Աննա Նաղդալեան. «Հայաստանը Պիտի Պաշտպանէ Արցախի Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքը Առանց Որեւէ Սահմանափակումի»

Armenian foreign ministry spokeswoman Anna Naghdalyan

Աննա Նաղդալեան. «Հայաստանը Պիտի Պաշտպանէ Արցախի Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքը Առանց Որեւէ Սահմանափակումի»

22 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

massacre in Maragha

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանեց Արցախի նորընտիր նախագահին` Շուշիի մէջ տեղի ունեցած երդմնակալութեան վերաբերեալ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը:

«Անհրաժեշտ կը նկատեմ նշել, որ պատերազմի սպառնալիքները եւ ռազմատենչ կեցուածքը` ըլլան անոնք յայտարարութիւններու, թէ միջազգային յանձնառութիւններու խախտումով տեղի ունեցող լայնածաւալ ռազմափորձերու տեսքով, Ազրպէյճանի ոչ կառուցողական դիրքորոշման աւանդական բաղադրիչներն են, որոնք որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ ղարաբաղեան տագնապին մէջ հայկական կողմերու դիրքորոշումներու եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական հոլովոյթներուն վրայ:

«Այնուհանդերձ, անոնք միանշանակօրէն կը վնասեն խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման, որ անհրաժեշտ է բովանդակային հարցերու դիտարկման համար: Հայաստանը հաւատարիմ է տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ:

«Անգամ մը եւս շնորհաւորելով Արցախի ժողովուրդը ժողովրդավարական հոլովոյթներու արդիւնքով իշխանութիւն ձեւաւորելու առնչութեամբ` կ՛ուզենք վերահաստատել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ սերտօրէն համագործակցիլ խաղաղ հոլովոյթին մէջ Արցախի ժողովուրդը ներկայացնող նոր իշխանութիւններուն հետ եւ այդ ծիրին մէջ հետեւողականօրէն պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացում` առանց որեւէ սահմանափակման»:

massacre in Maragha

/www.aztagdaily.com/archives/473371

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail