ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ԹԷՈԴԻԿ (Թէոտորոս Լէպճինճեան, 1873-1928). Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին հանրագիտակ ջահակիրը

ԹԷՈԴԻԿ (Թէոտորոս Լէպճինճեան, 1873-1928). Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին հանրագիտակ ջահակիրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ԹԷՈԴԻԿ (Թէոտորոս Լէպճինճեան, 1873-1928). Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին հանրագիտակ ջահակիրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

ԹԷՈԴԻԿ (Թէոտորոս Լէպճինճեան, 1873-1928).
Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին հանրագիտակ ջահակիրը

Ն. Պէրպէրեան

24 Մայիս 2020

24 Մայիսի այս օրը հայ ժողովուրդը կ՚ոգեկոչէ մահուան 92րդ տարելիցը իր հոգեմտաւոր ժառանգութեան հանրագիտակ պահապանին ու մշակին՝ հայ մտքի եւ գրականութեան երախտաւոր Թէոդիկի (Թէոտորոս Գրիգորի Լէպճինճեան), որ «Ամէնուն Տարեցոյցը» անունին տակ իր լոյս ընծայած ամենամեայ հասկաքաղներու շարքով՝ գլխաւոր հիմնադիրը հանդիսացաւ հայ իրականութեան մէջ տարեգիրքի գրական աւանդութեան մշակումին։

Թէոդիկ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին՝ դառնալով արժանահաւատ վկան հայոց ազգային նահատակութեան, յարութեան եւ վերապրումին։

Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնն ու տարողութիւնը մեր սերունդները ճանչցան եւ խորաչափեցին Թէոդիկի մտքի լոյսով ու սրտի յոյզով։ 1919ին լոյս տեսած իր «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկին (24ին)» հանրագիտական գործով, Թէոդիկ անուն առ անուն՝ հակիրճ կենսագրականներով ու արժեւորման վկայութիւններով, պատրաստեց ու հայոց վերապրող սերունդներուն եւ հանուր մարդկութեան յանձնեց վաւերագրութիւնը նահատակ հայ ժողովուրդի անճիտուած մտաւորական սերուցքին։

Կենդանի հանրագիտարանի շնչող ու կենսունակ մարմնաւորումն է Թէոդիկ, որ 1907էն սկսեալ մինչեւ 1928 իր հրատարակած «Ամէնուն Տարեցոյցը» անուն տարեգիրքներու հարուստ շարքով՝ ոչ միայն հիմնադիրը եղաւ հայ կեանքի եւ հոգեմտաւոր երկունքի տարեգրութիւնն ու ամենամեայ արգասիքը խտացնող գրական-հրապարակագրական բնագաւառին, այլեւ՝ հանդիսացաւ հայոց «ամէնուն» մտքի եւ հոգիի ծարաւը յագեցնելու առաքելութեան լծուած մեծարժէք ռահվիրան։

Եւ պատահական չէ, որ վերջին քսանամեակին ամէնուր, վերանկախացեալ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր գօտիները, Թէոդիկի նորովի յայտնագործման եւ վերարժեւորման ընդհանուր շարժում մը թափ առած է.

Վերահրատարակուած է «Ամէնուն Տարեցոյցը» շարքը, թուրք այլախոհը հայերէն բնագրով եւ անոր կցուած թրքերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայած է Թէոդիկի «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկին (24ին)» գործը, իսկ հայ մտաւորականութիւնը այժմէական արժեւորման լուսարձակի տակ կը բերէ խորիմաց բանասէրի եւ բանահաւաքի Թէոդիկեան ժառանգութիւնը։

*
* *

Հայ մտքի եւ մշակոյթի, գրականութեան եւ մամուլի երբեմնի ճառագայթող կեդրոնի՝ հայկական Պոլսոյ հարազատ ու արժանաւոր ներկայացուցչական դէմքերէն է Թէոդիկ։

Թէոտորոս Գրիգորի Լէպճինճեան ծնած է Սկիւտար, 5 Մարտ 1873ին։

Յաճախած է Սկիւտարի Ճեմարանը, ապա՝ «Պէրպէրեան» վարժարանը եւ աւարտած է Պոլսոյ ամերիկեան «Ռոպերթ» գոլէճը։
Վաղ հասակէն սկսած է կանոնաւորաբար աշխատակցիլ իր ժամանակի պոլսահայ թերթերուն («Ծաղիկ», «Հանրագիտակ», «Մանզումէի Էֆքիար», «Սուրհանդակ» եւայլն), գործածելով տարբեր գրչանուններ՝ Մոդոթէ, Մտոստիկ, Թէոդիակ եւ Թ.Ա.։

Սկզբնական շրջանի իր հրապարակումները ունեցած են ուղեգրական տոմսերու, նորավէպերու եւ դիմաստուերներու ներկայացման բնոյթ։ Առանձին հատորով լոյս տեսած առաջին գործերէն եղած է «Ճանչուոր դէմքեր» խորագրով դիմաստուերներու շարքը։ Իր նորավէպերը («Շան խիղճը», «Շրթունք շրթունքի եւայլն) 1912ին ամփոփուեցան եւ հրատարակուեցան «Կաղանդ» անունով։

1905ին, «Պոլսոյ Հայեվարը» խորագրով բանասիրական իր անտիպ աշխատասիրութիւնը արժանացաւ ատենի հեղինակաւոր «Իզմիրեան» գրական մրցանակին։

Հայ գիրերու ստեղծման եւ տպագրութեան պատմութեանն է նուիրուած 1912ին լոյս տեսած Թէոդիկի «Տիպ ու տառ» մեծարժէք ուսումնասիրութիւնը։

Բայց Թէոդիկի կոթողական նուաճումը կը հանդիասանայ 1907ին անոր ձեռնարկած «Ամէնուն Տարեցոյցը», որ ունեցաւ հրատարակութեան երկու շրջան. առաջինը տեւեց մինչեւ 1915, երբ տարեգիրքի այդ տարուան համարի հրատարակութենէն ետք Թէոդիկ իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ.

հրատարակութեան երկրորդ շրջանը վերսկսաւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին հետ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1928ի իր մահը՝ նախ Պոլսոյ մէջ (մինչեւ 1923ին իր վերջնական հեռացումը Թուրքիայէն), ապա՝ Փարիզ, ուր հաստատուեցաւ եւ գործեց հայ մտքի ու գրականութեան այս երախտաւորը։

Առանձին ուշադրութեան արժանի պատմութիւն է Թէոդիկի մազապուրծ փրկութիւնը թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն։

Մ. Աղանալեանի վկայութեամբ՝ դէպի Տէր Զօր աքսորի ճամբուն վրայ, Թէոդիկ ազատագրուած է հայ մարտիկներու խումբի մը կողմէ։ Օտար անձնաթուղթով ընդյատակեայ կեանք ապրած է մինչեւ Աշխարհամարտի աւարտը՝ իբրեւ բանուոր աշխատելով Տաւրոսեան թունելախորշի ռազմական շինարարութեան մէջ։

Զինադադարէն ետք թափ առած պոլսահայ զարթօնքի վերջին ճառագայթումին դրօշակիրը եղաւ Թէոդիկ։

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումն ու հայոց պետականութեան կառուցումը ոչ միայն խանդավառութեան անսպառ աղբիւր մը դարձան Թէոդիկի եւ անոր սերունդին վերապրող մտաւորականութեան նորովի երկունքին համար, այլեւ՝ ազգային-քաղաքական յանձնառու գործունէութեան մղեցին Թէոդիկին։

Թէոդիկ յաջորդաբար գրեց եւ հրատարակեց «Յուշարձան»ը, «Զուլումը եւ մեր որբերը» (1920ին) եւ «Գողգոթա»ն, որ լոյս տեսաւ յետ-մահու 1966ին։

Ան աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ վերահրատարակուող պոլսահայ մամուլին՝ «Ժամանակ», «Ժողովուրդ» եւ «Վերջին Լուր» թերթերուն։

1923ին Փարիզ հաստատուելէ ետք ալ Թէոդիկ նոյն թափով շարունակեց իր աշխոյժ գործունէութիւնը, պահպանեց «Ամէնուն Տարեցոյցը» եւ արժանաւորապէս մարմնաւորեց հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին ապրող վկան ու անլռելի ձայնը հանդիսանալու կրկնակ հանգամանքը։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ԹԷՈԴԻԿ (Թէոտորոս Լէպճինճեան, 1873-1928)-1

*
* *

Թէոդիկի մեծութիւնը կը կայանայ թէ՛ իր ժամանակի հայ կեանքին մեծ ու փոքր իրադարձութեանց ու խնդիրներու ուշադիր եւ քննարկու տեղեկագրողն ու արժեւորողը ըլլալու, թէ՛ հայ մտաւորականութեան ճառագայթող դէմքերը՝ Դանիէլ Վարուժանէն մինչեւ Հրաչեայ Աճառեան, իր տարեգիրքին շուրջ համախմբելու, թէ՛ խօսքին արժանահաւատութեան ու գեղարուեստական բարձր մշակման անմնացորդ նուիրուելու արժանիքներուն մէջ։

Յատկանշական է, որ Թէոդիկ կեանքի պայմաններու բերմամբ ուսման եւ բարձրագոյն կրթութեան հնարաւորութիւն չունեցաւ, բայց անուս իր վիճակով հանդերձ՝ ինքնաշխատութեամբ եւ ընթերցման իր անյագ մղումով՝ հանդիսացաւ իր ժամանակաշրջանի հանրագիտակ հսկաներէն մէկը, որ մեծ աւանդ ու ներդրում ունեցաւ նորահաս տաղանդներ յայտնագործելու, մեր ժողովուրդին ներկայացնելու եւ ըստ արժանւոյն քաջալերելու եւ գնահատելու մարզին մէջ։

Հայ գրական հանճարի սփիւռքեան ճառագայթումներէն Շահան Շահնուր, որուն հարազատ մօրեղբայրն ու գրական առաջին քայլերը խրախուսողն էր Թէոդիկ, առիթով մը, հայ գրական տաղանդի նոյնքան վաւերական ներկայացուցիչներէն Գուրգէն Մահարիի ուղղուած իր նամակներէն մէկուն մէջ, «անուս» Թէոդիկի նախանձելի մտապաշարին եւ գեղարուեստական ճաշակին մասին կը փոխանցէ հետեւեալ վկայութիւնը.-

«Գալով Թէոդիկի, ան գիտական մշակ մըն էր բայց ո՛չ գրագէտ, եթէ այս բառէն չանջատենք արուեստագէտի իմաստը: Այսուհանդերձ, թերուս Թէոդիկը շատ աւելի նպաստ բերաւ մեր դպրութեան, քան թէ անոնք, որ մեծատաղանդ համարուած են։ Ապշեցուցիչ բան մըն էր իր կորովը եւ իր մանկունակ խանդը…» (15 Յունիս 1962):

Մահարիի պատասխան նամակը եւս նոյնքան ուշագրաւ արժեւորում մը կը կատարէ Թէոդիկի աւանդին մասին.-
«Բովանդակալից նամակդ երկու անակնկալ ունէր ինծի համար։ Առաջինը, որ Թէոդիկը թերուս էր։ Իսկապէս որ անակնկալ յայտնութիւն. այդքա՜ն ճաշակ, այդքա՜ն գրական հոտառութիւն, այդքա՜ն արուեստի ըմբռնում եւ թերո՞ւս…

Գիտէի՛, որ Թէոդիկը մօրեղբայրդ է. իմ գրասիրութեան եւ գրական ճաշակի (եթէ կայ…- բայց կա՛յ, կա՛յ, որովհետեւ Շահան Շահնուրը կը սիրեմ…) կազմաւորման մէջ շատ մեծ դեր ունեն այդ մեծ գրապաշտի տարեցոյցները: Մինչեւ 1936 թուականը ունէի 13 հատոր եւ կը պահէի աչքիս լոյսի պէս. 1936ին ես Սիպերիա անցայ (գետին անցնելու նման բան մը…), իսկ Թէոդիկներս, ինչպէս վանեցիները կ՚ըսեն, հնդիեաման գնացին…» (28 Յունիս 1962):

*
* *

ԹԷոդիկի հոգեմտաւոր աշխարհին հետ հաղորդուելու պահը շնչաւորելու կը ծառայէ քսաներորդ դարասկիզբի հայ մտքի եւ գրականութեան այս հսկային ապրող մտքերէն քաղուած հետեւեալ փունջը.

– Գաղափարները ոլորուած մագաղաթներ են. խօսակցութիւնն է, որ կը բանայ զանոնք:

– Գաղափարներ ստանալը կը նմանի ծաղիկներ քաղելուն, իսկ խորհիլը՝ ծաղկեփունջ կազմելուն:

– Ուր որ տեսնէք կարգապահութիւն՝ առանց վիշտի, խաղաղութիւն՝ առանց գերութեան եւ լիութիւն՝ առանց շռայլութեան, գիտցէք, որ հոն երջանիկ էակ մըն է, որ կը կառավարէ:

– Պետութիւն մը որքան ապականուի՝ այնքան օրէնքները կը շատնան:

– Զինուորներու դիակները գերագոյն պատուանշաններ են, զորս մայրեր, քոյրեր, այրիներ եւ որբեր արցունքով կը կախեն իրենց Հայրենիքին կուրծքէն՝ Անոր մշտնջենաւոր փառքին համար:

– Վախկոտը վտանգէ առաջ կը վախնայ, վատ մարդը՝ վտանգի ժամանակ, իսկ քաջը՝ վտանգէն յետոյ:

– Գայլերուն պատերազմը գառնուկներուն խաղաղութիւնն է:
– Դրամին ի՛նչ ըլլալը եթէ գիտնալ կ՚ուզես՝ աշխատէ փոխ առնել:
– Շահը բարեկամութեան գերեզմանն է:
– Երբ խնդիրը շահու վրայ է՝ կովերն անգամ արծիւներ կը դառնան:

– Վայելքը երջանկութեան թշուառութիւնն է, իսկ յոյսը՝ թշուառութեան երջանկութիւնը:

– Հաճոյքը յիմարներու երջանկութիւնն է, իսկ երջանկութիւնը՝ իմաստուններու հաճոյքը:

– Կ՚ուզե՞ս յաղթել մոլուցքներուդ. մի՛ կռուիր անոնց հետ, փախի՜ր:
– Հանճարը ստեղծողն է, իսկ ռամիկը՝ ստեղծագործողը:
– Վիշտերը կտակներու նման են՝ ամենավերջինը կ՚ոչնչացնէ նախորդները:
– Անթերի գեղեցկութիւնը զտուած ջուր մըն է, որ… համ չունի:
– Մրջիւնի բնակարանին մէջ ջրհեղեղ է ցողը:
– Ժամացոյցը կեանքի խարտոցն է:
– Աստուած եթէ ագռաւի ձայնին լսէր՝ վարդավառին ձիւն կու գար:
– Ծեր մարդոց խրատ տալը տարբերութիւն չունի սեւ հագուստի վրայ լու փնտռելէն:
– Հայը ձի հեծնայ՝ Աստուած կը մոռնայ. ձիէն իջնայ՝ ձին կը մոռնայ:

Խմբանկարը ցոյց կուտայ Թէոդիկ՝ նստած, շրջապատուած՝ ոտքի, ձախէն աջ, Շաւարշ Միսաքեան, Շահան Շահնուր, Նշան Պէշիկթաշլեան, Մելքոն Քեպապճեան եւ Շաւարշ Նարդունի – 1928ին

ԹԷՈԴԻԿ (Թէոտորոս Լէպճինճեան, 1873-1928). Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին հանրագիտակ ջահակիրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail