Քաղաթաղի Որոտան Գիւղին Մէջ Նոր Մանկապարտէզ Կը Կառուցուի – Քաղաթաղի Որոտան Գիւղին Մէջ Նոր Մանկապարտէզ Կը Կառուցուի

Քաղաթաղի Որոտան Գիւղին Մէջ Նոր Մանկապարտէզ Կը Կառուցուի

Քաղաթաղի Որոտան Գիւղին Մէջ Նոր Մանկապարտէզ Կը Կառուցուի – Քաղաթաղի Որոտան Գիւղին Մէջ Նոր Մանկապարտէզ Կը Կառուցուի

27 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Քաղաթաղի Որոտան Գիւղին Մէջ Նոր Մանկապարտէզ Կը Կառուցուի

Արցախի կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ Քաշաթաղի շրջանի Որոտան գիւղին մէջ կը կառուցուի նոր մանկապարտէզի երկյարկանի շէնքը:

Ըստ «Արցախփրես»-ի, այս մասին յայտնած է գիւղապետ Վրոյր Ասրեան` նշելով, որ շինարարական աշխատանքները սկսած են 2019 թուականի աշնան:

«Շէնքը պիտի ըլլայ ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան: Նախակրթարանին բակը նախատեսուած է կառուցել խաղահրապարակներ, որոնք պիտի ունենան նաեւ կանաչ տարածք: Մանկապարտէզը նախատեսուած է 100 երեխայի համար:

Որոտանի մէջ նոր մանկապարտէզ ունենալը պիտի թեթեւցնէ ծնողներուն հոգերը, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական ու բարեկեցիկ պիտի դառնայ երեխաներուն առօրեան: Նախակրթարանը նաեւ նոր աշխատատեղեր պիտի ապահովէ համայնքին համար: Ի դէպ, համայնքին մէջ նախադպրոցական տարիքի 120 երեխայ կայ»,-մասնաւորապէս ըսած է Ասրեան:

Քաղաթաղի Որոտան Գիւղին Մէջ Նոր Մանկապարտէզ Կը Կառուցուի

yerakouyn.com/2020/05/27/քաղաթաղի-որոտան-գիւղին-մէջ-նոր-մանկապ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail