ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ – Անդրադարձ – Պատմական Անարդարութիւններու Սրբագրման Համար
28 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Այս տարի նշանակալի յոբելեան մըն է Հայ դատի պայքարին իմաստով. 100-ամեակը կը նշուի մեր ազգային պահանջատիրութեան վաւերականութիւնը ապացուցող հիմնական փաստաթուղթերուն` Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին: Այդ փաստաթուղթերուն մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութենէն եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին դաշնակից պետութիւններու յաղթանակէն ետք կը նշուէր, թէ ինչ են հայկական նորաստեղծ պետութեան հողային նուազագոյն պահանջները` պարտուած Օսմանեան կայսրութենէն:
Փաստօրէն, 1918-ի մայիսեան զինուորական փառահեղ յաղթանակներէն ետք, զոյգ փաստաթուղթերը դիւանագիտական եւ քաղաքական հսկայական յաղթանակներ էին հայոց նորագոյն պետականութեան պատմութեան մէջ: Եւ ինչպէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն մենք ժառանգած ենք բազմաթիւ յիշատակելի նուաճումներ, այս զոյգ փաստաթուղթերն ալ այդ նուաճումներէն են, թէեւ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ այն ժամանակ ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական աննպաստ պայմաններուն բերմամբ կարելի չեղաւ զանոնք գործադրել, այլ փոխարինուեցան 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրներով:
Թէ ի՛նչ տուաւ Սեւրի դաշնագիրը մեզի` հայերուս, այս մասին բաւական բան գրուած է ու խօսուած հայ քաղաքական միտքի շրջագիծին մէջ: Բայց ամփոփելու համար կրնանք ըսել, որ անիկա վաւերականութիւն հաղորդեց հայութեան ազգային գերագոյն նպատակներուն, որոնցմէ առաջինը ունենալն է միացեալ, ամբողջական հայրենիք մը, որ պիտի համախմբէ հայ ազգը:
Այս դաշնագիրին գործադրութեամբ, ուրեմն, կը կենսագործուի հայ ազգային գաղափարախօսութեան հիմնական կարգախօսներէն մէկը, որ ամբողջական հայրենիքն է, ամբողջական հայութեամբ: Եւ ասոնք բանաստեղծութիւն չեն, բանախօսութեան մը ընթացքին արտասանուած զգացական խօսքեր չեն, այլ հայ քաղաքական միտքին մէջ դրոշմուած համոզումներ: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր թշնամին` Թուրքիան կը սարսափի, կը ջղաձգուի ամէն անգամ, որ ակնարկութիւն ըլլայ Հայկական հարցին, որովհետեւ թրքական պետական մեքենան քաջ գիտէ, որ այդ ակնարկութեան քաղաքական յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ խօսիլ Սեւրի դաշնագիրի վերակենդանացման մասին, ինչ որ կը նշանակէ լուրջ վտանգ Լոզանի դաշնագիրով նուիրագործուած հիմակուան աշխարհաքաղաքական կացութեան:
Թէ ինչո՛ւ պէտք է կառչած մնալ 100-ամեայ Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին, անոնց վերակենդանացման եւ գործադրութեան պահանջին: Նախ եւ առաջ հաւատարիմ մնալու համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն մեզի ժառանգ մնացած կտակին:
Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւաժառանգորդն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, եւ իբրեւ այդպիսին պարտի կրողն ու պաշտպանը ըլլալ նաեւ այդ հանրապետութեան ժառանգութեան եւ արժէքներուն: Այս առումով կարեւոր երեւոյթ է հայ քաղաքական միտքի հոլովոյթին մէջ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրին մէջ յատուկ նշում կար Սեւրի դաշնագիրին եւ Իրաւարար վճիռին:
Բայց անշուշտ ասիկա չի բաւեր, այլ պէտք է հայ պետական մտածողութեան մէջ տեղ ապահովել Սեւրի դաշնագիրին համար, ազգային-պետական վարդապետութեան մաս դարձնել զայն: Երկրորդ եւ ամէնէն կարեւորը. կան պատմական անարդարութիւններ, որոնք գործադրուած են հայ ազգի դէմ, միջազգային դաշնագիրներու տեսքով: Այդ դաշնագիրները` Մոսկուայի, Կարսի, Լոզանի, ուղղակիօրէն կոտրած են հայութեան, Հայաստանի ողնայարը, եւ եթէ անոնք չըլլային, հայրենիքին ու ազգին բազմակողմանի զարգացման առումով ինչպիսի՛ նախադրեալներ կրնային ստեղծուիլ:
Սեւրի դաշնագիրին եւ Իրաւարար վճիռին` այս երկու փաստաթուղթերուն վերակենդանացումը երաշխիք է, որ հայութեան եւ հայկական պետականութեան գոյութեան սպառնացող պատմական անարդարութիւնները սրբագրուին: Ճիշդ ինչպէս որ 1918-ի մայիսեան յաղթանակները երաշխիք էին, որ դարերէ ի վեր մեր կորսուած հայկական պետականութիւնը վերականգնի:
aztagdaily.com/archives/473719