ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն 100 – Ամեակ Վահան Չերազ Եւ Բծաւոր Տիֆ Համաճարակը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1920. Ի՞նչ Է Պատգամը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն 100 – Ամեակ Վահան Չերազ Եւ Բծաւոր Տիֆ Համաճարակը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1920. Ի՞նչ Է Պատգամը

27 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապրուստի դաժան պայմաններ դիմակայեց՝ մնայուն պատերազմական վիճակ, դաւադրութիւններ ներսէն եւ դուրսէն, սով, աղքատութիւն, համաճարակներ՝ բծաւոր տիֆ, ճահճատենդ (մալարիա), ժանտախտ (քոլերա) եւ այլն, որոնց պատճառով 1918-ի աշունէն մինչեւ 1919-ի գարուն՝ մահացաւ աւելի քան 150 հազար մարդ:

Կամաւորական գունդերուն միացած մարտիկ, զօրավար Անդրանիկի ընկերակից եւ թարգման, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն Վահան Չերազի մասին հետեւեալ վկայութիւնը տուած է Վազգէն Անդրէասեան, որուն Վարդանոյշ քրոջ ամուսինն էր Չերազ, «Վահան Չերազ եւ իր երգն Հայաստանի» 544 էջ գիրքին մէջ: Ստորեւ կը ներկայացնեմ էջ 80-81 հատուածը.

«Եթէ Վահան Չերազ եղած է անվեհեր զինուորը հայրենիքի պաշտպանութեան, եղած է նոյնքան գորովագութ եղբայր մը, իր անցած ճամբաներուն, տեղերուն մէջ գտնուող հալածական, անիրաւուած, լքուած, թշուառ ամէն մարդ էակի հանդէպ, որոնք անշուշտ գրեթէ միմիայն հայեր էին:

1. Վահան Չերազ կամաւոր, 2. Սկաուտապետ, 3. Սիպերիա աքսորուած, աջին՝ ոտքի:

«Անզուգական հայ, իբրեւ մարդ՝ եղած է այլասէր եւ վեհոգի:

«Դէպք մը միայն, այնքա՜ն շատերէն, ցոյց տալու համար անոր ազնիւ հոգին, մարդկային սիրտը:

«Զօրավար Անդրանիկին հետ, որուն թարգմանն էր ան (անգլերէնի*), զօրամասը ցրուելու համար վերադարձի ճանապարհին (1919-ի գարնան, երբ Անդրանիկ յուսախաբ դաշնակիցներէն՝ Անգլիայէն (հազարապետ Կիպըն), դժգոհութեամբ հեռացաւ հայրենիքէն, զէնքերը յանձնելով Էջմիածին՝ կաթողիկոսին*), Զանգեզուրէն Էջմիածին ճամբուն ամայի մէկ վայրին մէջ, անոնք կը հանդիպին գետին փռուած մարդկային էակի մը:

«Շատեր տեսած ու անցած էին: Ինչե՞ր չէին տեսած ու անցած: Վահան Չերազ չ՛անցնիր:

«Կը մօտենայ, աղջնակի նմանող բան մը, որ դեռ կը շնչէ, կը դողդղայ:

«Վահան կը փաթթէ զայն իր զինուորական վերարկուին մէջ, կը հեծնէ իր ձին, եւ ընկերներէն մէկը կը զետեղէ պզտիկը անոր գրկին մէջ: Մինչեւ Երեւան հասնիլը կը խնամէ ու ապա կը յանձնէ հիւանդանոցի բժշկապետի խնամքին: Քանի մը այցելութիւններէ ետք, բժիշկ Եարօ կը ստիպուի պահել նաեւ այցելու Չերազը, որ ծանրօրէն վարակուած էր աղջնակի բծաւոր տենդէն՝ այդ օրերու հոգէառէն:

«Անդրանիկ եւ Վահանի ընկերները կը հեռանան երկրէն, որոնց համար համաձայն բժիշկին հաւաստումներուն, հիւանդը արդէն դատապարտուած էր:

«Կ՛անցնին շաբաթներ, երկու հիւանդները կ՛առողջանան եւ կ՛ապրին:

«Հիւանդանոցը հազիւ թողած, Վահան Չերազ կը բռնուի «բացակայութեան» ախտէն, ու կը վազէ միանալու պաշտուած զօրավարին՝ մասնակցելու անոր հետ Կիլիկիոյ պաշտպանութեան գործին: Սակայն ազգային հերոսը կը ստիպուի անցնիլ Ամերիկա: Վահան ինք կը վերադառնայ երկիր (13 օգոստոս 1920-ին, Պոլիսէն*), զայն անգամ մըն ալ չլքելու հաստատ որոշումով»:

Չերազ մարդկային ազնիւ զգացումով տոգորուած՝ իր կեանքը վտանգեց, փրկելու համար հոգեվարքի մէջ գտնուող, փողոցը լքուած որբ աղջնակը: Այսինքն, այստեղ իր արարքըին մղումը՝ դրդապատճառը կեանք մը փրկել էր:

Հինգ ամիսներէ ի վեր աշխարհի բնակչութեան սպառնացող պսակաձեւ ժահրի համավարակի տարածումը կանխարգիլելու, սանձելու համար, իւրաքանչիւր երկիր՝ խստագոյնէն մինչեւ անտարբերութիւն եւ խարխափում, զանազան աստիճանի միջոցներ որդեգրեց, ոմանք շա՜տ ուշ, պատճառ դառնալով հարիւր հազարաւոր անտեղի զոհերու:

Այս համավարակը յաղթահարելու տրամաբանական եւ զուգահեռ միջոցը երկուք է. առաջինը՝ մեկուսացնել վարակուածները, որպէսզի ուրիշին չփոխանցեն, եւ ինքնամեկուսացման ենթարկել մնացեալ ժողովուրդը, փակելով երկրին սահմանները, մինչեւ որ գտնուին եւ մեկուսացուին եւ եթէ կարելի է դարմանուին բոլոր վարակուածները: Երկրորդը՝ գիտական, բժշկական դարման մը գտնել, ոչնչացնելու, կամ դիմադրելու համար ժահրը: Յոյսով ենք, որ գիտութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի յաջողի: Սակայն առաջինը կ՛ենթադրէ՝ կառավարութիւններու յստակ ու խիստ պարտադիր կարգադրութիւններն ու հրահանգները եւ ամբողջ ժողովուրդին կարգապահ ու գիտակից հնազանդութիւնը՝ գործակցութիւնը:

Իտէալ պարագային, շուրջ չորս շաբաթ բաւարար էր, գտնելու բոլոր վարակուածները, տրուած ըլլալով, որ 2 օրէն 2 շաբաթի կը կարօտի վարակուած անձին մօտ ախտանշաններու երեւիլը: Երկիրներ, որոնց կառավարութիւնները, կանուխէ՛ն ծրագրեցին եւ պարտադրեցին այս մարտավարութիւնը՝ նուազագոյն մարդկային վնաս կը կրեն, ինչպիսին է շուրջ 5 միլիոն բնակչութեամբ Լիբանանը: Արդարեւ ուրբաթ 28 փետրուարին կառավարութիւնը որոշեց փակել բոլոր կրթական հաստատութիւնները 29 փետրուարէն սկսեալ, երբ երկրին մէջ չորրորդ վարակուած պարագան յայտնուեցաւ (2), (3):

Հայաստանի մէջ մարտ 1-ին առաջին վարակուած պարագան յայտնուեցաւ, որուն հետ շփում ունեցած 32 անձեր մեկուսացուեցան (4): Դպրոցները շաբաթ մը փակ պահելէ ետք, երկուշաբթի 9 մարտին կը վերաբացուին, ինչո՞ւ…(5): 11 մարտին 3 վարակուածներ Իտալիայէն ժամանելէն ետք, վերջապէս արտակարգ դրութիւն կը յայտարարուի Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մարտ 16-էն սկսեալ (6), սակայն որքանո՞վ կը կիրարկուի:

Անհոգ ու անփոյթ կառավարութիւններուն եւ կամ՝ ժողովուրդներուն անխոհեմ արարքը, վարուելակերպը նման է, համազօր է՝ պատերազմի ընթացքին զինուորները առանց զէնքի դէպի թշնամին զբօսանքի ղրկելուն:

Գանգատող եւ անհնազանդ անհատներ անգիտակից, կամ՝ ոչ, իրենց եւ շրջապատին կեանքը կը վտանգեն, որպէս զի չզրկուին իրենց հաճոյքներէն եւ այս պարագային անտեղի «ազատ քաղաքացիի» իրաւունքներէն…

Բոլոր տեսակի ճգնաժամերուն ընթացքին, անվնաս դուրս գալու համար՝ անհատը հետեւեալ կարգախօսերով եւ ապրելակերպով պէտք է առաջնորդուի.

Ազգասիրութիւն, կարգապահութիւն, կարգասիրութիւն, օրինապահութիւն, ճշդապահութիւն, կարգ ու կանոնի խստապահանջութիւն, քաղաքացիական կրթութիւն, ընկերային իմաստութիւն, շրջահայեցութիւն, զգուշութիւն, աչալրջութիւն, խոհեմութիւն, հնազանդութիւն, անձնազոհութիւն, անձնուրացութիւն, պարտաճանաչութիւն, բարեսիրութիւն, չարքաշութիւն, խնայասիրութիւն, նուիրապետական կարգերու յարգանք, ժուժկալութիւն, ինքնազսպութիւն, չափաւորութիւն, համբերութիւն, տոկալու եւ դիմանալու կամքի դրսեւորում, սովորութիւններէ զրկանք, զրկանք եւ այլն:

Այն ազգերը, որոնք վերոնշեալ արժանիքներով դիմակայեցին եւ կը դիմակայեն համավարակը՝ նուազագոյն վնասով դուրս պիտի գան:

27 մայիս 2020

(1)  «Վահան Չերազ եւ իր երգն Հայաստանի», Վազգէն Անդրէասեան, տպարան Սեւան, 544 էջ, Պէյրութ, 1977,էջեր 80-82:

(2)  http://www.aztagdaily.com/archives/466571

(3)  http://www.aztagdaily.com/archives/466570

(4)  https://armenpress.am/arm/news/1006849.html

(5)  https://armenpress.am/arm/news/1007634.html

(6)  https://armenpress.am/arm/news/1009466.html

aztagdaily.com/archives/473657

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail