Մնացականեանը Միջնորդներուն Հետ Քննարկած Է Նախարարական Մակարդակով Հանդիպումի Հեռանկարները

Մնացականեանը Միջնորդներուն Հետ Քննարկած Է Նախարարական Մակարդակով Հանդիպումի Հեռանկարները

21 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

19 մայիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանի առցանց հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:

Այս առիթով հրապարակուած արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները մտքեր փոխանակեցին առցանց վերջին հանդիպումէն ետք շրջանային զարգացումներու շուրջ: Զոհրաբ Մնացականեան կարեւոր նկատեց համավարակի պայմաններուն մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու հետ մնայուն յարաբերութեան պահպանումը:

Զրուցակիցները դիտարկեցին նաեւ «Քորոնա» ժահրի համավարակի տարածումով պայմանաւորուած սահմանափակումներու վերացումէն ետք համանախագահներու շրջան այցելութիւններու իրականացման եւ նախարարական մակարդակով հանդիպումներու կազմակերպման հեռանկարները:

Azerbaijan – Must Be Held Accountable for the Destruction of Armenian Cultural Heritage

www.aztagdaily.com/archives/473319

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail