Զոհէն Հերոսի Հաւաքական Կերպարանափոխումը (Հայաստանի Հանրապետութեան 102-Ամեակին Առիթով)

Զոհէն Հերոսի Հաւաքական Կերպարանափոխումը (Հայաստանի Հանրապետութեան 102-Ամեակին Առիթով)

28 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Սողոմոն Թեհլիրեան

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Գիւմրիի մէջ հայ արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանի բացումը իբրեւ խորհուրդ կը կապուի մայիսքսանութեան աւանդներուն հետ: Արդարահատուցման որոշումը կը կայանար անկախ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

Մայիս 28-ի խորհուրդի ընկալումը առաջին հերթին պատմաքաղաքական ճակատագրորոշ իրադարձութիւններու վերլուծումէն ետք պէտք է ընկալել Առաջին հանրապետութեան կենսագործման երկուքուկէս տարուան իրագործումները լոյսին բերելով եւ այդ հանրագումարը նկատելով մեր այսօրուան հանրապետութեան հիմնաքարը:

Ցեղասպանութենէն միայն չորս տարի ետք էր, որ անկախ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը կ՛որոշէր պատժել Ցեղասպանութեան պատասխանատուները: Այդ պատիժը, բացի Ցեղասպանութիւնը ծրագրածներուն ուղղուած ըլլալէն հիմնական նշանակութիւն ունէր ցեղասպանուած ժողովուրդին բարոյահոգեբանական վիճակի վերականգնման մէջ:

Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք նոյն պետութեան դէմ պատերազմիլ, յաղթել եւ պետականութիւն կերտել: Անմիջապէս ետք հաշուեյարդար կազմակերպել հայութիւնը բնաջնջելու ծրագիրը յղացած եւ գործադրութեան մէջ պատասխանատուութիւն ունեցած մարդոց:

Զոհի կարգավիճակը վերականգնողի, մարտնչողի, պետութիւն կերտողի կերպարի փոխող ուժը` Դաշնակցութիւնը, համախմբելու իր գործառոյթը փայլուն կատարողականութեամբ կ՛իրականացնէր: Ազգն էր, որ իբրեւ բանակ կը մարտնչէր, կը կասեցնէր թշնամիին յառաջխաղացքը եւ կ՛առարկայացնէր հրաշքը: Ազգ-բանակի ամէնէն գործնական եւ համաժողովրդային էութիւն ունեցող երեւոյթն էր, որ մայիսեան հերոսամարտներուն իբրեւ եզակի երեւոյթ կ՛ապահովէր ազգի շարունակականութիւնը:

Ժողովրդային մարտնչումի այս օրինակը ռազմարուեստի հայկական աւանդոյթ ու մշակոյթ կը ձեւաւորէր, որ պատմութեան մէջ ունէր իր արմատները, բայց, ուժերու համեմատական եզրերով, չունէր իր յաջողութեան եւ յաղթանակի նախադէպը:

Այս շատ կարեւոր պատմական իրականացումն էր, որ հետագային կրկնուեցաւ Արցախի մէջ: Ազգ-բանակի մղած գոյակռիւը` նախ իբրեւ ինքնապաշտպանութիւն եւ ապա իբրեւ ազատագրում: Մայիսեան կռիւները ազգի մնացորդացը փրկելու մղումը ունէին: Արցախեան ազատամարտի ոգին հիմնուած էր երկրորդ անգամ ցեղասպանութեան չենթարկուելու եւ հայրենիքի անվտանգութեան երաշխաւորման սահմանները վերահսկողութեան տակ առնելու հրամայականին վրայ:

Իրադարձութիւններու միջեւ եղող ժամանակահատուածի կարճ ըլլալը բարացուցական է: Ցեղասպանուած ժողովուրդը միայն երեք տարի ետք կ՛որոշէ վերստին ոտքի կանգնիլ, պետութիւն կերտել, դիւանագիտութիւն հաստատել, աշխարհաքաղաքական որոշումներու պահերուն ներկայ ըլլալ եւ իրաւական բարձրակէտ նուաճել:

Այս բոլորը պատճառ են, որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու առնուազն նոյն տարողութեամբ համապետական եւ համահայկական ընդգծումներով տօնակատարենք ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ տօնը, պետականութեան կերտման իրադարձութիւնը, այսօրուան մեր հայրենիքի գոյառման մեկնակէտը եւ արցախեան ազատագրման խորհուրդի ակունքներուն մէջ ամրագրուած մայիսեան անգերազանցելի խորհուրդը:

Թեհլիրեանով խորհրդանշուող ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման արարքը կը կապուի մայիսեան աւանդներուն: Զոհէն հերոսի հաւաքական կերպարանափոխումի մէջ Սարդարապատը, Թեհլիրեանը եւ Սեւրը, անցնելով Զանգեզուրէն հասնելու համար Արցախ` յաջողեցան կերտել նոր հայը: Յաղթանակա՛ծ հայը:

yerakouyn.com/2020/05/28/զոհէն-հերոսի-հաւաքական-կերպարանափոխ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail