Անդրադարձ. Էրտողան Ուրիշի Աչքի Շիւղը Կը Տեսնէ, Սակայն Ոչ Իր Աչքի Գերանը

Անդրադարձ. Էրտողան Ուրիշի Աչքի Շիւղը Կը Տեսնէ, Սակայն Ոչ Իր Աչքի Գերանը

30 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ARMENIAN GENOCIDE – This picture shows part of the 5.000 children from Kharput en route on donkey back and foot. “Story of Near East Relief” by James L. Barton, New York, 1930, p. 152

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու Մինիսոթա նահանգի Մինիափոլիս քաղաքին մէջ ոստիկանութեան կողմէ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը «Թուիթըր»¬ի վրայ գրեց. «Ցեղապաշտական եւ ֆաշական մօտեցումը, որ ամերիկեան Մինիափոլիս քաղաքին մէջ յանգեցուցած է Ճորճ Ֆլոյտի մահուան, ո՛չ միայն ընկճած է մեզ, այլ նաեւ դարձած է անարդար կեցուածքի ամէնէն ցաւալի դրսեւորումներէն մէկը: Ես կը դատապարտեմ այս անմարդկային մտածելակերպը` իբրեւ ներկայացուցիչ իսլամական քաղաքակրթութեան, որ մեզի կը սորվեցնէ սիրել մարդկութիւնը յանուն Արարիչի: Թուրքիան միշտ եւ բոլոր պայմաններուն մէջ դէմ արտայայտուած է որեւէ տեսակի անմարդկային գործողութեան», գրեց Էրտողան:

Ան յիշեցուց նաեւ Մոհամետի կեանքի տարբեր դրուագներու մասին պատմող զրոյցներէն մէկը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Սպիտակները սեւերու նկատմամբ առաւելութիւն չունին»` աւելցնելով. «Այս սկզբունքէն մեկնելով` մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ մարդկութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար` անկախ ցեղէ, մաշկի գոյնէ, կրօնէ, լեզուէ կամ հաւատքէ»:

Գեղեցիկ խօսքեր, որոնք թերեւս խաբեն Թուրքիոյ մէջ զարգացումներուն ոչ ծանօթ մը, սակայն անոնց վերաբերեալ նուազագոյն ծանօթութիւն ունեցող անձ մը դիւրութեամբ կը նշէ, թէ անոր խօսքն ու գործը իրարու չեն համապատասխաներ: Արդարեւ, 26 մայիս 2020-ին Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ կատարուեցաւ ատելութեան հողի վրայ յարձակում մը, որուն ընթացքին եկեղեցւոյ դարպասին վրայէն վերցուեցաւ խաչը եւ գետին նետուեցաւ: Նախքան այդ, Պոլսոյ Պաքըրքէօյ թաղամասին մէջ 8 մայիսին անծանօթ անձ մը փորձած էր հրկիզել հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դուռը: Ասոնք զուգադիպութիւններ կամ բացառիկ դէպքեր չեն, այլ պարզապէս վերջին տարիներուն ատելութեան հողի վրայ հայկական եկեղեցիներու դէմ կատարուած յարձակումներու եւ յարձակումի փորձերու վերջին օրինակները:

Էրտողան իր քիթին տակ արձանագրուող ցեղապաշտական յարձակումներուն դիմաց կատարելապէս կոյր, խուլ ու համր է, սակայն հեռաւոր Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած նմանօրինակ դէպք մը անոր ուշադրութենէն չի վրիպիր: Այլ կը շտապէ այլապէս այդ քստմնելի եւ խիստ մերժելի արարքը դատապարտելու եւ արար աշխարհին քարոզ կարդալու` յայտարարելով. «Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ մարդկութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար` անկախ ցեղէ, մորթի գոյնէ, կրօնէ, լեզուէ կամ հաւատքէ»:

Թրքական իշխանութիւնները հայկական եկեղեցիներուն դէմ յարձակումներու շղթայազերծման նպաստող ատելութեան մթնոլորտ ստեղծելով, ապա յարձակումները չդատապարտելով է, որ կը շարունակեն «պայքարիլ մարդկութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար` անկախ ցեղէ, մորթի գոյնէ, կրօնէ կամ հաւատքէ»: Արդեօ՞ք հոգեկան խանգարումի մը պատճառով անոնց մօտ ամէն բան շրջուած է եւ կը կարծեն, թէ մարդկութեան իրաւունքներուն դէմ գործելով այդ իրաւունքները կը պաշտպանեն: Անշուշտ ոչ, անոնք, ըստ սովորութեան, պարզապէս կը ստեն: Անոնք ուրիշներու աչքի շիւղին մասին խօսելէ առաջ պէտք է քաջութիւնը ունենան խօսելու իրենց աչքի գերանին մասին:

LES FORCES MILITAIRES OTTOMANES CONDUISENT DES HOMMES ARMÉNIENS VERS UN LIEU D’EXÉCUTION EN DEHORS DE LA VILLE DE KHARPOUT. Empire ottoman, mars-juin 1915.
[Avec l’autorisation de l’Armenian National Institute.]
aztagdaily.com/archives/473854

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail