Պաղեստինեան Իշխանութիւնը Կը Խզէ Իսրայէլի Եւ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բոլոր Համաձայնագիրները
21 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտարարած է Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ բոլոր համաձայնագիրները խզելու որոշումին մասին: Ան այս մասին հաստատած է «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանէն` նշելով, որ խօսքը կը վերաբերի նաեւ անվտանգութեան ոլորտի համաձայնագիրներուն:
Այդ որոշումին պատճառը Իսրայէլի մտադրութիւնն է` պաղեստինեան հողեր բռնակցելու:
Ապպաս նոյն ատեն Իսրայէլին կոչ ուղղած է` միջազգային ընտանիքին առջեւ կրելու ամբողջական պատասխանատուութիւն` «իբրեւ Պաղեստինի բռնագրաւուած տարածքին մէջ բռնագրաւող ուժ»:
Բացի ատկէ, Ապպաս կոչ ուղղած է` Պաղեստինը ներառելու միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու կազմին մէջ:
Ըստ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի յայտարարութեան, Պաղեստինը պատրաստ է պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութեան հարցով վերադառնալու բանակցութիւններու երրորդ երկրի միջնորդութեամբ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չժաու Լիցզիան յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է յարգել պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութեան լուծման վերաբերեալ Պաղեստինեան իշխանութեան դիրքորոշումը:
«Չինաստան միշտ համարած է, որ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերը եւ երկու պետութիւններու ծրագիրը հիմք ստեղծած են լուծելու հակամարտութիւնը, որ պէտք է յարգուի: Անհրաժեշտ է լսել եւ յարգել Պաղեստինի դիրքորոշումը», նշեց Լիցզիան:
aztagdaily.com/archives/473329