ՀՅԴ Հայ Դատի Մասնակցութիւնը Պոնտական Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ելոյթներուն

19 ­Մա­յի­սին, ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րը կը յար­գեն յի­շա­տա­կը ա­ւե­լի քան 350.000 յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ

ՀՅԴ Հայ Դատի Մասնակցութիւնը Պոնտական Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ելոյթներուն

26 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

19 ­Մա­յի­սին, ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րը կը յար­գեն յի­շա­տա­կը ա­ւե­լի քան 350.000 յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ

Ա­մէն տա­րի՝ 19 ­Մա­յի­սին, ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րը կը յար­գեն յի­շա­տա­կը ա­ւե­լի քան 350.000 յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ։

Այս տա­րի եւս, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան յի­շա­տա­կի ե­լոյթ­նե­րուն եւ առ­ցանց յայ­տա­գիր­նե­րուն։ Ն­շե­լի է, որ այս ան­գամ, Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի տա­րած­ման պատ­ճա­ռով, կարգ մը ե­լոյթ­ներ փո­խա­րի­նո­ւե­ցան հա­մա­ցան­ցի վրայ սփռում­նե­րով։

Ե­րեք­շաբ­թի՝ 19 ­Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Համա­պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած յի­շա­տա­կի ե­լոյ­թին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­թէն­քի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին առ­ջեւ, Հ.Յ.Դ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով մաս­նակ­ցե­ցաւ եւ խօսք ուղ­ղեց ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան։ ­Նոյն օ­րը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ առ­ցանց յայ­տա­գիր, ո­րու ըն­թաց­քին իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց ընկ. ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան։

­Նոյն յայ­տա­գի­րին, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի յու­նա­կան հա­մայնք­նե­րու նա­խա­գահ ­Մա­րիա ­Լա­զա­րե­ւա։ ­Պոն­տա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան (Է­բո­նա) կող­մէ սփռուած հա­մա­ցան­ցա­յին յի­շա­տա­կի ե­լոյ­թին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան ա­նու­նով ող­ջոյ­նի խօսք ար­տա­սա­նեց ընկ. Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեան։ ­

Հա­յաս­տա­նի Ա­լա­վեր­տի քա­ղա­քի մէջ ­Դի­մա­տետ­րէն սփռո­ւած առ­ցանց յայ­տա­գի­րի մը ըն­թաց­քին, ու­ղիղ հե­ռա­կա­պով խօ­սե­ցաւ ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան։ ­Բո­լոր խօ­սող­նե­րը ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ջան­քե­րուն, նշե­լով՝ թէ որ­քան ժամանակ ­Թուր­քիոյ գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը ան­պա­տիժ կը մնան, ա­նոնք մարդ­կու­թեան դէմ շա­րու­նա­կո­ւող եւ կրկնուող նոր ո­ճիր­նե­րու ճամ­բայ կը բա­նան։

«­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րը չեն մեռ­նիր, որ­քան ժա­մա­նակ մենք հոս կը գտնո­ւինք։ ­Կը յի­շենք ու կը պա­հան­ջենք», շեշ­տե­ցին ա­նոնք։ Նաեւ յայտ­նե­ցին, թէ ­Հա­յաս­տան ճանչ­ցած է ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը ան­վե­րա­հա­պա­հօ­րէն ու գործ­նա­պէս կը զօ­րակ­ցի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­դար ճա­նաչ­ման։

­Հա­յաս­տան կը յար­գէ յոյն
նա­հա­տա­կ­նե­րու յի­շա­տա­կը

«­Հա­յաս­տա­նը, եղ­բայ­րա­կան յոյն ժո­ղովրդի հետ ի հա­մե­րաշ­խու­թիւն, յար­գում է Օս­մա­նեան ­Թուր­քիա­յի կող­մից սպա­նո­ւած յոյն նա­հա­տակ­նե­րի եւ ան­մեղ զո­հե­րի յի­շա­տա­կը»:

Այս մա­սին կը յայտ­նէ Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րա­րու­թիւ­նը «­Թո­ւի­թեր»ի է­ջին վրայ՝ ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի օ­րո­ւան ա­ռի­թով: Ե­րեք­շաբ­թի՝ 19 ­Մա­յի­սին, ­Հա­յաս­տա­նի յու­նա­կան հա­մայնք­նե­րու եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նա­տան ա­նու­նով ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղո­ւե­ցան ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լի­րին առ­ջեւ։

Այս տա­րի, Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի հա­մա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով, տե­ղի չու­նե­ցան հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­ներ եւ ժո­ղովր­դա­յին եր­թը դէ­պի ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ։

­Յի­շա­տա­կի ե­լոյթ­ներ տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ Ա­լա­վեր­տիի, ­Նո­յեմ­բե­րեա­նի եւ Ս­տե­բա­նա­ւա­նի մէջ ապ­րող հայ-յու­նա­կան հա­մայք­նե­րուն կող­մէ ։

19 ­Մա­յի­սին, ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րը կը յար­գեն յի­շա­տա­կը ա­ւե­լի քան 350.000 յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ

Yerakouyn.com/2020/05/26/հյդ-հայ-դատի-մասնակցութիւնը-պոնտական/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail