«Միացեալ Նահանգներու Բաց Երկինքի Մասին» Պայմանագիրէն Դուրս Գալը Հարուած Է Համաշխարհային Կայունութեան», Կ՛ըսէ Զախարովա

«Միացեալ Նահանգներու Բաց Երկինքի Մասին» Պայմանագիրէն Դուրս Գալը Հարուած Է Համաշխարհային Կայունութեան», Կ՛ըսէ Զախարովա

23 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Մոսկուան բացատրութիւններ կ՛ակնկալէ` Ուաշինկթընէն «Բաց երկինքի մասին» պայմանագիրէն դուրս գալու յայտարարութիւններու առնչութեամբ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան:

Պայմանագիրէն դուրս գալը հարուած է համաշխարհային կայունութեան, ատիկա կ՛ազդարարէ անվտանգութեան սպառնալիքի մասին: Զախարովա այս մասին յայտնած է «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն:

Ան մասնաւորաբար նշած է. «Ատիկա միջազգային կայունութեան եւ անվտանգութեան տրուած առաջին հարուածը չէ, որ ամերիկեան վարչակազմը կը հասցնէ»:

Զախարովա յիշեցուց, որ Ուաշինկթըն դուրս եկած է նաեւ Հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու սահմանափակման մասին պայմանագիրէն, Միջին եւ փոքր հասողութեան հրթիռներու մասին պայմանագիրէն, ինչպէս նաեւ մերժած է Հիւլէական փորձարկումներու համապարփակ արգիլման մասին պայմանագիրը վաւերացնել:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, որ իր երկիրը դուրս պիտի գայ «Բաց երկինքի մասին» պայմանագիրէն: «Կը կարծեմ, թէ մենք Ռուսիոյ հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունինք, սակայն Ռուսիան հաւատարիմ չէ մնացած պայմանագիրին: Առ այդ, մենք դուրս պիտի գանք: Սակայն կայ շատ լաւ կարելիութիւն, որ մենք կարենանք հասնիլ նոր համաձայնագիրի կամ որեւէ բան պիտի ընենք, որպէսզի դարձեալ միասին վերադարձնենք այդ պայմանագիրը», ըսած էր ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն իր կարգին հաստատած էր, որ Ուաշինկթըն վեց ամիս ետք դուրս պիտի գայ համաձայնագիրէն:

Մինչ այդ` «Ի. էյ. Տէյլի» կայքը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ռապըրթ Օ՛Պրայըն յայտարարած է, թէ Մոսկուա «Բաց երկինքի մասին» համաձայնագիրը օգտագործած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի տեղաշարժին հետեւելու համար:
«Անոնք թռիչք կը կատարէին Սպիտակ տան, քաղաքացիական ենթակառոյցներու վերեւ եւ կը հետեւէին, թէ նախագահը ո՛ւր կրնայ ըլլալ, «Քեմփ Տէյվիտ»-ի՞ մէջ, թէ՞ Պետմինսթըրի (Թրամփի կոլֆի ակումբին գտնուած վայրը): Այնպէս որ անոնք պայմանագիրը ոչ պատշաճ կերպով օգտագործած են», նշած է Օ՛Պրայըն:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ցաւ յայտնեց Միացեալ Նահանգներու` «Բաց երկինքներու մասին» համաձայնագիրէն դուրս գալուն համար:

www.aztagdaily.com/archives/473508

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail