Չինաստան. «Պիտի Չընդունինք, Որ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ը Իբրեւ Պատանդ Օգտագործեն»
30 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ հակադարձումի անհրաժեշտ որեւէ քայլ պիտի որդեգրէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի ներքին գործերուն միջամտելուն վրայ պնդէ եւ Հոնկ Քոնկի յատուկ ազգային անվտանգութեան օրէնքին ի պատասխան քայլ մը կատարէ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չաու Լի Ճիան յայտնեց, որ Փեքին Միացեալ Նահանգներուն, Բրիտանիոյ, Քանատային եւ Աւստրալիոյ դժգոհութիւն յայտնած է այդ օրէնքի որդեգրման համար Չինաստանը քննադատող անոնց միացեալ յայտարարութեան նկատմամբ:
Ան աւելցուց, որ Չինաստան «կը մերժէ Միացեալ Նահանգներուն վարմունքը եւ անոնց կոչ կ՛ուղղէ` դադրեցնելու իրենց սնամէջ քաղաքական խուսանաւումները»` նշելով, որ Չինաստան «Միացեալ Նահանգներուն պիտի չարտօնէ ՄԱԿ-ը իբրեւ իրենց մօտ պատանդ վերցուած օգտագործել»:
«Միացեալ Նահանգներ պէտք է անյապաղ դադրեցնեն միջամտութիւնը Հոնկ Քոնկի գործերուն, եթէ անոնք շարունակեն իրենց միջամտութիւնը, Չինաստան պատրաստ է անհրաժեշտ հակազդող քայլերուն ձեռնարկելու», նշեց ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած էր, որ ան Քոնկրեսին տեղեկացուցած է, որ Հոնկ Քոնկը «այլեւս Չինաստանէն ինքնավար չէ», հակառակ անոր որ ատիկա նախատեսուած է 1997 թուականին տարածքը Բրիտանիայէն Չինաստանին յանձնելու համաձայնութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան գնահատականով` փոփոխութիւնը կ՛ենթադրէ քաղաքականութեան փոփոխութիւն Հոնկ Քոնկի նկատմամբ, սակայն Փոմփէօ չհաստատեց, թէ վարչակազմը ի՛նչ քայլի պիտի ձեռնարկէ:
Չինաստանի խորհրդարանը հինգշաբթի օր որդեգրած էր «Հոնկքոնկեան յատուկ վարչական շրջանին մէջ ազգային անվտանգութեան ապահովման իրաւական համակարգի եւ հարկադրանքի մեքանիզմներու ստեղծման եւ կատարելագործման որոշում»-ը:
aztagdaily.com/archives/473850