Ատրպէյճանը Խախտած է Կեանքի Իրաւունքը․ ՄԻԵԴ-ը Գուրգէն Մարգարեանի Գործով Վճիռ Հրապարակած է

Ատրպէյճանը Խախտած է Կեանքի Իրաւունքը․ ՄԻԵԴ-ը Գուրգէն Մարգարեանի Գործով Վճիռ Հրապարակած է

Ատրպէյճանը Խախտած է Կեանքի Իրաւունքը․ ՄԻԵԴ-ը Գուրգէն Մարգարեանի Գործով Վճիռ Հրապարակած է

26 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

massacre in Maragha

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը վճիռ հրապարակած է Պուտափեշտի մէջ ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովին կողմէ քնացած ժամանակ կացինահարուած ՀՀ զինուած ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ընկերոջ՝ Հայկ Մակուչեանի եւ հարազատներու ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ հայցերուն առնչութեամբ։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ ՄԻԵԴ-ի պաշտօնական կայքէն։

Դատարանը արձանագրած է, որ Ատրպէյճանը տապալած է ազգային ատելութեան հիմքի վրայ կատարուած սպանութեան համար պատիժի կրման ապահովումը՝ ներում շնորհելով, խրախուսելով ոճրագործը, որ չէ տառապած որեւէ հոգեկան հիւանդութեամբ։ Այսպիսով՝ պետութիւնը խախտած է կեանքի իրաւունքի դէմ ոտնձգութեան համար պատիժի լիակատար ապահումը՝ հիմք ստեղծելով անպատժելիութեան համար։ Ատրպէյճանը Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին համաձայնագրի 2-րդ յօդուածի (կեանքի իրաւունք) խախտման հետ զուգահեռ խախտած է Համաձայնագրի 14-րդ յօդուածը (խտրականութեան արգելում)։

ՄԻԵԴ-ը նաեւ արձանագրած է, որ չկայ որեւէ հաստատող փաստ, որ Հունգարիոյ իշխանութիւնները կրնային տեղեակ ըլլալ Սաֆարովի յետագայ արդարացման մասին։ Դիմումատուները նիւթական փոխհատուցում չէին ակնկալած․ օրեր առաջ տուած հարցազրոյցին մէջ նշած էին, որ կարեւորը արդարութեան վերահաստատումն է ու Ատրպէյճանի դատապարտումը։ Անոնք հայցին մէջ նշած էին ընդամէնը 15,143 ֆունտ սթերլինկ (մօտ 18 հազար տոլար) փոխհատուցման մասին՝ լոնտոնաբնակ երկու փաստաբաններու մօտ 45 ժամեայ աշխատանքին դիմաց վճարելու համար։ Ճիշդ նոյնքան դատարանը Ատրպէյճանը պարտաւորեցուցած է վճարելու հայցուորներուն։

Յիշեցնենք, որ 2004-ին, Գուրգէն Մարգարեանը Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ կը մասնակցէր ՆԱԹՕ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ուսումնական ծրագիրին:

Դատական գործընթացին ժամանակ, Սաֆարովը նշած էր, որ յանցագործութիւնը կատարած է՝ դրդուած Հայաստանի եւ հայերու հանդէպ ատելութեամբ: Պուտափեշտի դատարանը զինք դատապարտած էր ցմահ ազատազրկման: Այդուհանդերձ, 2012-ին, Սաֆարովը արտայանձնուած էր Ատրպէյճանին, ուր անոր ներում շնորհուած էր:

Ատրպէյճանը Խախտած է Կեանքի Իրաւունքը․ ՄԻԵԴ-ը Գուրգէն Մարգարեանի Գործով Վճիռ Հրապարակած է

Yerakouyn.com/2020/05/26/ատրպէյճանը-խախտած-է-կեանքի-իրաւունքը/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail