Միացեալ Նահանգներ Իրանի Կ՛արգիլեն Մօտենալ Արաբական Ծոցին Մէջ Գտնուող Ամերիկեան Նաւերուն

Միացեալ Նահանգներ Իրանի Կ՛արգիլեն Մօտենալ Արաբական Ծոցին Մէջ Գտնուող Ամերիկեան Նաւերուն

21 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:– ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

THE OTTOMAN MILITARY FORCES LEAD ARMENIAN MEN TO A PLACE OF EXECUTION OUTSIDE THE CITY OF KHARPOUT. Ottoman Empire, March-June 1915.

Միացեալ Նահանգներու ծովուժը յայտարարած է ուժի կիրարկման հաւանականութեան մասին, իբրեւ «օրինական պաշտպանական քայլ»` Արաբական ծոցի, Արաբական ծովու եւ Օմանի ծոցի մէջ գտնուող իր մարտանաւերուն աւելի քան 100 մեթր մօտենալու պարագային: «Ռեկնում» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան ազգային գործակալութիւնը:

«Մարտանաւերը, որոնք Միացեալ Նահանգներու ծովուժի մարտանաւերուն մինչեւ 100 մեթր պիտի մօտենան, կրնան նկատուիլ վտանգ եւ ատոնց դէմ կրնան կիրարկուիլ օրինական պաշտպանիչ միջոցառումներ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

15 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու ծովուժը յայտնած էր, որ իրանեան փոքր մարտանաւերը խուսանաւումներ կատարած են Արաբական ծովուն մէջ գտնուող ամերիկեան մարտանաւերու մօտ, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրամայած էր ոչնչացնել իրանեան որեւէ նաւակ, որ խնդիրներ կը յառաջացնէ ամերիկեան նաւերու համար:

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի ծովուժի հրամանատար Ալիռեզա Թանկսիրի յայտարարած էր, թէ միջադէպը տեղի ունեցած է այն պատճառով, որ ամերիկեան մարտանաւերը մուտք գործած էին իրանեան զինուորական ռազմափորձերու տարածք:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey -1 April 1909 – The Adana Massacre – The Corpses of Armenians Extracted from the Wells in Adana

aztagdaily.com/archives/473328

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail