Վենեզուելա. «Իրանեան Քարիւղատար Նաւերը Մօտ Օրէն Պիտի Հասնին»
22 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Վենեզուելայի պաշտպանութեան նախարար Վլատիմիր Պարտինօ Լոփեզ յայտարարեց, որ հում քարիւղով բեռնաւորուած իրանեան քարիւղատար նաւերը մօտ օրէն պիտի հասնին Վենեզուելա:
Ան յայտնեց, որ վենեզուելական պատերազմական օդանաւեր երկրի ջուրերուն մէջ պիտի ընկերակցին իրանեան քարիւղատար նաւերուն, որոնց մէկէ աւելի անգամներ Ուաշինկթըն սպառնացած էր արգիլել Քարաքաս հասնիլ:
«Իրանի պաշտպանութեան նախարարին հետ ուղղակի կապ հաստատեցինք, եւ երբ բոլոր քարիւղատար այդ նաւերը մուտք գործեն մեր բացարձակ տնտեսական գօտի, ազգային զինեալ ուժերէն մարտանաւեր եւ օդանաւեր անոնց պիտի ընկերակցին` ողջունելու համար անոնց ժամանումը եւ շնորհակալութիւն յայտնելու համար իրանցի ժողովուրդին` իր աջակցութեան եւ գործակցութեան համար», աւելցուց ան:
Վենեզուելայի մէջ ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտէ յայտնեց, որ Իրանէն քարիւղով բեռնաւորուած նաւերուն Վենեզուելա հասնիլը պէտք է «անախորժութիւն պատճառէ» Լատին Ամերիկային:
Իրանեան ապահովական բարձրաստիճան աղբիւր մը նախապէս «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր, որ որեւէ վայրի մէջ իրանեան նաւու սպառնալը միջազգային ջուրերուն մէջ աշխարհի երկիրներու բոլոր նաւերուն սպառնալ է:
«Ապրանքատար նաւերու միջազգային ջուրերէն անցնիլը միջազգային օրէնքներով երաշխաւորուած օրինական իրաւունք մըն է», աւելցուցած է աղբիւրը:
Իրանի պաշտպանութեան նախարար զօր. Ամիր Հաթեմի չորեքշաբթի օր յայտնեց, որ Թեհրան վճռական ու ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ որեւէ թշնամիի, որ կը փորձէ Իրանի շահերն ու ազգային անվտանգութիւնը ոտնահարել:
aztagdaily.com/archives/473411