ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մայիս 23, 1918 թուական. Սարդարապատի ճակատին վրայ սկսաւ հայ ժողովուրդի անկախացման յաղթական գրոհը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
Մայիս 23, 1918 թուական.
Սարդարապատի ճակատին վրայ սկսաւ հայ ժողովուրդի անկախացման յաղթական գրոհը
Ն. Պէրպէրեան
23 Մայիս 2020
1918 թուականի Մայիս ամսու վերջին տասնօրեակը կը խորհրդանշէ նոր ժամանակներու հայ ժողովուրդին յաղթական վերականգնումը՝ Հայաստանի անկախութեան նուաճումն ու հայոց ազգային պետականութեան կերտումը։
Յատկապէս 23 Մայիս 1918ը դարձակէտի նշանակութիւն ունեցաւ, որովհետեւ այդ օր, Սարդարապատի ճակատին վրայ, դարաւոր իր գերութեան կապանքները ամբողջապէս թօթափած, հայ ժողովուրդը իր հերոսական զաւակներուն ռազմական սխրագործութեամբ եւ Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ՝ իր առաջին յաղթական գրոհը սկսաւ ու պատմութեան անիւը շրջող արժանի հակահարուած տուաւ ասպատակող եւ ջարդարար ոսոխ բանակին՝ թրքական զօրքերու ընդհանուր յարձակողականին դէմ։
Արդարեւ, Մայիս 18էն սկսեալ, թրքական բանակը ձեռնարկած էր միաժամանակ երեք ուղղութիւններով ընդհանուր, այլ վերջին հարուածի ուժգնութիւնը ունեցող յարձակողականի մը հայ ժողովուրդի եւ հայոց հայրենիքի վերջին բեկորին դէմ։
Կովկասեան ճակատի թրքական զօրքերու հրամանատար Վեհիբ Փաշան սրած էր ե՛ւ սուինները, ե՛ւ ախորժակները։
Յունուար 1918ի առաջին օրերէն սկսեալ Վեհիբ փաշայի զօրքերը յաղթական կ՚արշաւէին Հայաստանի վրայ՝ օգտուելով Ռուսաստանը ցնցած 1917ի փետրուարեան եւ հոկտեմբերեան իրերայաջորդ յեղափոխութիւններէն, որոնք յանգած էին համաշխարհային պատերազմէն Ռուսաստանը դուրս բերելու եւ ռազմաճակատներէն ռուս զօրքերը «տուն կանչելու» պոլշեւիկեան անօրինակ քայլին։
Այդպէ՛ս՝ կովկասեան ճակատին վրայ 1916ին անփառունակ պարտութիւն կրած թրքական բանակը յաջողեցաւ, քանի մը ամիսներու ընթացքին, ոչ միայն գրաւել 1914էն ետք ռուսական յաղթական բանակին իր զիջած հողերը, այլեւ՝ նախապատերազմեան ռուս-թրքական սահմանը հատելով, արագընթաց յառաջանալ մինչեւ Ղարաքիլիսա։
Քաջալերուած իր յաղթական յառաջխաղացքէն՝ Ղարաքիլիսայի վրայ Մայիս 18ին իր ձեռնարկած ուժեղ յարձակումին զուգահեռ, Վեհիբ Փաշա իր զօրքերը Մայիս 20ին շարժման մէջ դրաւ Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի ուղղութեամբ, որպէսզի Անդրկովկասը ամբողջապէս թրքական հակակշռի տակ առնելու համաթրքական երազին իրագործումը արգելակող «Հայկական Սեպը» մէկանգամընդմիշտ ընկճէ ու բնաջնջէ։
*
* *
1917ի տարեմուտը նորովի յոյսերով ողջունած հայ ժողովուրդը, որ տենդագին լծուած էր ազատագրեալ Արեւմտահայաստանը վերաբնակեցնելու, Թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան վէրքերը դարմանելու, գաղթականներն ու որբերը հաւաքելու եւ հայկական ինքնավարութեան կռուանները ամրապնդելու հսկայական գործին, յանկարծ՝ ռուսաստանեան խռովութեանց հետեւանքով, դէմ յանդիման կանգնեցաւ անաւարտ մնացած ցեղասպանութեան վերջին արարին…
Հայ Կամաւորական Գունդերը արդէն միաւորուած էին Կովկասեան ճակատի ամբողջ երկանքին տարածուած եւ մինչեւ Պիթլիսի դռները հասած ու Երզնկայ մտած ռուսական բանակի Հայկական Կորպուսին մէջ՝ զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանի ընդհանուր հրամանատարութեան եւ Անդրանիկի, Դրոյի, դաշնակցական Խեչոյի, Քեռիի, Սեպուհի ու Գարեգին Նժդեհի օրինակով Հ.Յ.Դ. անուանի մարտիկներու հրամանատարութեան տակ։
Աւելի՛ն. 1917ի փետրուարեան յեղափոխութեան հետ, Անդրկովկասի մէջ եւս ցարական իշխանութեան փլուզումով ու վրացիներու, թաթարներու եւ հայերու գործակցութեամբ ժամանակաւոր կառավարութեան՝ Անդրկովկասեան Սէյմի աստիճանական ձեւաւորումով, հայութիւնը քայլ առ քայլ սկսած էր ամրապնդել իր ազգային-քաղաքական ուղին։
Արդէն գումարուած էին Արեւմտահայոց եւ Արեւելահայոց իրերայաջորդ Ազգային Համագումարները, որոնք մէկ կողմէ հայկական վեց նահանգներու եւ Կիլիկիոյ միացումով ինքնավար Արեւմտահայաստանի նպատակը բիւրեղացուցած էին, իսկ միւս կողմէ՝ պարզած էին Անդրկովկասի հայախիտ շրջանները վարչական առանձին միաւորներու մէջ համախմբելու եւ դաշնակցային կապերով նախ Անդրկովկասի ու, ապա, Ռուսաստանի հետ ժողովրդավարական միութիւն հաստատելու դրօշը։
Թրքական պետութիւնը, իթթիհատական իր եղեռնագործ ղեկավարութեամբ, անտարբեր կամ ձեռնածալ նստած չէր, անշո՛ւշտ։
Մինչ Ռուսաստան կը գալարուէր յեղափոխութեան տարերքով, իսկ Անդրկովկասի ժողովուրդները, երեւութական գործակցութեան վարագոյրի ետին, սեփական գլուխը պահպանելու ելքեր կ՚որոնէին, թրքական իշխանութիւնները զէնքով, դրամով ու քաղաքական օժանդակութեամբ Կովկասեան Ճակատի ռուսական զօրքերու թիկունքը հարուածող կոյր գործիքի կը վերածէին ազատագրեալ շրջաններու կամ ընդհանրապէս Անդրկովկասի քիւրտ եւ թաթար ազգաբնակչութիւնը։
Արարատեան դաշտէն մինչեւ Շիրակ եւ Զանգեզուրի լեռներէն մինչեւ Գանձակ, քիւրտ թէ թուրք մոլեռանդ տարրը, ցեղապետերով ու խաներով ղեկավարուող զինեալ հրոսակախումբեր կազմած՝ մէկ ձեռքով Սէյմի եւ Պոլշեւիկեան յեղափոխութեան զօրակցելու դրօշ կը պարզէր, իսկ միւսով ազգամիջեան գրգռութիւններ կը հրահրէր, հայեւռուս զինուորներու միջեւ անվստահութիւն կը սերմանէր եւ ընդհանրապէս կ՚աշխատէր ռուսական բանակի թիկունքը քայքայել։
Ահա այս զարգացումներու խորապատկերին վրայ Թուրքիա ստացաւ իր սպասած հրաշքը.- Պոլշեւիկներու իշխանութեան գլուխ գալով՝ Ռուսաստան դուրս քաշուեցաւ Առաջին Աշխարհամարտէն։
Դեկտեմբեր 1917ի Պրեսթ-Լիթովսկի հաշտութեան պայմանագիրը եւ, Յունուար 1918ին, անոր հետեւած Անդրկովկասեան Սէյմի ու Թուրքիոյ միջեւ կնքուած զինուորական գործողութեանց դադրեցման պայմանագիրը գլխիվայր շրջեցին ուժերու հաւասարակշռութիւնը Կովկասեան Ճակատի վրայ, ի նպաստ Թուրքիոյ։
Արեւմտահայաստանի ազատագրեալ տարածքին, ինչպէս եւ Արեւելահայաստանի խորերը միաժամանակ թափ առին քիւրտ-թաթարական գրգռութիւնները եւ հայերու հետ ընդհարումները, որոնք ռազմաճակատը լքող ռուս զինուորներու առաջացուցած իրարանցումին վրայ գումարուելով՝ ընդհանուր անձկութեան եւ բարոյալքումի վիճակ առաջացուցին։
*
* *
Հակառակ իր կնքած զինադուլի պայմանագիրներուն եւ հակառակ, նոյնպէս, ռազմական ուժի առումով իր աննպաստ դիրքին, Թուրքիա արագօրէն ձեռնարկեց ներկայացած յարմար պահը առաւելագոյն չափով օգտագործելու քայլերու։
Ռուսական զօրքերու թիկունքին՝ Կարս ու Արդահանէն մինչեւ Ալեքսանդրապոլ, քիւրտ-թաթարական խռովութեանց հրահրման զուգահեռ, Վեհիբ Փաշա սկսաւ ճնշումի տակ առնել ռազմաճակատի ռուսական դիրքերը։
Առաջին թիրախը եղաւ Երզնկան, ուր ռուս զինուորներու հեռանալէն ետք միայն հայկական զօրք մնացած էր։ Թրքական վերահաս գրոհին եւ անոր հետեւող խաղաղ բնակչութեան սպանդին առաջքն առնելու մտահոգութեամբ՝ զօր. Նազարբէկեան հրահանգեց պարպել Երզնկան՝ ե՛ւ բանակով, ե՛ւ բնակչութեամբ։
Վեհիբ Փաշա հանգիստ մուտք գործեց Երզնկայ Յունուար 31ին։
Այդպէս սկսաւ եւ շատ արագ թափով ընթացաւ մէկ կողմէ հայկական զօրքի նահանջը, իսկ միւս կողմէ Վեհիբ Փաշայի բանակին յառաջխաղացքը։
1918ի Յունուարի վերջերուն գրեթէ ռազմական հաւասար ուժ ներկայացնող հակադիր զօրքերուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը կտրուկ փոխուեցաւ երկու ամիս ետք։
Կարնոյ, Վանի, Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի յաջորդական գրաւումներուն հետ, թրքական բանակին ե՛ւ քանակական, ե՛ւ ռազմամթերքի ուժը կրկնապատիկ գերազանցեց հայկական զօրքի կարողականութիւնը։
Ապրիլ 1918ին Վեհիբ Փաշա արդէն հասած էր Ղարաքիլիսա եւ օրհասական վտանգը շօշափելի իրականութիւն դարձած էր հայ ժողովուրդին համար։
Անդրկովկասեան Սէյմի միջոցաւ զինադադարի հասնելու եւ թրքական արշաւանքը սանձելու փորձերը կեղծ էին եւ ապարդիւն անցան։ Աւելի՛ն. վրացիք իրենց փրկութիւնը գտան Թուրքիոյ դաշնակից գերմանացիներու մէջ, մինչ թաթարները սկսան Արարատեան դաշտի հայութեան շուրջ պաշարման աքցանը սեղմել նաեւ Գանձակէն ու Զանգեզուրէն։
Միայն հրաշքը կրնար փրկել հայ ժողովուրդը, որ այլեւս նահանջի տեղ չունէր․ ոչ ալ անձնատուութիւնը կրնար փրկել հայութեան, որովհետեւ թուրքը կը յառաջանար հայոց վերջին կռուանը եւս բնաջնջելու որոշումով։
Հայ ժողովուրդը արժանացաւ ՀՐԱՇՔԻՆ, երբ Արամի ներշնչումով ու ղեկավարութեամբ Երեւանի մէջ մէկ մարդու պէս ծառացաւ ցեղասպան ասպատակողին դէմ։
Եւ երբ Ղարաքիլիսան կրակի տակ առած Վեհիբ Փաշան իր զօրքերէն մաս մը 20 Մայիս 1918ին գրոհի մղեց միաժամանակ Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի ուղղութեամբ, իր դէմ գտաւ ռազմաճակատ թափած անպարտելի ժողովուրդ մը, որ մեծով ու պզտիկով, հոգեւորականով ու կիներով, բոլորով կռուի ելած էր՝ Ազատութիւն կամ Մահ գոռացող վճռականութեամբ։
*
* *
21 Մայիս 1918ին, Սարդարապատի ճակատին վրայ, թրքական արշաւող զօրքին դէմ սկսաւ հայկական ուժերուն ինքնապաշտպանական կենաց-մահու կռիւը։
Յաջորդ օրը՝ 22 Մայիսին, թրքական զօրքը գրաւեց Համալու կայարանը, որպէսզի փակէր Երեւանի օգնութեան հասնելու ճանապարհը հայկական ուժերուն առջեւ։
Ի պատասխան՝ ԴՐՕ իր գունդով մեկնեցաւ Բաշ Ապարան, որ եւ դարձաւ հայեւթուրք պատմական առճակատման երկրորդ ճակատը։
Դէմ առ դէմ կանգնած՝ թրքական եւ հայկական զօրքերը լարեցին իրենց բոլոր ուժերը, որպէսզի սեփական յաղթանակով աւարտեն սկսած օրհասական կռիւը։
Յաղթանակը սկսաւ ժպտիլ հայ ժողովուրդին, երբ Մայիս 23ին, Զօր. Սիլիկեանի հրամանատարութեամբ ու հրահանգով, հայկական ուժերը ձեռնարկեցին հակագրոհի՝ խորտակիչ հարուած հասցնելով եւ ծանր կորուստներ պատճառելով թրքական բանակին։
102 տարի առաջ, Մայիս 23ի այս օրը, հայ ժողովուրդը արժանաւորապէս սկիզբը դրաւ ազգային ու պետական վերականգնման իր պատմական յաղթարշաւին, որուն փառահեղ պսակումը պիտի դառնար հայկական յաղթանակը ինչպէս Սարդարապատի, նոյնպէս եւ Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ, հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ բանալով Մայիս 28ի լուսաշող արեւածագը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ