Արամ Ա. Կաթողիկոս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Արցախի Նախկին Եւ Նորընտիր Նախագահներուն Հետ
22 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Հինգշաբթի, 21 մայիս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ: Անոնք անդրադարձ կատարեցին անցնող տարիներուն իրենց ունեցած սերտ գործակցութեան` ի խնդիր Արցախի առաւել հզօրացման:
Ապա, նորընտիր նախագահին` Արայիկ Յարութիւնեանին հետ ունեցած խօսակցութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետը վերահաստատեց նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հետ: Նորընտիր նախագահը, իր կարգին, յիշեց իր յաճախակի այցելութիւնները Անթիլիասի մայրավանք, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած նպաստը Արցախի առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման հոլովոյթին:
aztagdaily.com/archives/473384