժողովուրդների նկատմամբ անցած դարասկզբին Թուրքիայում իրականացուած ցեղասպանութիւնները»:
*
* *
Հելլէնական հինաւուրց քաղաքակրթութեան վերապրող վկան էր Սեւ Ծովու հարաւ-արեւելեան ափունքին տարածուած յունական Պոնտոսը, որ մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումը կը հանդիսանար, իր նաւահանգիստ-քաղաք Տրապիզոնով, Փոքր Ասիոյ առեւտրական ամէնէն կենսունակ կեդրոններէն մէկը։
Բայց թուրք կայսերապետական մտածողութիւնը, անկումի եւ փլուզման իր վախճանական փուլին հասած Օսմանեան Կայսրութիւնը «փրկելու» ցեղապաշտական քաղաքականութեամբ, յղացաւ եւ Ա. Աշխարհամարտի ընձեռած «յարմար պահուն» գործադրութեան դրաւ թրքական տիրապետութեան տակ ապրող ազգային միաւորները՝ ինչպէս հայ, նոյնպէս եւ յոյն ու ասորի ժողովուրդները բնաջնջելու ցեղասպանական հրէշային ծրագիրը։
1914էն 1923, հաւասարապէս թէ՛ իթթիհատական եւ թէ քեմալական իշխանութեանց օրով, յաջորդական տեղահանութիւններով ու կոտորածներով, թրքական պետութիւնը ամբողջապէս յունաթափ դարձուց Պոնտոսը։
Ինչպէս որ Օսմանեան Կայսրութեան մօտ Մ. Նահանգներու ատենի դեսպանը՝ Հենրի Մորկընթաու գրեց օրին, «Հայերը Թուրքիոյ ենթակայ միակ ժողովուրդը չէին, որ տառապեցան Թուրքիան բացառապէս թուրքերու երկիրը դարձնելու թրքական քաղաքականութեան հետեւանքով։ Հայերու մասին իմ պատմած վկայութիւնները, որոշ պատշաճեցումներով, ես կրնամ կրկնել նաեւ յոյներուն եւ ասորիներուն համար»։
Աւելի քան կէս միլիոն պոնտոսցի յոյն զոհ գնաց թրքական իշխանութեանց պետականօրէն գործադրած ցեղասպանութեան, որ միեւնոյն բեմագրութեամբ եւ վայրագրութեամբ ի կատար ածուեցաւ հաւասարապէս ե՛ւ հայերուն, ե՛ւ յոյներուն, ե՛ւ ասորիներուն դէմ։
1914ին սկսաւ զինուորագրումը այսպէս կոչուած «քրիստոնեայ» քաղաքացիներու երիտասարդ տղամարդոց, որոնք դաւադրաբար խմբուեցան «աշխատանքի ջոկատներու» մէջ եւ հետեւողականօրէն կոտորուեցան։
Այնուհետեւ, իբր թէ պատերազմական գօտիներէն «քրիստոնեայ բնակչութիւնը» ապահով վայրեր փոխադրելու պատրուակով, թրքական իշխանութիւնները ձեռնարկեցին զանգուածային տեղահանութեան ու տարագրութեանց՝ օրերով հետիոտն քալելու պարտադրանքին տակ դնելով կիներն ու մանուկները, տարեցներն ու անկարները։
Եւ արեան այդ ահաւոր ճանապարհին, ինչ որ «բնական մահը» արագացնող պայմանները չկրցան ընել, այդ գործը «կատարեցին» յատկապէս այս նպատակով զինուած հրոսակային ջոկատները՝ կիները բռնաբարումի տակ սպաննելով, մանուկներն ու ծերերը մորթելով եւ դեռատիները սեփական հարէմները տանելով…
Պոնտոսի յոյներուն դէմ կրկնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ ցեղասպանական «բեմագրութեան» քեմալական փուլը, յար ու նման հայկականին, երբ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք եւ Դաշնակիցներու ձեռնածալ վերաբերումէն քաջալերուած, այսօրուան Թուրքիոյ հիմնադիրը կոտորեց եւ տարագրեց Պոնտոսի յոյներուն վերապրող վերջին բեկորները՝ ամբողջապէս յունաթափ ընելով Սեւ Ծովու հարաւ-արեւելեան ափերը։
Պատմական զուգահեռը պահպանուեցաւ, նաեւ ու մանաւա՛նդ, այդ բոլոր ոճիրներուն նկատմամբ մեծապետական աշխարհին ցուցաբերած քաղաքական վերաբերումին առումով։
Թէեւ 1920ի Սեւրի դաշնագիրը ամրագրեց ինչպէս հայերուն, նոյնպէս եւ պոնտոսցի յոյներուն ցեղասպանութիւնները ճանչնալու եւ դատապարտելու, այլեւ արդար հատուցում իրագործելու միջազգային օրինական պարտաւորութիւնը, այսուհանդերձ՝ 1923ի Լօզանի դաշնագրով այդ ամէնը ուրացումի ենթարկուեցաւ եւ Մուսթաֆա Քեմալ «առօք-փառօք» հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու կործանումին վրայ հաստատեց այլամերժ իրը՝ «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը»։
*
* *
Երկար տասնամեակներ ողջ աշխարհին կողմէ մոռացութեան մատնուեցաւ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը։
Նոյնինքն Յունաստանի Հանրապետութիւնը երկար ժամանակի պէտք ունեցաւ, որպէսզի պաշտօնապէս կարենայ, 1994ին, իր խորհրդարանով որոշում կայացնելու Մայիս 19ը Յունական Ցեղասպանութեան միջազգային ոգեկոչման Օր հռչակելու մասին։
Աւելի քան բնական ու հասկնալի է, հետեւաբար, պատմական այս զուգահեռներու լոյսին տակ, որ մեր օրերուն միասնաբար եւ ձեռք-ձեռքի տուած յառաջ կ՚ընթանան Հայկական, Յունական եւ Ասորական Ցեղասպանութեանց միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման քայլերը։
Այդ առումով գօտեպնդիչ էր Շուէտի խորհրդարանին ծանօթ որոշումը, որ իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցաւ եւ դատապարտեց ինչպէս հայ ժողովուրդին, նոյնպէս եւ պոնտոսի յոյներուն ու Փոքր Ասիոյ ասորիներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած ազգային բնաջնջման ոճիրները։
Ճակատագրի հեգնանքը այն է, որ Թուրքիոյ ցեղասպանական հարուածէն վերապրած ժողովուրդներու մերօրեայ սերունդները, իրենց պետական թէ քաղաքական ղեկավարութեանց որոշակի հոսանքներով, իրենց մէջ չեն գտներ բաւարար ուժն ու կամքը, որպէսզի բիւրաւոր անմեղ նահատակներու ոգեկոչման իրենց ելոյթներուն միացնեն նաեւ արդար պահանջատիրութեան՝ քաղաքական անժամանցելի արդարահատուցման ձայնը։
Յատկապէս Յունաստանի Հանրապետութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր պատանդ դարձած է՝ հիմնական զիջումներու գնով՝ Թուրքիոյ հետ բարի-դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու անհեռանկար քաղաքականութեան։
2008ին նոյն զառիթափին վրայ յայտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ատենի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այսպէս կոչուած ֆութպոլային դիւանագիտութեամբ եւ անոր «մեղքի պտուղը» հանդիսացող Հայեւթուրք Արձանագրութիւններու ստորագրութեամբ։
Բայց հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային, կարելի եղաւ ազգովին վերջ տալ զառիթափին եւ մերժել զիջումներու քաղաքականութեան պատանդ դառնալու կործանարար ուղին։
Հայ ժողովուրդի համազգային այդ զգօնութեան ներշնչումով էր, նաեւ, որ 2011ի Ապրիլ 24ին, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի վերոյիշեալ Յայտարարութիւնը յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութեան.-
«Մեր երախտագիտութիւնն ենք յայտնում այն միջազգային կազմակերպութիւններին, երկրներին, որոնց խորհրդարանները կամ պետական ատեանները ճանաչել ու դատապարտել են 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ համապատասխան վերաբերմունք են դրսեւորել մեզ բախտակից ժողովուրդների ողբերգութիւնների նկատմամբ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը դիմում է Թուրքիայի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններին՝ վերացնելու բոլոր իրաւական, քաղաքական եւ այլ արգելքները, որոնք թոյլ չեն տալիս Թուրքիայի հասարակութեանը անկաշկանդ ձեւով ուսումնասիրելու անցեալը, յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստն ու մարդկութեան դէմ իրականացուած ոճիրում այսօրուայ Թուրքիայի պատասխանատուութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ հետամուտ լինելով Հայոց Ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչմանը եւ դատապարտմանը, այն դիտարկում է ոչ միայն պատմական արդարութեան վերականգնման, այլեւ երկու հարեւան երկրների միջեւ եւ տարածաշրջանում փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի բարելաւման եւ ապագայում նման ոճիրների կանխարգելման համատեքստում:
«Հայաստանի որեւէ յարաբերութիւն Թուրքիայի հետ չի կարող կասկածի տակ դնել հայ ժողովրդի ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման իրողութիւնը: Այն պէտք է ճանաչուի եւ դատապարտուի ողջ առաջադէմ մարդկութեան կողմից»:
*
* *
Տարուէ տարի կ՚աւելնայ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող միջազգային կազմակերպութեանց ու առանձին պետութեանց թիւը։
Իր կարգին Հայաստանի Հանրապետութիւնը, 2015 թուականի Մարտ 24ի Ազգային Ժողովի նիստին, միաձայնութեամբ՝ 117 քուէով որդեգրեց հետեւեալ զօրակցական բանաձեւը.-
«Առաջնորդուելով Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովի 1946 թուականի Դեկտեմբերի 11ին ընդունուած 96 (1) բանաձեւով եւ 1948 թուականի Դեկտեմբերի 9ի Մ.Ա.Կ.ի «Ցեղասպանութեան նախազգուշացման եւ դրա համար նախատեսուած պատժի», ինչպէս նաեւ 1968 թուականի Նոյեմբերի 26ի «Մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնների եւ ռազմական յանցագործութիւնների վաղեմութեան ժամկէտի անընդունելիութեան» մասին Ուխտերով ու Մարդու Իրաւունքների մասին բոլոր այլ միջազգային Աքթերի դրոյթներով ու սկզբունքներով, հաշուի առնելով հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդների` դարերից բխող բարեկամական յարաբերութիւնները` Հայաստանի Ազգային Ժողովը յայտարարում է, որ դատապարտում է Օսմանեան Կայսրութիւնում իրականացուած յոյների եւ ասորիների ցեղասպանութիւնը»:
Հայերու, Պոնտոսի յոյներու եւ Փոքր Ասիոյ ասորիներու պայքարը տակաւին երկար ճամբայ ունի, մինչեւ որ թրքական ցեղասպան պետութիւնը դատաստանի առջեւ հանուի, արդար պատիժ կրէ եւ հատուցում կատարէ նահատակուած երեք ազգերուն։
Կարեւորը միացեալ ուժերով այդ պայքարը յառաջ մղելու վճռակամութիւնն է, որ այսօր վարակած է նահատակ ծնողներուն մարտունակ զաւակները։
Պայքար՝ որ ստոյգ ցեղասպանութենէ վերապրող ժողովուրդներու ներկայ սերունդներուն, պետական ղեկավարութեամբ հանդերձ, կը պարտաւորեցնէ իրենց մէջ գտնելու եւ շարժման մէջ դնելու բաւարար ուժն ու կամքը, որպէսզի բիւրաւոր անմեղ նահատակներու ոգեկոչման միացնեն արդար պահանջատիրութիւնը՝ յանուն ազգային-քաղաքական անժամանցելի արդարահատուցման։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ