ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Խոստումներ, Խոստումներ… Այսքան Անուշ Խոստումներ
23 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Թերթելով Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակաշրջանի զարգացումները, մարդ շփոթի կը մատնուի մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն վերաբերալ արեւմտեան պետութիւնները ներկայացնող պաշտօնակատարներու յայտարարութիւններէն:
Յստակացնելու համար պատմական դէպքերու այս ժամանակահատուածը, յաջորդաբար պիտի շօշափեմ հետեւեալ փուլերը.
Ա. Հայաստանը 1914-1918-ի Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին.
Բ. Հայ ժողովուրդին դերակատարութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին.
Գ. Մուտրոսի զինադադարը (18 հոկտեմբեր 1918).
Դ. Սեւրի դաշնագիրը եւ Թուրքիոյ կողմէ այս դաշնագրին բռնաբարումը.
Հայաստանը 1914-1918 առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին
Իբրեւ արեւելեան եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեանց խաչմերուկին վրայ գտնուող տարածութիւն՝ Հայաստան դարերէ ի վեր կրած է այս երկու աշխարհներուն միջեւ պատահած հակամարտութիւններուն ցնցումները:
Դարերու ընթացքին, Հայաստան դարձած է Արեւեւլքի եւ Արեւմուտքի մեծ տէրութեանց անհատնում կռիւներուն կռուախնձորը:
Եւ սակայն, ըլլա՛յ իր ազգային թագաւորութիւններուն տիրապետութեան, ըլլա՛յ օտարին լուծին տակ, հայրենի հողին սեփականատէրը միշտ եղած է հայը: Ան իր արիւնով եւ քրտինքով ոռոգած է յաջորդաբար ոտնակոխուած եւ քանդուած հայրենի հողը: Հայը միշտ կառուցած եւ վերակառուցած է իր հայրենիքը:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Հայաստան բաժնուած էր աշխարհաքաղաքական երկու մասերու.
Անդրկովկասեան Հայաստանը՝ 293.702 բնակիչ
Դարերէ ի վեր օսմանեան լուծին ենթակայ, հայ ժողովուրդէն խլուած տասը նահանգներէ բաղկացած Թրքահայաստանը՝ 2.650.000 բնակիչ:
Հայ ժողովուրդի դերակատարութիւնը առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին
1914-ի աշնան Գերմանիոյ դաշնակից թուրքերը լիազօրներ ղրկեցին Էրզրումի մէջ տեղի ունեցող ՀՅԴաշնակցութեան 8-րդ համագումարին: Անոնք ինքնավարութիւն խոստացան «Թրքական Հայաստանին», եթէ հայերը, միանալով Վրաստանի եւ Կովկասի թաթարներուն (այդ ժամանակ գոյութիւն չունէր Ազրպէյճան անունով պետութիւն), կողմնորոշուին Գերմանիոյ կողքին:
Ժողովին մասնակից Սիմոն Վրացեան, իր «Կեանքի ուղիներով» աշխատութեան մէջ այս հարցին մասին ակնարկելով, կը գրէ, թէ ժողովը խոստացած է, իբրեւ օսմանեան հպատակ, իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դնել Օսմանեան պետութեան տրամադրութեան տակ՝ թէ՛ զինուորական, թէ՛ տնտեսական եւ այլ առումներով՝ հաւատարմօրէն ծառայելով պետութեան շահերուն:
Սակայն, ժողովը չի կրնար իշխել սահմանէն անդին՝ ցարական իշխանութեան տակ գտնուող հայերու կամքին վրայ:
Մեծ եղաւ Դաշնակից պետութեանց կողքին հայ ժողովուրդին զինուորական աջակցութիւնը: Եւ սակայն անհատնում եղան մեր ժողովուրդին կորուստները: Պիտի բաւարարուիմ յիշատակելով պաշտօնական վաւերաթուղթերու կարգ մը հատուածները:
Բրիտանիոյ Ֆորէյն Օֆիսի (արտաքին գործոց նախարարութիւն) պետական ենթաքարտուղար Լորտ Ռոպերթ Սեսիլ, 3 հոկտեմբեր 1918-ին հետեւեալ զեկոյցը կը ղրկէ Մ. Նահանգներու մէջ նախկին դեսպան Լորտ Պրայսին. «… Հայերու կողմէ հասարակաց դատին ընձեռուած ծառայութիւնները չեն կրնար մոռցուիլ:
Հայերը կրնան դաշնակիցներուն ուխտը ընդունիլ, անոնց օգնութեամբ իրենց ազատագրութիւնը: Հայերը մերժեցին օգնել Գերմանիոյ: Այդ մերժումին հետեւանքով հայերը զանգուածաբար կոտորուեցան:
Աւելի քան մէկ միլիոն հայեր ամենադժոխային միջոցներով բնաջնջուեցան: Պատերազմին առաջին օրէն, հայ ազգին կէսը կազմեց կամաւորական գունդեր, մասնակցելով Կովկասի պատերազմին ամենածանր ճակատամարտներուն:
Ռուսական բանակին քայքայումէն ետք, հայկական ուժերը յանձն առին Կովկասի պաշտպանութիւնը եւ ութ ամիս ուշացուցին թուրքերու յառաջխաղացը դէպի Պաքուի նաւթահորերը, այս ձեւով աչքառու ծառայութիւն մատուցելով Միջագետքի մէջ գտնուող բրիտանական բանակին»:
Պերլինի մէջ Մ. Նահանգներու նախկին դեսպան Ճէյմս Ճերըրտ, 7 մարտ 1920-ին, ամերիկեան կառավարութեան ներկայացուցած յուշագիրով կը գրէր. « Հայերը 200 հազար կանոնաւոր զօրք եւ կամաւորներ տուին դաշնակից բանակներուն եւ 75 հազար հոգի կորսնցուցին ռազմաճակատներուն վրայ»:
Յիշեցնելէ ետք, թէ հայերը մերժեցին թուրքերու ինքնավարութեան խոստումը, Ճերըրտ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս մէկ միլիոն հայ այրեր, կիներ, մանուկներ կոտորուեցան «պատմութեան մէջ իր նմանը չունեցող վայրագութիւնով մը»:
Ապա Ճերըրըտ հատուած մը կը մէջբերէ Էտիկ Վոն Լիւտենտորֆի յուշերէն, ուր Գերմանիոյ սպայակոյտի պետը կ’ընդունի. « Գերմանիոյ պարտութեան ազդակներէն մէկը եղաւ վառելանիւթերու պակասը եւ հայերը իրենց քաջարի դիմադրութեամբ, աջակցութիւնը բերին Դաշնակիցներուն, ութը ամիս յապաղեցնելով Պաքուի գրաւումը»:
Իր կարգին զօրավար Էտմոնտ Ալենպի կը յայտարարէ. « Պաղեստինի մէջ իմ հրամանատարութեան տակ դրուած հայկական զօրամասերը կռուեցան մեծ վարպետութեամբ եւ մեծ բաժին ունեցան մեր յաղթանակին մէջ: Ֆրանսական դրօշի տակ գտնուող հայկական զօրամասերն են, որ գրաւեցին սուրիական ծովափը եւ Կիլիկիան: Հետեւաբար սոսկ մարդասիրական պարտաւորութիւն մը չէ դաշնակիցներու եւ Մ. Նահանգներու՝ հայերու հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւնը, որովհետեւ ան հիմնուած է ռազմադաշտերու վրայ՝ Հայաստանի կողմէ ընձեռուած ծառայութեանց վրայ»:
Մուտրոսի զինադադարը (18 հոկտեմբեր 1918)
Դաշնակից պետութեանց եւ օսմանեան Թուրքիոյ միջեւ զինադադարը կնքուեցաւ 30 հոկտեմբեր 1918-ին, Մուտրոսի մէջ:
Հայ ժողովուրդը, պատերազմի ամենածանր կորուստները կրելուն հետեւանքով, կորսնցուցած էր իր թիւին երկու երրորդը եւ իր հողերը, ուստի կ’ակնկալէր, որ դաշնակիցներու յաղթանակը ընդհանուր բարւոքում բերէր իր կացութեան:
Սակայն հողային այն տարածութիւնները, որոնք կոչուած էին կցուելու Հայկական պետութեան, միակը եղան, որոնք «չգրաւուեցան» դաշնակիցներէն: Ի հեճուկս Մուտրոսի զինադադարին, թրքական բանակը միայն մասնակիօրէն զինաթափուեցաւ: Հակառակ զինադադարի պայմաններուն՝ օսմանեան կառավարութիւնը կազմակերպեց նոր կոտորածներ եւ տարագրութիւններ: Բացի այս, Մուտրոսի զինադադարին եւ խաղաղութեան վեհաժողովին միջեւ ինկող երկու տարիներուն, թուրքերը մեծ թիւով հզօր պաշտպաններ ճարեցին Եւրոպայի մէջ, դիմելով թրքական դիւանագիտութեան համար սիրելի եղանակի մը, այն է՝ մրցակցութիւններ յարուցելով օտար պետութեանց միջեւ:
Սեւրի դաշնագիրը եւ Թուրքիոյ կողմէ այս դաշնագիրի բռնաբարումը
Մ. Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն 22 նոյեմբեր 1920-ին, առ ի գործադրութիւն Սեւրի դաշնագիրի 89-րդ յօդուածին, կ’արձակէր իր իրաւարարական վճիռը՝ տալով Հայաստանին մինչեւ այդ օրը Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հայկական հողերը:
Սակայն ո’չ Սեւրի դաշնագիրին, ո’չ ալ Մուտրոսի զինադադարի պայմանները յարգուեցան թուրքերէն:
Եւ ահա 1920 թուականի սեպտեմբերի կէսին Քիազիմ Քարապեքիրի զօրքերը, ոտնակոխելով Սեւրի դաշնագիրին յօդուածները, շարունակեցին Արեւելահայաստանի ուղղութեամբ իրենց արշաւը: Դաշնակիցներէն լքուած հայ ժողովուրդը յաջորդաբար կորսնցուց Կարսը, Արտահանը ու Սուրմալուի շրջանները, եւ համաշխարհային պատերազմին պարտութիւն կրած Գերմանիոյ դաշնակից երկիր մը կրցաւ յաջորդաբար բռնաբարել Մուտրոսի զինադադարի եւ Սեւրի դաշնագիրի պայմանները…
Այս բոլորը տեղի կ’ունենային քաղաքակիրթ եւ մարդասէր Արեւմուտքին աչքերուն առջեւ, երկիրներ, որոնք առ այսօր կը խօսին ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքներէն՝ առանց յիշատակելու իրենց ասպատակութեան պտուղները…
Ցաւալին այն է, որ սոյն ժամանակաշրջանի պետական մեծագոյն անձնաւորութիւններէն շատեր ամէնուրէք կը յայտարարէին, թէ Հայաստանին պիտի վերադարձուին անկէ յափշտակուած հողերը:
Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Արթըր Պալֆուր, 6 նոյեմբեր 1917-ին, կը յայտարարէր. «Մեր պարտականութիւնն է թուրք կառավարութենէն խլել այն ժողովուրդները, որոնք կազմալուծուեցան թուրքերուն կողմէ, որոնց զարգացումը կասեցուցին թուրքերը եւ որոնք, վստահ եմ, պիտի ծաղկին, եթէ պատշաճ կառավարութիւն մը տրուի իրենց …»:
Դաշնակիցներուն անունով Ֆրանսայի վարչապետ Արիսթիտ Պրիան, 10 յունուար 1917-ին, կը յայտարարէր. «Դաշնակիցներու պատերազմական նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ ազատագրումը թուրքերու արիւնոտ բռնակալութեան ենթարկուած բնակչութեանց, եւ Եւրոպայէն դուրս նետուիլը Օսմանեան կայսրութեան, որ յայտնապէս օտար է արեւմտեան քաղաքակրթութեան…
երբ հնչէ օրինաւոր հատուցումներու ժամը, Ֆրանսական հանրապետութեան կառավարութիւնը մոռացութեան պիտի չտայ հայ ազգին տառապագին փորձութիւնները եւ իր դաշնակիցներուն հետ համաձայնաբար, անհրաժեշտ միջոցառումներուն պիտի դիմէ՝ խաղաղութիւն եւ յառաջդիմութիւն ապահովելու համար անոր»:
21 դեկտեմբեր 1917-ին վարչապետ Տէյվիտ Լոյտ Ճորճ Բրիտանիոյ խորհրդարանին առջեւ կը յայտարարէր. « Հայաստանը պէտք չէ վերստին դրուի թուրքերու աղէտալի տիրապետութեան տակ»:
Ֆրանսայի վարչապետ Ճորճ Գլեմանսօ 14 յուլիս 1918-ին իր կարգին կը յայտարարէր. «Ուրախ եմ հաստատելու, որ ֆրանսական հանրապետութեան եւ Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութիւնները չեն դադրած հայ ազգը դասելէ այն ժողովուրդներուն կարգին, որոնց ճակատագիրը դաշնակիցները կը յուսան կարգադրել համաձայն մարդկայնութեան եւ արդարութեան օրէնքներուն»:
Իտալիոյ վարչապետ Վիթորիօ Օրլանտօ 26 նոյեմբեր 1919-ին կը յայտարարէր. « Ըսէք հայերուն, թէ կ’իւրացնեմ իրենց դատը: Պիտի պահեմ իմ այս յանձնառութիւնը»:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ալեքսանտըր Միլյէրան, Ֆրանսայի նախագահ, վարչապետ Ռէյմոն Փուանքարէ եւ այդ ժամանակի բազմաթիւ պետական անձնաւորութիւններ կատարեցին նմանօրինակ յայտարարութիւններ:
Խօսքէն անցնինք գործի….
1919-ի Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովը առանց լուծումի ձգեց բազմաթիւ հարցեր: Դաշնակից երկիրներուն միջեւ խորացած տարակարծութիւնները նոր հակասութիւններ յառաջացուցին Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ:
Շուտով բացայայտ դարձաւ հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն շուրջ Լոյտ Ճորճի, Ճորճ Գլեմանսոյի, Ալեքսանտըր Միլյէրանի, Ճորճ Քերզընի խօսքերուն եւ գործին միջեւ շրջադարձային տարբերութիւնը: Անոնց կը հետաքրքրէր Միջին Արեւելքի բնական հաստատութիւններուն յափշտակումը:
18-26 ապրիլի Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին աւելի բացայայտ դարձաւ երէկուան դաշնակիցներուն՝ զիրար խաբելու մոլուցքը: Այս իրողութիւնը աւելի յատկանշուեցաւ Թուրքիոյ հետ կնքուելիք համաձայնութեան պայմանները քննարկելու միջոցին:
Փարիսեցիական ճառերով մարդասիրութիւն քարոզող արեւմտեան պետութիւնները մեկնակէտ ունէին շահը, հաշիւը եւ ոչ՝ հայ ժողովուրդին պահանջներուն բաւարարումը: Գլեմանսօն, եզրափակելով խորհրդաժողովը յայտարարեց. «Ֆրանսան ոչինչ կրնայ կատարել ներկայիս, Ամերիկան նոյնպէս: Կը մնայ տեսնել, թէ ի վերջոյ հայերը պիտի մնա՞ն»:
Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովի առաջին օրը Միլյէրանը հրաժարեցաւ Հայաստանին տնտեսական փոխառութիւն արտօնելու երաշխիքներէն: Ռազմական օժանդակութեան մասին ոչ մէկ խօսք: Լոյտ Ճորճը բացայայտօրէն յայտարարեց, թէ աշխարհի մէջ ոչ մէկը պատրաստ է օգնելու հայերուն, նոյնիսկ մէկ գումարտակով…:
Լորտ Քերզընը պատասխանատւութենէ խուսափելով յայտարարեց, թէ յոյս կար, որ Մ. Նահանգները կը ստանձնէր Հայաստանի հովանաւորութիւնը, սակայն այդ մէկն ալ չէր յաջողած…: Ճորճ Գլեմանսօ ուղղակի կ’ըսէր. «Ֆրանսա ի վիճակի չէ դրամ ծախսելու Հայաստանի մէջ»: Լոյտ Ճորճը կ’ըսէր, թէ Դաշնակից ուժերը ի վիճակի չեն հայերու օգնութեան ուժեր ուղարկելու…:
Ընդհակառակը՝ Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին մասնակիցները կը հաստատէին, թէ Էրզրումը դարձած էր քեմալականներուն կեդրոնը եւ ոչ ոք կրնար թուրքերը հեռացնել անկէ…:
Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին մասնակից Հայաստանի հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Ահարոնեան եւ Ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար քանիցս շեշտեցին Էրզրումը Հայաստանին կցելու անհրաժեշտութիւնը՝ դիտել տալով, որ Հայաստանը չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց Էրզրումին:
Լոյտ Ճորճը կը պատասխանէր. «Եթէ Հայաստանը չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց Էրզրումի, հայերը առ հասարակ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ: Տէրութիւնները չեն կրնար վերցնել էրզրումը եւ յանձնել հայերուն, իսկ հայերը իրենք ալ չեն կրնար վերցնել զայն»:
Սան Ռեմոյի, Սեւրի, Փարիզի, Լոնտոնի եւ Լոզանի խորհրդաժողովներուն արեւմտեան դիւանագիտութեան ներկայացուցիչները վերացական յայտարարութիւններէն անդին չանցան:
Թուրքիան, ինչպիսի Թուրքիա ալ ըլլայ ան՝ օսմանեան, քեմալական, ֆաշական, ընդարձակ գերեզման մըն է անծանօթ հերոսներու եւ օսմանեան բարբարոսութեան մարտիրոսներու:
Այսպէս ուրեմն մոռցուեցան այս բոլորը…:
Խոստումներ, խոստումներ, այս որքա՜ն խոստումներ:
aztagdaily.com/archives/473252