«Այլ Երկիրներու Կ՛ուղարկենք Արհեստական Շնչառութեան Սարքեր Ոչ Թէ Յանուն Դիւանագիտութեան, Այլ Յանուն Կեանքերու Փրկութեան» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ

«Այլ Երկիրներու Կ՛ուղարկենք Արհեստական Շնչառութեան Սարքեր Ոչ Թէ Յանուն Դիւանագիտութեան, Այլ Յանուն Կեանքերու Փրկութեան» Կ՛ըսէ Թրամփ

21 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Փենթակոն Աշխարհի Վրայ «Քորոնա»-ի Նոր Ալիք Կը Նախատեսէ

Միացեալ Նահանգներ այլ երկիրներ արհեստական շնչառութեան սարքեր կ՛ուղարկեն ոչ թէ յանուն դիւանագիտութեան, այլ յանուն կեանքերու փրկութեան: «Ուաշինկթըն Փոսթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

«Եթէ կարենանք այլ երկրի մը մէջ կեանքեր փրկել, ատիկա հրաշալի կ՛ըլլայ: Այնպէս որ, ես միայն կը փորձեմ կեանքեր փրկել: Ըստ երեւոյթին, ատիկա լաւ անդրադարձ կ՛ունենայ նաեւ դիւանագիտական տեսանկիւնէն, սակայն ես ատոր ուշադրութիւն չեմ դարձներ», լրագրողներուն ըսած է Թրամփ:

Անոր խօսքով` Միացեալ Նահանգներ արհեստական շնչառութեան սարքեր տրամադրելու խնդրանքով հեռաձայններ ստացած է «այն մարդոցմէ, որոնք սովորաբար մեզի չեն հեռաձայներ»: Ան չէ յստակացուցած, թէ խօսքը ո՛ր երկիրներուն մասին է:

«Էսոշիէյթըտ Փրես»` վկայակոչելով ամերիկեան վարչակազմը, նախապէս հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներ արհեստական շնչառութեան 1271 սարք տրամադրած է եօթը երկիրներու, ներառեալ` Աւստրալիոյ, Քանատային, Մեքսիքային, Սալվատորին եւ Հարաւային Ափրիկէին:

Սպիտակ տան բանբերը այս շաբաթ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ պիտի մատակարարէ 200 սարք:

«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Թրամփ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու եւ մահացածներու բարձր թիւերուն` ստեղծուած իրավիճակը որակելով «պատուոյ նշան»: Թրամփի համաձայն, ատիկա կը նշանակէ, որ Միացեալ Նահանգներ աւելի շատ քննութիւն կը կատարէ, քան մնացեալ բոլոր երկիրները:

«Երբ դուք կը նշէք, որ մեր երկիրը աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրի թիւով յառաջատար է, ատոր պատճառը այն է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի շատ քննութիւն կը կատարուի, քան որեւէ այլ երկիր: Ես ատիկա կը նկատեմ պատուի նշան: Իսկապէս, ատիկա պատուի նշան է: Ասիկա մեծ յարգանքի տուրք է քննութեան եւ այն աշխատանքին, որ կատարած են շատ մասնագէտներ», աւելցուցած է Թրամփ:

Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը անդրադարձած է դէպի Լատին Ամերիկա ճամբորդութիւններու արգելք հաստատելու հաւանականութեան` նշելով. «Մենք կը քննարկենք այդ հարցը: Ես մտահոգ եմ, չեմ ուզեր, որ մարդիկ մեր երկիրը գան ու վարակեն ամերիկացիները: Նաեւ չեմ ուզեր, որ մենք վարակը այնտեղ փոխանցենք»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 1.570.583 է, իսկ մահացածներունը` 93.533: Միացեալ Նահանգներ աշխարհի վրայ վարակուածներու թիւով կը գրաւէ առաջին դիրքը, անոր կը յաջորդեն Ռուսիան, Սպանիան, Պրազիլը, Բրիտանիան, Իտալիան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Թուրքիան եւ Իրանը:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Կեպրէյէսուս հերքած է Միացեալ Նահանգներու այն մեղադրանքը, թէ կազմակերպութիւնը անարդիւնաւէտ արձագանգած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակին: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթը:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ երկուշաբթի օր Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Չինաստանի խամաճիկ կոչած էր, եւ այդպիսով Ուաշինկթըն ժամանակաւորապէս դադրեցուցած էր կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը:

Կազմակերպութեան ղեկավարը յայտարարութիւն տարածած է` յայտնելով, որ իր ղեկավարած կազմակերպութիւնը կատարած է ամէն ինչ` «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման համար:

Երեքշաբթի օր Համաշխարհային առողջապահական ընդհանուր ժողովը համաձայնած է նաեւ անկախ հետաքննութիւն կատարել այն հարցով, թէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը որքանով արդիւնաւէտ արձագանգած է «Քորոնա» ժահրի տարածման:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան կարծիքով` աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի նոր ալիքի վտանգ կայ, որովհետեւ վարակին դէմ արդիւնաւէտ պատուաստանիւթը կրնայ յայտնուիլ միայն 2021 թուականի ամրան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Փենթակոնի ղեկավար Մարք Էսփըրի համար անոր օգնականին կողմէ պատրաստուած զեկուցումին մէջ կը նշուի. «Այժմ մենք պէտք է մեր ուշադրութիւնը ուղղենք կենսական կարեւոր առաքելութիւններու` գործունէութեան ծաւալներու ընդլայնում եւ անհրաժեշտ պատրաստութիւններու կազմակերպում, եթէ այս տարի տեղի ունենայ «Քորոնա» ժահրի զգալի բռնկում»:

Génocide perpétré par l’Empire ottoman, aujourd’hui la Turquie – génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

/www.aztagdaily.com/archives/473326

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail