ՆՈՐ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ….

Խմբագրական

ՆՈՐ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ…

Երան Գույումճեան
Երան Գույումճեան
Ամբողջ 2015-ը Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցն էր, անոր ոգեկոչումը, անոր նուիրուած հանդիսութիւնները, գիտաժողովները, ցուցահանդէսները, բազում եւ բազմաբնոյթ ձեռնարկները, որոնք կատարուեցան գաղութէ-գաղութ, Մայր հայրենիքէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը, ուր կայ թէկուզ բուռ մը հայ որ կ’ապրի իր հայկականութեամբ բաբախուն…, եւ այս բոլորը՝ համահայկական ոգիով, համահայկական գիտակցութեամբ, արժանապատուութեամբ, համահայկական պահանջատիրական յանձնառութեամբ, իրաւապահանջութեամբ, մէկ սիրտ, մէկ հոգի, բառիս իսկական առումով…: Տպաւորիչ քայլեր էին յատկապէս մեր բիւրաւոր նահատակներու սրբադասումը, Հռոմի Պապի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ արդարութեան վերականգնումի մասին բարձրաձայնումը Վատիկանի մէջ ի լուր համայն աշխարհի…: Նմանապէս՝ ՀՀ նախագահի Համահայկական Հռչակագրի յայտարարութիւնը հայ իարաւապահանջութեան վերաբերեալ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած իրաւապահանջ դատը՝ Սիսի Կաթողիկոսութեան բռնախլուած իրաւունքներուն վերականգնումի գծով:

Կրնա՞նք ըսել, սակայն, որ ամէն ինչ հասաւ իր աւարտին եւ կրնանք հանգիստ քուն քնանալ մինչեւ յաջորդ Հարիւրամեակ, թէ՞ տակաւին, սա նոր մեկնակէտ է նոր Հարիւրամեակին ընդ առաջ, նոր բովանդակութիւն տալու մասնաւորաբար Հարիւրամեակի՝ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին: Յիշողութիւնը էական բայց բաւարար չէ հարկաւ պահանջատիրութեան երկարամեայ, ծրագրաւորուած եւ հետեւողական աշխատանքին համար, հայ Դատի հետապնդումին համար, որուն համար հրամայական նախապայման է Համահայութեան ճիշդ վերակազմակերպումը՝ իր երեք ջոկատներով՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք: Հայաստանի Հանրապետութիւնը վստահաբար ունի իր պետական անվտանգութեան թելադրած մտահոգութիւնները, ինչ կը վերաբերի Թուրքիայէն հող պահանջելու խնդրին, թէեւ Ուիլսոնեան իրաւարարութեան սահմանագծումը Հայաստանի հողատարածքին կը մնայ ի զօրու ներկայիս եւս: Իսկ տարագիր Սփիւռքը՞:

Կրցա՞ւ ան վերակազմակերպուիլ՝ Մէկ Ներկայացուցչական Լիազօր Մարմնի մը ներքոյ, վեր ելլելով կուսակցական, հատուածական եւ այլ նկատառումներէ, ա՛լ քարացած կարծրատիպերէ, հնամաշ դարձած գործելաոճերէ: Վերջապէս, ո՞վ է բուն իրաւատէրը հայ Դատին: Իր հողերէն բռնի տեղահանուած եւ աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած տարագիր եւ հայրենազուրկ հայութիւնը չէ՞ բուն իրաւատէրը հայ Դատին, որ ցարդ կը մնայ առանց զինք լիիրաւ եւ լիարժէք ներկայացնող Մէկ, Կեդրոնական, Ներկայացուցչական Մարմնի:

Մեր առաջին քայլը պիտի ըլլայ առաջնահերթաբար կեանքի կոչել վերոնշեալ Մարմինը՝ իր բոլոր ածանցեալ կառոյցներով, որոնցմէ են մասնաւորաբար Համասփիւռքեան Հիմնադրամը եւ Մտածողներու Մարմինը (think tank), ինչպէս կը գրէ այնքան յատկանշականօրէն Դոկտ. Փրոֆ. Երուանդ Քասունի իր՝ «Սփիւռք-Համասփիւռքեան Հիմնադրամ» խորագրեալ յօդուածին մէջ (տես մեր նախորդ թիւը):

Մեր առջեւ կայ քայլ առ քայլ մշակելի եւ գործադրելի Ծրագիր՝ հայ Դատի հետապնդման գծով, եթէ չենք ուզեր մենք մեզ խաբել՝ զգացական զեղումներով եւ ձեւական ու ցուցադրական միջոցառումներով միայն: Եթէ չենք ուզեր մանաւանդ ապաւինիլ օտարին ողորմածութեան:

Զօրաւոր Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ զօրաւոր Սփիւռքը էական բաղադրիչներն են, անկասկած, հայ Դատի բարւօք լուծման ուղղութեամբ: Այստեղ չենք նշեր Արցախը՝ առանձինն, քանզի անիկա անքակտելի եւ անբաժանելի մասն է Հայաստանի Հանրապետութեան:

Զօրաւոր Հայաստանի Հանրապետութիւն կը նշանակէ առաջնահերթաբար՝ արդարութեան եւ ազգային-հոգեւոր արժեհամակարգի վրայ կառուցուած, ազգային-պետական յստակ օրակարգով եւ տեսլականով առաջնորդուող պետութիւն իր բոլոր ստորոգելիներով՝ ազգային բանակ, արդիւնաբերութիւն, տնտեսութիւն, գիտութիւն, մշակոյթ, կրթութիւն, առողջապահութիւն…, որոնք գործեն պետական մտածողութեամբ, հաւաքական շահը ունենալով որպէս գերնպատակ եւ ոչ՝ անձնականը, խմբակայինը, հատուածականը…:

Կը նշանակէ՝ ազնիւ ըլլալ մէկզմէկու նկատմամբ, չկաշառել եւ չկաշառուիլ, չխաբել, չկեղեքել, չչարաշահել, սիրել զիրար, վստահիլ իրարու…եւ արթուն պահել ոգին, արժանապատւութիւնը, ազգային-հայրենասիրական ոգին, առանց որուն «մենք կը քաղցենք ճոխ սեղանի մօտ», քանզի ոգին է ամէն յաղթանակի սկիզբը, ամէն յաղթանակի արժեւորման բանալին, ամէն յառաջդիմութեան խթանիչ ուժը…:

Յայնժամ միայն կը կասի մեր երկիրը հայաթափող արտագաղթը, կը կայանայ ազգային մեր պետականութիւնը, կը կայանայ քաղաքացիական հասարակութիւնը, ուր ամէն ոք ինքզինք զգայ տէրն ու ծառան մեր երկրին, պատրաստ նուիրաբերելու իր ամբողջական ներուժը մեր երկրի զարգացման, յարատեւման: Իսկ ժողովուրդի մը հունաւորուած, արդիւնաւորուած ներուժը մեծագոյն եւ անփոխարինելի հարստութիւն է որոշապէս: Մեր երկրին գերագոյն ուժը:

Զօրաւոր Սփիւռք կը նշանակէ վերակազմակերպուած սփիւռք՝ իր ներկայացուցչական, համասփիւռքեան Մարմինով գլխաւորաբար եւ անոր հետ ածանցեալ՝ Համասփիւռքեան Հիմնադրամով, մտածողներու եւ մասնագէտներու խորհուրդով, հայ դպրոցներու ցանցով, ընկերային-առողջապահական ծառայութիւններով, քարոզչական մեքենայով…: Եթէ կարենանք դուրս գալ կոշկոռ կապած, մեր հնամաշ մտածելակերպէն եւ գործելակերպէն, թօթափել մեր վրայէն հնաոճ եւ քարացած գործելաեղանակներու արգելակները, յայնժամ միայն կարելի է յուսալ որ իրերայաջորդ սերունդները պիտի կարենան հայօրէն դաստիարակուիլ եւ ստանձնել հայ Դատ հետապնդելու ծանր եւ լրջագոյն պատասխանատուութիւնը:

Առանց նման վերակազմակերպումի, անտէր ու անտիրական սփիւռքը՝ ժամանակի թաւալումով, մէկ առ մէկ պիտի փակէ հայ դպրոց ու մամուլ, հայեցի կրթութեան օճախ ու մշակոյթի տուն, պիտի բռնէ ազգային նահանջի տխուր ճամբան, եւ հարիւրամեակ մը ետք կամ անկէ շատ առաջ ալ, գուցէ մնան ծագումով հայեր միայն, որ զուրկ ըլլան հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի կենարար աւիշէն…որ էապէս կը սննդաւորէ հայն ու հայութիւնը՝ իր հայկականութեամբ, ազգային իր էութեամբ:

Հետեւաբար, հայ Դատ եւ պահանջատիրութիւն կրնան դառնալ բովանդակազուրկ բառ-հասկացութիւններ, քանզի առանց հայօրէն պատրաստուած սերունդներու, Իրաւունքը կը մնայ առանց Իրաւատէրի կը դառնայ լքեալ տարր…ի վերջոյ հանգչելու պատմութեան արխիւներուն մէջ: Ունի՞նք կամքն ու յանձնառութիւնը կեանքի կոչելու նման մարմին ու ածանցեալ կառոյցներ, թէ՞ պիտի շարունակենք մեր կուսակցակեդրոն մտածելակերպը, հայ կեանքի մայր երակէն դուրս ձգելով անկուսակցական մտածողն ու մասնագէտը, նուիրեալն ու շարքային հայը…:

Պիտի հաւաքագրե՞նք մեր ներուժը, պիտի խտացնե՞նք տարտղնուած մեր ուժերը նման կեդրոնական լիիրաւ մարմնի մը ներքոյ եւ բարձր պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ նոր թափ ու սլացք տանք Պահանջատիրական եւ հայապահպանման մեր աշխատանքներուն: Սա վստահաբար նոր խթան կրնայ ըլլալ նաեւ՝ Հայաստան-Սփիւռք կապերու սերտացման եւ արդիւնաւորման, քանզի միայն վերակազմակերպուած սփիւռքը կրնայ երկարաժամկէտ, ծրագրաւորուած եւ արդիւնաբեր նեցուկ եւ զօրավիգ ըլլալ Հայաստանին: Սա գերագոյն մարտահրաւէրներէն մէկն է նոր հարիւրամեակին ընդառաջ:

Այսօր Թուրքիան հետեւողականօրէն կը շարունակէ իր ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը, իր ձեռքին տակ ունենալով մահաբեր գործիք մը՝ ՏԱԷՇ կոչեցեալ, որ իր արիւնալի նախճիրները կը սարքէ աշխարհի չորս կողմերը, ահ ու սարսափ տարածելով չորս դին: Արմատական իսլամիստներու այս զինեալ խումբը որոշապէս իր հրահանգները կը ստանայ Թուրքիայէն, կը գործէ անոր հակակշռին տակ, իր վարժութիւնները կը կատարէ անոր հողին վրայ, որպէս անոր ռազմավարութեան գործադիր զինուժը…: ՏԱԷՇ-ը էապէս հակահայկական է: Վկայ՝ մէկ ու կէս տարի առաջ, անոր յարձակումը Քեսապի վրայ, տեղւոյն հայութեան բռնի տեղահանումը իր բնօրրանէն. Վկայ՝ Տէր Զօրի Նահատակաց յուշարձան-եկեղեցւոյ քարուքանդ կործանումը իր ձեռամբ. Վկայ՝ Հալէպի պատմական Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ ռմբահարումը. Վկայ՝ Հալէպի հայկական թաղերու մահասփիւռ քանդումը….եւ այսպէս, շարունակաբար: Եւ ճիշդ ինչպէս հարիւր տարի առաջ, Եւրոպայի գերհզօր ուժերը, ԱՄՆ-ը տակաւին անաչառ գնահատականը չտուին այս ճիւաղին ետին գտնուող Թուրքիոյ սերտ գործակցութեան: Աւելին, այս ոճրային կազմակերպութիւնը ծնունդն է արեւմտեան գերհզօր ուժերու….Պատմութիւնը կարծէք կը կրկնուի միեւնոյն ձեռագիրով եւ դաժանութեամբ:

Ներկայիս, առաւել քան երբե՛ք, հայ քաղաքական միտքը հարկադրանքին տակն է համակարգելու իր ուժերը, միասնական ռազմավարական ծրագիր մշակելու յետին մանրամասնութեամբ, կարենալու համար դիմակայել մեր ազգային անվտանգութեան եւ հայ լինելութեան սպառնացող լրջագոյն վտանգները: Նմանապէս, կարենալու հայ Դատի հետապնդումը արդիւնաւէտութեամբ հունաւորել գալիք տասնամեակներուն:

Ազգային ներուժը միաւորելու, հունաւորելու, համակարգելու եւ նպատակասլաց գործելու հրամայականը կը ցցուի մեր դիմաց, որպէս ժողովուրդ եւ հայոց երկիր, ներկայիս առաւել քան երբեք….Պիտի կարենա՞նք՝ դարերու փորձով իմաստնացած, մեր սխալներէն դասեր քաղած եւ ապրելու, յարատեւելու վճռակամութեամբ եւ արժանապատուութեամբ շարունակել մեր ճամբան եւ մեր արժանավայել տեղն ու դերը նուաճել, ամրագրել ներկայ բարդ աշխարհի խճանկարին մէջ….

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթթ
կայք էջ : www.azadkhosk.co
Խմբագիր – Երան Գույումճեանն
Թիւ (53) Դեկտեմբեր 2015

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail