ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Եփրեմ Խան (Դաւթեանց, 1868-1912). Ազատութեան եւ Արդարութեան յեղափոխական Հրամանատարը՝ դաշնակցական Հերոսը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
Եփրեմ Խան (Դաւթեանց, 1868-1912).
Ազատութեան եւ Արդարութեան յեղափոխական Հրամանատարը՝ դաշնակցական Հերոսը
Ն. Պէրպէրեան
20 Մայիս 2020
20 Մայիսին հայ ժողովուրդը կ՚ոգեկոչէ մարտիրոսացման տարելիցը իր անզուգական ծնունդներէն՝ Ազատութեան ու Արդարութեան Հերոս դաշնակցական յեղափոխականներէն անկրկնելի Եփրեմի։
108 տարի առաջ, 1912ի մայիսեան այս օրը, երբ Իրանի Սահմանադրական Շարժումը իր վճռորոշ յաղթանակը կ՚արձանագրէր հակասահմանադրական ուժերուն դէմ, Համատան քաղաքի մերձակայքը, դաւադիր գնդակ մը վերջ տուաւ Դաշնակցութեան քաջարի դրօշակիրի կեանքին։
Իրանի Սահմանադրական Ուժերու յաղթական հրամանատարն էր Եփրեմ, որուն ճակատագիրը սակայն վերապահած էր բախտորոշ յաղթանակի պահուն յաւերժութեա՜ն անցնելու հերոսական մահը… յար ու նման նախադէպը արձանագրելով չորս տարի ետք նոյն վախճանը ունեցած իր զէնքի աւագ ընկերոջ՝ անզուգական Քեռիին։
Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշրջանի պատմութեան բախտորոշ էջերէն մէկը կը կազմէ Իրանի Սահմանադրական Շարժումին Դաշնակցութեան բերած աշխոյժ մասնակցութիւնը։
Այդ մասնակցութեան քաղաքական-ռազմավարական դարբինը Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմն էր։ Իսկ մարտական-զինուորական ճակատի վրայ, հայ ազգային-ազատագրական պայքարի հերոսական այդ խոյանքին դրօշակիրը անվիճելիօրէն Եփրեմին էր, որուն ձեռնհաս հրամանատարութեամբ յառաջ մղուեցաւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ Ազատութեան ու Արդարութեան համար մղուած այդ պայքարը։
*
* *
Եփրեմ երեւոյթ է ե՛ւ հայ ժողովուրդի, ե՛ւ Իրանի պատմութեան մէջ։
Միայն Դանիէլ Վարուժանի հանճարեղ գրիչը կրնար Եփրեմ երեւոյթին խորհուրդն ու մեծութիւնը խտացնել այսպէ՛ս.
Դագաղն արդէն փակուեցաւ.- վըրան վարդեր Շիրազի,
Սուր մը հըսկայ, դեռ ջերմիկ, ուրկէ արիւն կը հոսի։
Կափարչին տակ կը նիրհէ, անմահութեամբ սըրարբած,
Շանթն Աստուծոյ՝ խորտակուած։
Զինուորներ լուռ կ՚արտասուեն, թնդանօթները կ՚ողբան
Ահեղ անունը անոր, բարձունքներուն վրայ լերան,
Եւ ձորերուն մէջ՝ իրենց պողպատակուռ երախէն
Կ՚հեղուն արցունք հըրեղէն։
Եփրե՜մ… անունդ աւասիկ քանդակուեցաւ խորասոյզ
Արծիւներուն կուրծքին վրայ, եւ ճակատին վրայ դարուս,
Անուն մ՚որ միշտ կայծակո՛վ փորագրուած պիտի մնայ
Ազատութեան սուրին վրայ։
Երիվարիդ վրայ անցար՝ ինչպէս ամպրոպը կ՚անցնի՝
Տանելով կրակն երկնային իր ծոցին մէջ հոլանի.
Դուն լոկ պատանք ըզգեցար, սըփռեցիր քու ծիրանին
Ժող՚վուրդներու քամակին։
Կարիպալտին՝ Հռովմինն է, եւ Բոնաբարդ՝ Ոճիրին.-
Կը պատկանիս դո՛ւն միայն Ազատութեան Ոգիին։
Ըզքեզ խրճիթ մը ծընաւ, հայ վիշտը քեզ օրօրեց.-
Այդ վշտին չափ եղար մեծ։
……………………………………………………………………………………………..
Զո՜ւր է, Եփրե՛մ.¬ մինչ ազատ ժողովուրդները արդէն
Պըղընձախիւսն արձանիդ Արշալոյսով կը շաղուեն,
Հո՛ն, շիրմիդ վրայ, հերարձակ Մայր մը կայ միշտ ցաւագին
Լըքուա՜ծ Վիշտին մէջ կըրկին։
Այդպէ՛ս, 20 Մայիս 1912ին անմահ հայ հերոսներու փաղանգին միացաւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարէն ծնած ու սնած դաշնակցական ռահվիրան։
Անմահացաւ Եփրեմ Խան անուանակոչուած լուսաւոր աստղը, որ գաղափարական իր հուրով եւ հերոսի իր մարտունակութեամբ պայծառացուց ճակատը եւ շտկեց մէջքը հայ ժողովուրդին՝ յանուն արդարութեան եւ ազատութեան անմնացորդ անձնուիրումի հայկական փառքը քանդակելով Իրանի արդի պատմութեան էջերուն։
*
* *
Սիւնեաց աշխարհէն սերած է Եփրեմ Դաւթեանց. ծնած է Գանձակի Բարսում գիւղը. ծննդեան թուականը ամենայն հաւանականութեամբ 1868ն է, թէեւ կենսագիրները կու տան նաեւ 1869 եւ 1871 թուականները։
Հայրազուրկ մանկութիւն ունեցաւ. ծերունի մօր մը միակ զաւակը, որ հազիւ երիտասարդ՝ 17 տարեկանին, ուսումը կիսատ թողած, հեռացաւ իր ծննդավայրէն եւ միացաւ Երկիր անցնող ու թրքական լուծին դէմ ըմբոստացած առաջին հայ յեղափոխականներու հրոսակային շարժումին։
Գործեց Մշոյ դաշտի, Սասնայ աշխարհի, Վանի եւ Կարնոյ (Էրզրում) մէջ։
Գաբրիէլ Լազեան, իր «Յեղափոխական Դէմքեր»ուն մէջ ներկայացնելով Եփրեմի գործունէութեան սկզբնական շրջանը, մեծանուն հերոսին կրակի մկրտութիւնը կը կապէ Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի շրջակայքը գործող՝ «Ղլլիտի Տղայ» անունով ծանօթ յեղափոխական հրոսակապետի մղած կռիւներուն, որոնց ընթացքին 19ամեայ Եփրեմ ուշադրութիւն գրաւեց իր խիզախութեամբ եւ մարտական ընդունակութիւններով։
Եփրեմ առաջիններէն եղաւ, որ միացաւ նորակազմ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան եւ Յունոյի հրամանատարութեան տակ, իբրեւ տասնապետ, իր մասնակցութիւնը բերաւ Սարգիս Կուկունեանի արշաւախումբին։
Երբ ցարական իշխանութեանց կողմէ հալածանքը սկսաւ արշաւախումբին դէմ եւ հայ յեղափոխականները ցարական բանտերը նետուեցան, պաշտօնապէս 1871ի ծնունդ արձանագրուած Եփրեմը, անչափահաս իր տարիքին բերմամբ, Կարսի մէջ բանտարկուելէ եւ դատուելէ ետք, միայն հինգ տարուան (տասի փոխարէն) աքսորի դատապարտուեցաւ։
1892ին աքսորուեցաւ Սիպիր, Սախալին, ուր երկու տարի մնալէ ետք. յղացաւ գերաններով նաւակ մը շինելու եւ գետը նետուելով փախուստ տալու ծրագիր մը, որ գործադրեց հայ ընկերոջ մը եւ երեք ռուս ճակատագրակից բանտարկեալներու հետ։ Երկու ամիս եւ 23 օր տեւոութեամբ արկածախնդրալի ճամբորդութենէ մը ետք՝ Եփրեմ վերադարձաւ հայրենիք։
1895-1897 տարիներուն, իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բագուի «Ոսկանապատ» Կ. Կոմիտէի գործիչ, Եփրեմ ուսուցչական աշխատանքի կոչուեցաւ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Հայերէնի կողքին ռուսերէն, պարսկերէն եւ թրքերէն լեզուներուն իր ծանօթութիւնը օգնեց, որպէսզի շրջագայի հայկական գիւղերով եւ յեղափոխական գաղափարներով տոգորէ հայ երիտասարդութիւնը՝ «Դէպի Երկիր» ուղղելով անոնց քայլերը։
Իր կարգին ուղարկուեցաւ Ատրպատական, Թաւրիզ, որ սահմանը կտրող հայ յեղափոխականներու եւ զինատար խումբերու խարիսխն էր՝ Դաշնակցութեան զէնքի գործարանով եւ հայդուկային պատրաստուած գործիչներու կեդրոնացումով։
1897ին Եփրեմ իր մասնակցութիւնը բերաւ Խանասորի Արշաւանքին, իբրեւ ձիաւոր խումբի տասնապետ՝ մարտական իր խիզախութեամբ ու հերոսական քայլերով մեծ հռչակի արժանանալով։
Արշաւանքի յաջող աւարտէն ետք Եփրեմ վերադարձաւ Արցախ, քանի մը տարի եւս շարունակեց շրջիկ ուսուցիչ-գործիչի իր գործունէութիւնը, մինչեւ որ 1902ին, Ռոստոմի խորհուրդով, վերջնականապէս անցաւ Ատրպատական ու հաստատուեցաւ Ռաշտի մէջ, ուր ամուսնացաւ, աշխատեցաւ ճամբու շինարարական ընկերութեան մը մէջ, մինչեւ որ հաստատեց աղիւսի արտադրութեան իր սեփական գործը։
*
* *
1906ին, երբ Իրանի մէջ Սահմանադրական շարժման յեղափոխական առաջին խմորումները երեւան եկան, Եփրեմ ղեկավար դէմքերէն էր Ռաշտի Հ.Յ.Դ. «Վրէժ» Կոմիտէութեան, որուն ներկայացուցիչի հանգամանքով մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Ատրպատականի Կ. Կոմիտէութեան խորհրդակցական ժողովներուն, ուր հասունացաւ Իրանի Սահմանադրական շարժման Դաշնակցութեան լիարժէք մասնակցութեան գաղափարը։
Եփրեմ հիմնական դեր ունեցաւ, համադաշնակցական առումով, այդ գաղափարին որդեգրման ու իրականացման մէջ՝ Ռոստոմը ունենալով իբրեւ միեւնոյն այդ գաղափարին ջերմեռանդ պաշտպանը։
Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը, 1907ի գարնան գումարուած Վիեննայի մէջ, որոշում կայացուց լիարժէք մասնակցութիւն բերելու Իրանի Սահմանադրական Շարժումին եւ անոր գործադրութիւնը վստահեցաւ յեղափոխական մեծ վարպետին՝ Ռոստոմին։
1907ի Դեկտեմբերին Ռոստոմ հասաւ Թաւրիզ՝ բանակցութիւններ վարելու համար Սահմանադրական Շարժման պարսիկ ղեկավարներուն հետ։ Ոչ միայն Իրանը բռնապետական լուծէ ազատագրելու նպատակը, այլեւ ու մանաւանդ հայկական Ատրպատականի գրաւման թրքական ախորժակները իրենց սաղմին մէջ խեղդելու ռազմավարական հրամայականը առաջնորդեցին Ռոստոմը, մինչեւ Յունուար 1908 երկարած այդ բանակցութեանց ընթացքին։
Իր կողմէ՝ Եփրեմ, գլխաւորելով Հ.Յ.Դ. Ռաշտի կազմակերպութիւնը, գործնապէս արդէն լծուած էր Սահմանադրական Շարժման մարտական ինքնակազմակերպումին, ֆետայական կռուի մէջ թրծուած հայ յեղափոխականի իր փորձառութեամբ ինքնավստահութիւն ներշնչելով պարսիկ նորընծայ յեղափոխականներուն։
1908ի գարնան ընդհարումները սկսան Շահի բռնապետական ուժերուն հետ։ Դաշնակցութիւնը զէնքով ու փորձառու մարտիկներով նետուեցաւ կռուի դաշտ՝ Եփրեմին վստահելով դաշնակցական ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութիւնը։
Մինչեւ 13 Յուլիս 1909ի Թեհրանի ամբողջական ազատագրումը եւ Շահի գահընկէցութիւնը շարունակուած կռիւներուն ընթացքին, Եփրեմ դրսեւորեց Իրանի Սահմանադրական Շարժման իսկական հրամանատարի փառահեղ գործունէութիւն, որուն համար արժանացաւ ոչ միայն Խանի տիտղոսին, այլեւ՝ Սարդարի (Ընդհանուր Հրամանատար) զինուորական աստիճանին։
Սահմանադրական նորահաստատ կառավարութեան կողմէ նշանակուեցաւ նախ մայրաքաղաք Թեհրանի, ապա նաեւ ամբողջ Իրանի Ոստիկանապետ։
Թէեւ ոստիկանապետի այդ պաշտօնին համար Եփրեմ մեղադրուեցաւ իր կուսակցական ընկերներուն կողմէ՝ իբրեւ դաշնակցական յեղափոխականին անյարիր պաշտօն ստանձնած գործիչի, մինչեւ իսկ Ռոստոմ՝ Եփրեմին ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, ընկերաբար խորհուրդ տուաւ անոր, որ ձեւը գտնէ հրաժարելու այդ պաշտօնէն, այսուհանդերձ՝ Իրանի Սահմանադրական Շարժումը պէտք ունէր թագաւորական ուժերու յամեցող սպառնալիքին դէմ յեղափոխութեան ձեռքբերումները պաշտպանող երկաթեայ բազուկի, որուն ամէնէն յուսալի եւ ժողովրդականութիւն վայելող մարմնաւորումը ինք՝ Եփրե՛մն էր։
Եփրեմ իր կեանքն ու անունը վերջնականապէս կապեց Իրանի Սահմանադրական շարժումին։ Շարունակեց մնալ Սահմանադրական շարժման քաղաքական նուաճումները պաշտպանողի յառաջապահ դիրքերուն վրայ։
Նորանշանակ Շահը իր կարգին սկսաւ դաւել Սահմանադրականներու դէմ, պատահեցան շարք մը քաղաքական սպանութիւններ Սահմանադրական կառավարութեան ղեկավարներուն դէմ, բայց այդ բոլոր սադրանքներն ալ իրենց դէմ գտան Սահմանադրական շարժման մշտարթուն պահակին՝ Եփրեմի վճռական եւ զսպիչ, այլեւ անպարտելի բազուկը։
Մինչեւ 1912 Մայիս երկարած ընդհարումներուն եւ Սահմանադրական կարգերու պաշտպանութեան կռիւներուն՝ Դաշնակցութիւնը միշտ բերաւ իր կազմակերպական մասնակցութիւնը։
Դաշնակցական Խեչոյի եւ Քեռիի գլխաւորութեամբ՝ դաշնակցական ուժերու նորովի կեդրոնացումներ կատարուեցան՝ Եփրեմի գործունէութիւնը փորձառու մարտիկներու աջակցութեամբ ուժեղացնելու առաջադրանքով։
Արդիւնքը եղաւ հերոսական յաղթանակներու նոր շղթայի մը նուաճումը Եփրեմի կողմէ, որուն Իրանի ժողովուրդը արդէն անպարտելի հռչակած էր։
Բայց ճակատագիրը տարբեր խաղ սահմանած էր մեծանուն հերոսին համար։
20 Մայիսին, 1912ին, թագաւորական Սալար-էլ-Տաուլէի զօրքերուն դէմ փայլուն յաղթանակ մը տանելէ ետք, երբ Եփրեմ օգնութեան կը փութար իր վիրաւոր զինակիցին, դարանակալ գնդակը վերջ տուաւ անոր կեանքին՝ Հերոսի մահով։
«Վահանով, կամ Վահանի վրայ» ռազմադաշտէն վերադառնալու դաշնակցական պատուէրով ճամբայ ելած անզուգական Եփրեմի անկենդան մարմինը, Թեհրանի հայոց եկեղեցին բերուեցաւ վահանի վրայ։ Արժանացաւ ազգային հերոսի ու Սահմանադրական Շարժման անվիճելի հրամանատարի փառաշուք յուղարկաւորութեան եւ թաղումին։
Եփրեմի յիշատակին՝ վերանորոգենք Գաղափարի Մարտիկներու ուղիով հայ ժողովուրդին երթը յառաջ մղելու Սիմոն Զաւարեանի պատգամը, որ այնքան հնչեղութեամբ տեղ գտած է Արդարութեան եւ Ազատութեան Հերոսին մարտիրոսացման նուիրուած մահագրական վկայութեանց շարքին.
«Նրան կռիւ ուղարկելիս, ողջդարձի առթիւ, Դաշնակցութիւնը ուղեկցեց Եփրեմին՝ հին դիւցազնական պատուէրով.
«- Կա՛մ վահանը ձեռքիդ, կա՛մ վահանի վրայ։
«Եւ նա հաւատարիմ մնաց այդ պատգամին։
«Չորս տարի ան կեցած էր վահանը ձեռքին՝ միշտ էլ յաղթող, եւ այսօր նա պառկած է վահանի վրայ… նորէն յաղթող…
«Եփրեմները, հրամանատարնե՛րը կ՚ընկնին եւ պէտք է որ ընկնին։ Նրանց մահով բանակն է, որ կը յաղթանակէ, Հայութեան, ամբողջ Մարդկութեան Ազատութեան օրն է, որ կը մօտենայ…»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ