Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Անդրադարձ – Մայիս 28-ը Մեր Անցեա՛լն Է, Ներկա՛ն Ու Ապագա՛ն
28 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մեր պատմութեան մէջ արձանագրուած են դէպքեր, իրագործումներ, թուականներ, որոնք իրենց մէջ խտացուցած են ո՛չ միայն տուեալ փուլը, այլ նաեւ` ամբողջ պատմութիւնը, առաւել` ժողովուրդին նկարագիրն ու զգացումները, ապրումները, տենչերը, ու դեռ` վերածուած են անժամանցելի պատգամի, իբրեւ կտակ յարատեւօրէն փոխանցուած են սերունդէ սերունդ:
Այս իմաստով, Մայիս 28-ը թուական մըն է, որ կը խտացնէ պատմական դէպքերու ամբողջ շարք մը, մեր անցեալը կը վերածէ ճառագայթող փարոսի, որ կը լուսաւորէ մեր ներկան, կը տարածուի դէպի ապագայ: Մէկ խօսքով, 1918 թուականի 28 Մայիսը միայն մեր անցեալին չի պատկանիր, այլ նաեւ մեր ներկան է ու ապագան:
Անցեալ Է
Մայիս 28-ը անցեալ է, որովհետեւ անոր մէջ խտացած է ամբողջ դարաշրջան մը` պայքարի, բռնադատութիւններու, պարտութիւններու, նախճիրներու, հայրենիքի մեծ մասին կորուստի, սակայն նաեւ` հերոսամարտերու եւ զարթօնքներու, որոնք բիւրեղացան միտքի զարթնումով ու ֆետայական շարժումով, ջրդեղուեցան բազում հերոսամարտերով, թագադրուած` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի մէջ եւ այլուր. անոնցմէ ծնունդ առաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը, որ վերջակէտ մը դրաւ անկախ պետականութենէ զուրկ` ստրկութեան մեր դարաշրջանին, շօշափելի կաղապար ընծայեց «անձեւ քաոս»-ին: Խորհրդային տիրապետութեան տարիները բոլորովին չջնջեցին իրականացածը, թէեւ մեծ տուրք գանձեցին ազգային մեր զգացումներու եւ հայկական աւանդներու գանձանակէն` անթեղուած պահելով քիչ մըն ալ… ստրկամտութիւն:
Մայիս 28-ի Հայաստանը կերտուեցաւ հսկայական զոհաբերութեանց շնորհիւ` մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն մութ տարիներուն քովն ի վեր: Անիկա փաստացի ոտնակոխումն էր ցեղասպանին ծրագիրներուն եւ հայասպանութեան ոճիրին, մեկնակէտը` հայկական բռնագրաւեալ հողերու հայացման, հայկական անկախ պետականութեան վերականգնումին ու հայկական բոլոր տարածքներու վերատիրացման տեսլականին: Նախընթաց տասնամեակներուն շատ-շատեր ազատութեան ու անկախութեան երազով փակած էին իրենց աչքերը, անսակարկ նահատակուած էին, եւ ահա, նախճիրներէ եւ հերոսամարտերէ վերապրողները իրենց աչքով տեսան ու ամբողջ էութեամբ շօշափեցին դարաւոր երազին իրականացումը:
Մայիս 28-ը անցեալ է, որովհետեւ այդ փուլին է, որ, հակառակ բազում դժուարութիւններու, հիմը դրուեցաւ մեր արդի բանակին, պետական համալսարանին, սեփական դրամով կառուցուելու կոչուած տնտեսութեան, մշակոյթի տարբեր մարզերուն պետական հոգածութեան ու դեռ` բազում իրագործումներու, որոնք շօշափելի իրականութիւն կը դառնան միա՛յն ԱՆԿԱԽ եւ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ պետութեան մը հողին վրայ:
Մայիս 28-ը ներշնչող անցեալ է, որովհետեւ այդ օրերուն էր որ ամբողջ հայութեան անունով Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը որոշեց պատժել Ցեղասպանութեան ծրագիրին հեղինակներն ու գործադրողները, երբ քաղաքակիրթ աշխարհը կը նախընտրէր մոռնալ զանոնք պատժելու ի՛ր իսկ արդար դատավճիռը: Այդ անցեալը յետոյ նոյնիմաստ ծլարձակում ապրեցաւ շուրջ 45 տարի առաջ, «Նեմեսիս»-ի նոր սխրագործութիւններով, որոնք 28 Մայիսի պատգամը վերանորոգեցին մեր կեանքին մէջ, անուղղակի կերպով ճամբայ հարթեցին այսօր արդէն ի՛ր անցեալը կերտած Արցախեան հերոսամարտին:
Անցեալ է` որովհետեւ Մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի հանրապետութիւնը, պետական բարձրագոյն որոշումով, ժողովուրդի միացեալ կամքը մարմնաւորող խորհրդարանի քայլով վերամիացուց հայութեան արեւելեան ու արեւմտեան հատուածները, որոնք, մեր կամքէն անկախ` բռնատէրերու հարկադրանքով բաժանուած էին դարեր շարունակ, հոգ չէ թէ հայութեան պայքարի զարթօնքը` Հանրապետութիւնը կանխող տասնամեակներուն, իրողապէս վերամիացուցած էր ինքնապաշտպանութեան ու արդար իրաւունքներու հետապնդման գոյամարտը, արեւելքէն գունդ-գունդ երիտասարդներ նետած էր «Թրքահայաստանի» ժողովուրդին պաշտպանութեան մարտերուն մէջ, իսկ «արեւմուտքցի»-ն ներգրաւուած էր ցարական բռնատիրութեան կամայականութեանց դէմ պայքարի դաշտերուն մէջ:
Անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն էր, որ ժողովրդավարութիւն հասկացութիւնը իր ամէնէն արդիական կենսագործումը գտաւ մեր փոքրիկ հայրենիքին մէջ, պետական մակարդակի վրայ մէկտեղելով հայութեան այդ օրերու գործօն ուժերը, որոնք, գաղափարական տարբերութիւններ ունենալով հանդերձ, իրենց ձեռքերը միացուցին հայրենիքի վերականգնումի գործին մէջ: Ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել եւ տեսնել վերանկախացած Հայաստանին ժողովրդավարութեան անցեալն ու արմատները, այդ արժէքին լիակատար վերականգնումի հրաւէրը…:
Այս բոլորին կողքին ու անոնցմէ անդին Մայիս 28-ը իր մէջ կը խտացնէ շա՜տ աւելի տարածուն ժամանակաշրջան մը, որ բանաստեղծին բառերով արտայայտութիւն գտած է «Աւարայրից ջանք արան…» տողերով: Հոն, չգրուած տողերու մէջ, պէտք է փնտռել նաեւ ա՛յն անցեալը, երբ մեր պատմութեան մէջ արձանագրուած են Իսրայէլ Օրի, Ներսէս Աշտարակեցի, Խաչատուր Աբովեան ու բազում այլ անուններ` խորհրդանիշները մեր բազմաճիւղ ու բազմախաւ պայքարին:
Նոյն այդ տարածուն անցեալին մէջ են արարուած մեր ազգային-յեղափոխական երգերն ու մշակութային այլ արտայայտութիւնները, որոնք բանտարկուած չմնացին նշեալ ժամանակին մէջ, այլ խորտակեցին ժամանակի սահմանները եւ այսօր ալ կ՛ոգեւորեն մեր ժողովուրդը` արձագանգ գտնելով Արցախեան սխրանքին մէջ: Այդ անմահ անցէալին բոլոր երեսները, շերտերն ու երանգները պէտք է տեսնել Մայիս 28-ին մէջ:
Մեր Ներկան
Մայիս 28-ը նոյնքան մըն ալ մեր ներկան է, որովհետեւ այսօրուան անկախ Հայաստանը` իր անկախութիւնը 1920-ին կորսնցուցած եւ 29 տարի առաջ վերագտած Հայաստանը, անվիճելի ժառանգորդն ու կտակարարն է 1918-ի հանրապետութեան` իր բոլոր ստորոգելիներով: Եթէ զինանշան, քայլերգ եւ այլ արժէքներու վերահաստատումը որոշ չափով զգացական ու խորհրդանշական խորք ու արժէք ունի, անդին, բանակին, համալսարանին, դիւանագիտութեան, սեփական դրամին եւ պետութիւնը մարմնաւորող միւս կալուածներուն այսօրուան իրականութիւնը ուղիղ գիծով կը կապուի Մայիս 28-ի հանրապետութեան հետ:
Փաստօրէն, 28 Մայիսը այսօր մեծ համեմատութեամբ վերամարմնաւորուած է վերանկախացած Հայաստանի կեանքին մէջ, որովհետեւ սեպտեմբերեան անկախութեան նախօրեակին Արցախի ազատամարտը ծնունդ առաւ եւ արդիւնաւորուեցաւ նո՛յն կամքով ու վճռակամութեամբ, որոնցմով կերտուած էին ցեղասպանին դէմ անհաւասար ու յաճախ յաղթական գոյամարտի մէջ նետուած Շապին Գարահիսարի, Վանի, Մուսա Լերան, Ուրֆայի, Սարդարապատի եւ զուգահեռ մարտերը, որոնք ինքնապաշտպանութիւն էին եւ հայկական հողի պահպանումի ճակատամարտ միանգամայն:
Արցախեան ազատամարտը եթէ արձանագրեց Գետաշէնի ու Շահումեանի նման տխուր էջեր, անդին, անոր իբրեւ արդիւնք, եւ շնորհիւ Աղբիւր Սերոբներու, Գէորգ Չաւուշներու, Անդրանիկներու, Արամներու, Դրոներու, Նիկոլ Դումաններու եւ բիւրաւոր նահատակ ֆետայիներու նոր օրերու հաւատարմատարներուն` Հայաստանի հողատարածքը ընդարձակուած է շուրջ 10 հազար քառակուսի քիլոմեթրով, ինչպէս որ հազիւ 12 հազար քառ. քիլոմեթրի վրայ ծնած անկախ Հայաստանի շատ աւելի ընդարձակ հողատարածքով անցաւ խորհրդային կարգերու տակ: Ազատագրուած ու Հայաստան-Արցախը կազմող այսօրուան տարածքները օտարէն բռնագրաւեալ հողեր չեն, այլ պատմականօրէն հայապատկան են:
Անոնց շուրջ որեւէ սակարկութիւն երեւակայելի չէ, ո՛չ ալ սակարկելի են այն հողերը, որոնք հայութեան պատկանած են պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, երբ անոնց վրայ կար հայկական անկախ պետականութիւն, ապա, որոշ դարաշրջաններու` ինկան օտարներու բռնագրաւման տակ: Երբ այսօր խօսք դառնայ փոխադարձ զիջումի մասին, որպէսզի արցախեան հանգոյցը լուծում գտնէ, ո՛չ մէկ հայու միտքէն կ՛անցնի, թէ մեր կողմէ զիջումը հողային պիտի ըլլայ, որովհետեւ մենք առնելիք հող ունինք, տալիք չունինք: Եւ ինչպէս որ Գետաշէնն ու Շահումեանը, Նախիջեւանը, Արծուաշէնի շրջակայքը իբրեւ բաց մուրհակ մեր ձեռքին ունինք Ազրպէյճանի դիմաց, նոյնպէս ալ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մուրհակները մեր ձեռքին կը պահենք ընդդէմ Թուրքիոյ, որ Ցեղասպանութեան դիմաց արդար հատուցումի կողքին` ՀՈՂ ու ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ, մշակութային դարաւոր ժառանգութիւններ պարտական է մեզի:
Մայիս 28-ի արժէքը մեր ներկային մէջ կ՛իմաստաւորուի նաեւ այն պատգամով, որ տրուեցաւ այդ օրերու եւ յաջորդող սերունդներու հայութեան, թէ` պէտք է տէրը կանգնինք, տէրը դառնա՛նք ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ, իր Արարատով ու Վանով, Մուշով, Նեմրութ ու Սիփան սարերով, Սասունով, Կարսով ու Ալաշկերտով, Սիսով ու Զէյթունով: Մայիս 28-ը մեր մէջ կ՛ապրի այս ու նմանօրինակ բազմաթիւ արժէքներով, ժառանգութիւններով, արդարատենչութեամբ ու պահանջատիրութեամբ, նահատակներուն եւ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը կերտողներուն անժամանցելի կտակին հաւատարմութեամբ:
Ապագան
28 Մայիսը առաւելաբար մեր ապագան է, ո՛չ միայն անոր համար, որ անցեալն ու ներկան անփոփոխելի են, այլ որովհետեւ եթէ անցեալ 3 տասնամեակներուն որոշ չափով եղանք գործնական հաւատարմատարը անկախութիւնը արարողներու սերունդին ու սրբազան կտակին, մեր դիմաց ունինք երկար ճամբայ, «անկատար տենչեր ունենք դեռ շատ», որպէսզի չբաւականանանք միայն յանկերգելով` «Ուս-ուսի տուած… Դեռ ճամբայ ունինք, պիտ՛ հասնինք Սասուն, քաջերի հողը մեզ է սպասում»:
Այսօրուան պատանին ու երիտասարդը տէրն են այդ կտակին, տէրը պիտի ըլլան Հայաստանի ու հայութեան ապագային, պիտի կերտեն հայրենիքին բարօրութիւնը, պիտի պաշտպանեն ապահովութիւնը, զարգացման հնարաւորութիւնները եւ դէպի արդի աշխարհ պիտի տանին Հայաստանը: Վաղուընէ սկսեալ անոնց դիմաց կը տարածուին աշխատանքի հսկայական դաշտեր, որոնց վերեւ արձանագրուած են բազմաթիւ խորագիրներ: Անմիջական ապագային մէջ է, որ պիտի շարունակուի Հայաստանի կեանքին իսկական յեղափոխականացումը` առանց պիտակներու եւ գոյներու:
Այլ խորագիր մը` մասնաւորաբար հայրենի հայութեան հրաւէր կ՛ուղղէ կենսագործելու իսկական ժողովրդավարութիւն, եւ ո՛չ թէ անոր կիսկատար կիրարկումը, որուն ականատես ենք այսօր, հակառակ իշխանութենէն եւ անոր հակադրուողներէն յայտարարուած բարի կամեցողութիւններուն, կամ անցեալի որոշ խոտորումները նոր զգեստաւորումով ներկայացնելու փորձերուն:
Մեր անցեալի ու ժամանակակից նահատակները արդար պահանջ մը ունին բոլորէն, բոլորէ՛ս, որպէսզի փոխադարձ հանդուրժողութեան աստիճաններուն վրայ քանի մը քայլ բարձրանանք, կարենանք ստեղծել բազմակարծութեան փունջ-Հայաստան մը, ուր կուսակցութեանց եւ տարբեր մտածողութիւններու հետեւորդներ իրարու հետ վարուին յարգանքով, զիրար լսելու եւ փոխադարձաբար իրարմէ օգտուելու կամեցողութեամբ, եւ ո՛չ թէ հակադրուողը զգետնելու, ոտնակոխ ընելու եւ հրապարակէն հեռացնելու յոխորտանքներով: Նման զարգացում անպայման որ պիտի ներգրաւէ մայր հայրենիքին սեւեռող արտերկիրը եւ պիտի ըլլայ շարունակութիւնը մեր բոլոր նահատակներուն կտակին կենսագործումը, մինչդեռ այս ուղիէն ետ կանգնիլ պիտի նշանակէ ոտնակոխում նահատակներու եւ ազգային աւանդներու, ի՛նչ նշանախօսքի տակ ալ ըլլայ անիկա, ի՛նչ բարի նպատակով ալ որ պատմուճանուած ըլլայ այդ ոտնակոխումը:
Թող զգացականութիւն չնկատուի, եթէ անգամ մը եւս ընդգծենք, թէ մեր վաղը` բազում անխուսափելի հարկադրանքներու եւ պահանջներու դիմաց կը դնէ բոլորս, ըլլանք իշխանութեան, ընդդիմադիրի դիրքերու վրայ թէ սփիւռքեան այս կամ այն օճախին մէջ:
Անյետաձգելի հրամայական է (արդէն բաւական ուշացած ենք այդ ընելու) կանգնեցնել Մայիս 28 կերտողներէն մէն մի հերոսին, մէն մի նահատակին եւ մէն մի ազգային-պետական գործիչին յուշակոթողը, եւ այդ` ո՛չ միայն Երեւանի մէջ, այլ մէն մի քաղաքի, աւանի, գիւղի մէջ, իւրաքանչիւր դպրոցի՛ շրջափակին մէջ: Չի բաւեր Արամ Մանուկեանի համեստ մէկ արձանը կանգնեցնել Երեւանի մէկ հրապարակին վրայ, առանց որ անիկա ըլլայ իսկական արտայայտիչը Արամի իրագործումին տարողութեան, կամ մտածել Դրոյի անուան տուն-թանգարանի մասին, երբ անդին հերոս նահատակներու եւ անկախութեան կերտիչներու ամբողջ բանակ մը կը սպասէ վերարժեւորման:
Անոնց յիշատակին մէկ-մէկ յուշարձան, յուշակոթող կանգնեցնելը պէտք չէ դիտել անցեալապաշտութեան կամ անհատներու պաշտամունքի ակնոցով, այլ այսօրուան ու վաղուան պատանիին, երիտասարդին ամէն օր ցոյց տանք, թէ ինչպիսի՛ սերունդի մը ժառանգորդ ու կտակարարն է ինք: Նոր սերունդը արժանի է հպարտ զգալու Հանրապետութեան կերտիչներով, ինչպէս որ հպարտութեամբ կ՛անցնի Կոմիտասի, Սարեանի, Իսահակեանի, Թումանեանի, Սարոյեանի եւ բազում այլ երախտաւորներու յուշարձաններուն առջեւէն:
Երեւանի պանթէոնը այլապէս ապրող թանգարան-պատգամ է նոր սերունդներուն, եւ ի՜նչ սքանչելի գործ կը կատարեն հայրենի ուսուցիչներ, երբ աշակերտներ խումբ-խումբ ուխտի կը տանին մեր անմահներուն, անոնց պատգամներն ու ժառանգութիւնը կը կաթեցնեն մատղաշ տղոց աչքերէն ներս, դէպի անոնց սիրտն ու հոգին: Նազարբեկեաններ, Արարատեաններ, Խատիսեաններ, Քաջազնունիներ, Վրացեաններ, Աղբալեաններ, Համազասպներ, Թեհլիրեաններ ու Շիրակեաններ, ինչո՞ւ չէ նաեւ` 28 Մայիսէն ու անոր արդարահատոյց սերունդէն ներշնչուած` Լիզպոնի եւ հայկական երկրորդ «Նեմեսիս»-ին կերտիչները, բազում-բազում նուիրեալներ արդար սպասումը ունին իրենց յուշարձաններուն կանգնումին` Արցախի նահատակներուն յուշակոթողներուն քովն ի վեր, որպէսզի վաղուան պատանին եւ երիտասարդը տեսնեն, թէ Եռաբլուրի ու Ստեփանակերտի ու Շուշիի նորագոյն յուշակոթողները ինչպէ՛ս կամրջուած են մեր անցեալին հետ, այդ փարոսները ինչպէ՛ս կը լուսաւորեն մեր այսօրը, նոյն ճառագայթները նո՛յն ուժգնութեամբ պիտի լուսաւորեն մեր յառաջիկայ ուղիները, մեր ապագա՛ն:
Հայաստան այսօ՛ր եւս, ինչպէս մօտիկ ապագային, կը դիմագրաւէ այնպիսի վտանգներ ու մարտահրաւէրներ, որոնք գոյութիւն ունէին 1918-ին: Թուրքիա եւ Ազրպէյճան չեն հրաժարած Հայաստանն ու հայութիւնը քարտէսէն ջնջելու համաթուրանական ծրագիրէն, անոնց կողմէ խաղաղասիրական բանաւոր արտայայտութիւնները ո՛չ մէկ ձեւով գործնական կիրարկում գտած են, այլ ընդհակառակն, ամէն օր ու ամէն ժամ մենք ու աշխարհը ականատես ենք թշնամական արարքներու` ըլլա՛յ Արցախի, ըլլա՛յ Հայաստանի սահմանային գօտիին մէջ, նաեւ անկէ անդին` քաղաքական-դիւանագիտական ռազմադաշտերու վրայ:
Մեր դիւանագիտական մեքենան ու մեր Դատին ծառայողները դէմ յանդիման են գերմարդկային ուժ ու կամք պահանջող մարտահրաւէրներու, որոնք աւելի քան հրամայական կը դարձնեն հայութեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ձեռքերուն միացումը, եւ ո՛չ թէ ներքին բանավէճերով եւ հակադրութեանց բազմապատկումով` ջլատումը: Մայիս 28-ը մեզի սորվեցուցած է, որ չտարուինք խաբէութիւններով, այլ ապագան ապահովենք մեր բազուկներով, գործակցինք ճակատագրակիցներու հետ:
Անցեալի ու ներկայի փորձառութիւններէն մեկնելով` մեր ինքնավստահութիւնը խարսխող ապագայ մը կերտելու համար, պէտք չունին հետեւելու մօտակայ կամ հեռաւոր երկիրներու քաղաքական ուժերու օրինակին, երբ ականատես կ՛ըլլանք, թէ ամէնէն ոխերիմ մրցակիցներն ու անհաշտ հակառակորդները, իրենց երկրին շահերէն թելադրուած, վար կը դնեն զէնքերը, մէկդի կը թողուն սուր հակադրութիւնները եւ հաշտութեան ու գործակցութեան եզրեր կը գտնեն: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, պէտք չունինք տարուելու այն թիւր մտածումով, թէ «քաղաքակիրթ աշխարհ»-էն դէպի Հայաստան հոսող ամէն նորութիւն անպայման ճիշդ է ու լաւ:
Այո՛, քաղաքակիրթ աշխարհը մեզի մեծապէս օգտակար կ՛ըլլայ ու պիտի ըլլայ արդիականացումի ճամբուն վրայ, սակայն անկէ անդին մեր ազգային ինքնութիւնն ու աւանդներուն վրայ հիմնուած փորձառութիւնը, Մայիս 28-էն մեզի հասած ժառանգութիւնը բաւարար դրամագլուխ են, որպէսզի կարենանք օգտակարն ու փուճը իրարմէ ջոկել, մերժել այլանդակն ու խոտորեցնողը, ապազգայնացնողը:
Չմոռնանք, որ Մայիս 28-ի Հայաստանը մարմին առաւ ի չգոյէ: Անկախ հանրապետութիւնը արարողները մօտաւորապէս անկարելի առաքելութիւն մը վերցուցած էին իրենց ուսերուն: Անոնք սեփական շահերու հետամուտ չէին, չէին երեւակայեր, թէ անկախութիւնը պիտի կորսնցնէին կամ իշխանութիւնը պիտի զիջէին հարկադրաբար, հետեւաբար` չմտածեցին «առիթը օգտագործելով` գրպաններ ուռճացնել»-ու մասին:
Անոնք գործեցին պետական մարդու կամքով, եւ ո՛չ թէ իշխանութիւն ըլլալու եւ աթոռ խլելու-պահելու տրամաբանութեամբ: Եւ թող ո՛չ ոք ուշացած մարգարէներու պէս մեղադրանքներ շռայլէ, թէ` անոնք հոս-հոն ձախողանքներ ունեցած են, թերութիւններ արձանագրած են: Անոնց իրականացուցա՛ծն է, որ, ի վերջոյ, ուռճացում ապրեցաւ մինչեւ անդրանիկ հանրապետութեան անկումը, անիկա՛ է, որ պահպանուեցաւ խորհրդային տարիներուն, նոյն այդ անդրանիկ հանրապետութեա՛ն ժառանգութիւնն է, որ նոր տարածք ստացաւ Արցախեան պայքարով եւ իբրեւ սրբազան պատգամ` պիտի հասնի մեր նոր սերունդներուն, մեր ապագան կերտողներուն:
Մայիս 28-ի սերունդին հաւատարիմ ժառանգորդները 1918-ին բարձրացած Եռագոյնը տասնամեակներ շարունակ բարձր պահեցին հայութեան կեանքին մէջ, հոգ չէ թէ անիկա 70 տարի մնաց տարագիր ու պահպանուեցաւ պարտադրաբար սփիւռքացած հայութեան կեանքին մէջ, մասնաւորաբար Մայիս 28-ի աւանդին ամէնէն հաւատարիմ` Դաշնակցութեան կողմէ: Անցեալ 30 տարիները բաւարար ժամանակ եղան համայնավարութեան բաժանարար ազդեցութիւնը, ազգային արժէքներու նսեմացման իրականութիւնը ըստ բաւականին դարմանելու, որոշ վէրքեր ամոքելու համար (վաղուան ալ` դարմանելի շատ բան կը մնայ): Մայիս 28-ով ծայր առած գիծը, ծանօթ տկարացումներէ եւ վերիվայրումներէ ետք, այսօր դարձեալ ուժեղ գոյներով կ՛երեւի մեր հայրենիքի կեանքին մէջ, դէպի Հայաստան կը բեւեռէ ողջ հայութեան հայեացքները` արտերկրի մօտակայ թէ հեռաւոր օճախներէն: Այդ գիծն է, որ պիտի երկարի դէպի ապագայ, մի՛շտ մեկնակէտ-հիմնաքար ունենալով Մայիս 28-ը եւ զայն կանխող տառապալից յաղթարշաւը:
Մայիս 28-էն դէպի ապագայ հնչող ամէնէն ազդու պատգամը կը մնայ այն, որ պէտք է նսեմացնել սնամէջ տարակարծութիւնները, վնասաբեր մրցակցութիւնները, «միայն ես կրնամ»-ի տրամաբանութիւնը, որովհետեւ Մայիս 28-ի Հայաստանին արարումը կատարուեցաւ հայութեան միացեալ ճիգերով, համատարած զոհաբերութեամբ, ուրեմն` ապագան չի կրնար կերտուիլ հատուածական միջակութիւններով եւ ազգային ժառանգութիւնները ներքին ու արտաքին սակարաններու մէջ մսխելու արշաւներով, այլ ընդհակառակն, ազգայինն ու աւանդականը նախամեծար դասելու կամքով ու այդ կամքին գործնական արտայայտութիւններով:
Ահա թէ ինչու՛ Մայիս 28-ը մեր անցեալն է, անմա՛հ անցեալը, մեր ներկա՛ն է, իր դրական ու անբաղձալի երեսներով, բայց ամէնէն կարեւորը` մեր ապագա՛ն է, վաղուան հորիզոնները լուսաւորողն է, ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստանի պատգամը ամրագրող, զայն իբրեւ վսեմ կտակ` յաջորդ սերունդներուն դիմաց փարոսող:
Մայիս 2020
//www.aztagdaily.com/archives/473722