ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – Անդրադարձ – Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Մէջ Պետութեան Եւ Կրօնի Անջատման 100-Ամեակ. Ժառանգութիւն` Յանուն Ամրապնդման

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – Անդրադարձ – Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Մէջ Պետութեան Եւ Կրօնի Անջատման 100-Ամեակ. Ժառանգութիւն` Յանուն Ամրապնդման

31 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Yerevan – More than 150,000 people died of starvation and typhus in Armenia in the autumn and winter of 1918-1919

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Աշխարհիկ Հանրապետութեան Հիմքերը

1789-ի ֆրանսական յեղափոխութեան կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկը եղաւ ամբողջատիրական-միապետական ու կղերամէտ համակարգի տապալումը եւ անոր փոխարէն աշխարհիկ հանրապետութեան մը կերտումը: Հանրապետութիւն մը, որ 26 օգոստոս 1789-ին օժտուեցաւ «Մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու յայտարարութեամբ», որուն 10-րդ յօդուածին մէջ նշուած եր. «Ոչ ոք կրնայ նեղութեան մատնուիլ իր կարծիքներուն համար, նոյնիսկ եթէ անոնք կրօնական ըլլան, պայմանով որ անոնց դրսեւորումները չխանգարեն օրէնքով սահմանուած հասարակական կարգը»: Անոր յաջորդեց 12 յուլիս 1790-ին «Կղերականներու քաղաքացիական սահմանադրութիւն»-ը, որ կղերականը ենթակայ դարձուց աշխարհիկ հանրապետութեան եւ ոչ թէ զայն դարձուց պետութենէն գերադաս դասակարգի ներկայացուցիչ:

Յիշեալ երկու փաստաթուղթերը հիմքը դրին արդի աշխարհիկ հանրապետութեանց. այսպիսով, Ֆրանսան դարձաւ աշխարհիկութեան բնօրրան եւ իր յեղափոխութեան աշխարհիկ-հանրապետական արժէքները արտածեց հոն, ուր կը տիրապետէր կղերամէտ միապետական համակարգ, հերթով հանրապետութիւններ հռչակուեցան ու աշխարհիկացման եւ հանրապետականացման հոլովոյթներ սկսան յեղափոխութիւններու միջոցով, ինչպէս` 1795-ին Պաթաւիոյ (Հոլանտա) եւ 1798-ին Իրլանտայի հանրապետութիւնները, անոնց յաջորդեցին 1820-1823 թուականներուն Սպանիոյ ազատական կառավարումը, ապա 1873-ին Սպանիոյ Ա. հանրապետութեան հռչակումը, իսկ 1870-ին Իտալիոյ միացումը, որ վերջ դրաւ պապին բացարձակապետութեան:

Հայկական ընկերութիւնը զերծ չմնաց աշխարհիկացման հոլովոյթէն: Հայութիւնը կ՛ապրէր մէկ կողմէ օսմանական խալիֆայական (իսլամական շերիաթին վրայ հիմնուած) ու միւս կողմէ ալ ցարական (կղերամէտ) տիրապետութեանց տակ: Երկու կայսրութիւններուն մէջ տիրող ընկերային յետամնացութենէն հեռու չէր նաեւ հայ բնակչութիւնը, որ ենթակայ էր նոյն կղերամէտ օրէնսդրութիւններուն:

Այսպիսով, Եւրոպայի կամ Ռուսիոյ համալսարաններ յաճախող հայ ուսանողներուն եւ յեղափոխական գրականութիւն կարդացողներուն մէջ արտացոլուեցան աշխարհիկ գաղափարները, որոնք հիմքը դրին հայ ազգային գաղափարախօսութեան: Այս մթնոլորտին մէջ է, որ ծնունդ առաւ հայ ազգային միտքը 19-րդ դարուն, որմէ առաջ գոյութիւն չունէր ազգային գաղափարախօսութիւն, այլ` կրօնական-դաւանական բաժանումներ (ուր նոյնիսկ քէնութիւն կը տիրէր), ուր անհատը կը գերադասէր իր կրօնական-դաւանական պատկանելիութիւնը իր ազգային պատկանելիութենէն: Արդէն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մեք» քերթուածի «Տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբա՛յր եՆք մեք, Որ մրրկաւ էինք զատուած» տողերը կը բաւեն` ներկայացնելու համար այդ դժուար տարիներու ազգամիջեան կրօնադաւանական բաժանումները: Այսպիսով, հայ ազգային գաղափարախօսութիւնը միացուց կրօնական յարանուանութիւններու պատկանող բաժան-բաժան եղած մարդիկը իբրեւ մէկ հաւաքականութիւն, որ վերկրօնական եւ վերդաւանական էր:

Թերեւս ոմանք պիտի ըսեն, թէ պատմութեան դաս կը բացատրեմ. վերոյիշեալ պատմական բոլոր հոլովոյթները փաստ են, որ հայ ազգային գաղափարախօսութիւնը զուտ աշխարհիկ է ու վեր է ամէն տեսակի կրօնական վարդապետութիւններէն: Կրօնադաւանականի նկատմամբ ազգայինի գերադասութիւնը Յովհաննէս Քաջազնունի իր «Ազգ եւ հայրենիք» ստեղծագործութեան մէջ կը պարզաբանէ հետեւեալ տողերով. «Ազգը կը նոյնացուի կրօնական դաւանանքի հետ: Բայց իրականութիւնը չ՛արդարացներ այդպիսի նոյնացում, իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ ազգն ու եկեղեցին տարբեր միութիւններ են: Իրականութեան մէջ չկայ քրիստոնեայ ազգ (կան քրիստոնէութիւն դաւանող տարբեր ազգեր միայն), չկայ պուտտայական ազգ, մահմետական ազգ, ինչպէս չկան նաեւ կաթոլիկ ազգ, բողոքական ազգ, օրթոտոքս ազգ… ազգը կրօնական համայնք չէ եւ կրօնական համայնքը ազգ չէ»:

1890-ին հիմնուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որուն կոչը հայ ազգին յստակ էր թէ՛ հայ ազգային զարթօնքին կրած հոլովոյթին եւ թէ՛ ալ իր անդրանիկ ծրագիրին (1892) մէջ յիշուած «տարբեր դաւանութիւններու հաւասարութիւն օրէնքի առաջ» պահանջին ընդմէջէն, որ ծրագիրի յաջորդ վերամշակումին մէջ (1907) յստակօրէն վերածուեցաւ «եկեղեցիի բաժանումը պետութենէն» եւ «կրօնը անհատական խիղճի հարց է» սկզբունքներուն:

«Նեշընըլ Ճիոկրեֆիք»ը Կը Յանձնարարէ 2020ին Երեւան Այցելել-cascade-yerevan

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նախորդող տասնամեակներուն, ազգային-ազատագրական պայքար մղելու ժամանակ ՀՅԴ-ն չդաւաճանեց աշխարհիկութեան իր ըմբռնումներուն, ան ջանաց իրագործել զանոնք ամէն ընծայուած առիթի ընթացքին` 1904-ին, երբ յայտարարուեցաւ «Կովկասեան նախագիծը», որուն 8-րդ կէտին մէջ յիշուեցաւ կրօնական կատարեալ ազատութեան ապահովումը, 1905-ին, երբ Ռուսիոյ մէջ կնքուեցաւ այդտեղ գործող ընկերվարական ու յեղափոխական ուժերու դաշինքը, որուն հիմքերուն 10-րդ կէտը յստակօրէն շեշտեց եկեղեցւոյ բաժանումը պետութենէն ու դպրոցներէն, եւ ամէնէն կարեւորը` երիտթրքական յեղափոխութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին, երբ ՀՅԴ-ն զարկ տուաւ հայ յառաջադիմական գրականութեան, ազատագրեց հայ կինը աւանդական կապանքներէն եւ ձերբազատեց հայ հասարակական կեանքը սուլթաններու հաւատարիմ կղերականութենէն: Այս ժամանակաշրջանի ՀՅԴ-ի պահանջները ներկայացուած են Յարութիւն Շահրիկեանի «Մեր հաւատամքը» գիրքին մէջ, ուր ան (սահմանադրական ժամանակաշրջանին) ազգային-մշակութային կեանքին վերաբերող կէտի մը մէջ կը նշէ. «Ո՛չ միայն իբրեւ սկզբունք, այլեւ իբրեւ միջոց ու հետեւանք ազգային, մշակութային միութեան, կրթական ծրագիրը, կրթութիւնը ամբողջովին (պէտք է) աշխարհականացնել»: Այս բոլորը ենթակայական մօտեցումներ չեն, այլ` առարկայական պայմաններէ ներշնչուած, որովհետեւ սուլթանական համակարգին հետ ձեռք-ձեռքի տուած` հայութիւնը հեռու պահուած էր աշխարհի բոլոր զարգացումներէն, եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ ժողովրդավարական ու ընկերվարական կուսակցութիւն, որ կը հաւատայ համամարդկային արժէքներուն, հրապարակ իջաւ լուսաւորելու հայութեան ճամբան:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնն Ու Աշխարհիկութիւնը

Եւ ահա եկաւ մայիս 28-ն, որ դարերէ ի վեր պետականազուրկ հայուն անկախ, հանրապետական կարգերով ազգային պետութիւն ընծայեց: Անկախութիւնը ամէն ինչէ առաջ ազատագրումն էր յետամնաց աստուածապետական ու ինքնակալ օսմանական եւ ցարական կարգերէն ու անոնց փոխարէն իրագործել հայ զարթօնքի ազգային-յառաջդիմական արժէքները: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ առաջին հանրապետութեան պատմութեան երկու տարուան ժամանակաշրջանին ժողովուրդին քուէարկութեամբ հասաւ իշխանութեան եւ կազմեց չորս կառավարութիւններ, երկրին մէջ առաջին օրէն իսկ ամրապնդեց յառաջդիմական արժէքները: ՀՅԴ-ի 9-րդ Ընդհանուր ժողովը հաստատեց. «Ամենավճռական միջոցներով պայքար մղել Հայաստանի բոլոր ժողովուրդների մէջ տիրող դասակարգի դէմ` պուրժուա, բեկ, աղա, կուլակներ…»: Եւ իբրեւ արդիւնք յիշեալ որոշումին, Ալեքսանտր Խատիսեանի գլխաւորած կառավարութեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Սիմոն Վրացեանի նախաձեռնութեամբ, հանրային սեփականատիրութեան յանձնուեցաւ եկեղեցւոյ ձեռքին տակ գտնուող հողերուն մեծամասնութիւնը` առիթ տալու հողազուրկ գիւղացիին օգտուելու հողէն, պետականացման ենթարկուեցան նաեւ հոգեւոր ուսումնական հաստատութիւններն ու ծխական եկեղեցական դպրոցները, անոնք աշխարհիկացան, անոնց մէջ ուսումը ձրի դարձաւ, եւ հարկեր սահմանուեցան Էջմիածինի մէջ գտնուող ցանքատարածութիւններուն վրայ` ֆինանսաւորելու համար պետութեան պիւտճէն` ընկերային ծառայութիւններուն համար, եւ ամէնէն կարեւորը` յունուար 1920-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս պետութիւնը բաժնեց եկեղեցիէն եւ կերտեց արդի աշխարհիկ հանրապետութիւն մը:

Եկեղեցին պետութենէն անջատելու օրէնքին հետ զուգահեռ, ինչպէս վերը նշեցինք, պետականացման ենթարկուեցան նաեւ հոգեւոր ուսումնական հաստատութիւններն ու ծխական եկեղեցական դպրոցները: Պետականացման քայլը առիթ ընծայեց զարկ տալու լուսաւորական, արդիապաշտ եւ աշխարհիկ կրթական համակարգին: Կ՛արժէ յիշեցնել, որ յունուար 1920-էն առաջ, այսինքն` եկեղեցին պետութենէն անջատելու սկզբունքին հաստատութենականացումէն առաջ, ՀՅԴ-ի չորս կառավարութիւններն ալ տէ ֆաքթօ կը գործէին աշխարհիկութեան գաղափարներուն համահունչ, ուստի տէ ժիւրէ քայլ մը եղաւ եկեղեցին պետութենէն անջատելու օրէնքը: Ասիկա ակնյայտ էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի առաջին ընդունելութեան ընթացքին կատարած` «մեր պետութիւնը հայրենիք է անոր մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համար» յայտարարութեամբ:

Հոգեւոր ուսումնական հաստատութիւններու ու ծխական եկեղեցական դպրոցներու պետականացումը, անվճար կրթական համակարգէն անդին, նաեւ դարձաւ ձիրքեր քաջալերող ու ստեղծագործ միտք արտադրող աղբիւր: Նիկոլ Աղբալեանի եւ Գէորգ Ղազարեանի նախարարութեան ժամանակաշրջանին քայլեր առնուեցան արհեստներու եւ արուեստներու ուսուցման առումով, առաւել եւս դպրոցներուն կից բաղնիքներու, պահեստներու, պարտէզներու եւ արհեստանոցներու կառուցում ու շէնքերու նորոգում կատարուեցաւ:

Շնորհիւ չորս կառավարութիւններուն վարած աշխարհիկ քաղաքականութեան, 31 յունուար 1920-ին բացուեցաւ Պետական համալսարանը` Ալեքսանդրապոլի մէջ: Համալսարանին բացումը արդիւնք էր կառավարութեան վարած յառաջդիմական քաղաքականութիւններուն, որոնց վերելքի խարիսխը կը հանդիսանան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կրթութեան նախարարները:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան աշխարհիկացման հոլովոյթը` կրօնէն պետութեան խզումէն մինչեւ կալուածներու համայնացումը եւ ցանքատարածութիւններու հարկումները, ինքնանպատակ չէին, այլ կը մեկնէր հայ ժողովուրդի առօրեայ կեանքի դժուարութիւններէն` նորաստեղծ հանրապետութեան մէջ տիրական դարձած լայնածաւալ աղքատութենէն, ուր հանրութեան մեծամասնութիւնը հողազուրկ, անօթի, անտուն եւ որբ էր, իսկ անդին եկեղեցին կը վայելէր իր շքեղ կալուածներով եւ ընդարձակ հողերով: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, մեկնելով իր ընկերվարական սկզբունքներէն, դիմեց նման քաղաքականութիւններու, որոնց յստակօրէն կ՛անդրադառնայ Գարեգին Խաժակ իր «Ի՞նչ է դասակարգը» խորագիրով գիրքին մէջ, ուր կը գրէ. «Հոգեւոր դասի վերին կամ բարձր խաւերը այսօր կը հանդիսանան հողատէր կամ խոշոր կալուածատէր դասի կողքին նստած: Այս բարձր կոչուած խաւերը մէկ կողմէ կը վայելեն հողային վարձքը կամ հողի եկամուտը… Միւս կողմէ ալ անոնք (հոգեւորականները), իբրեւ եկեղեցւոյ պաշտօնեաներ (առաջնորդ, քարոզիչ եւ այլն), կը ստանան չաղ-չաղ ռոճիկներ կա՛մ անմիջապէս ժողովուրդէն, կա՛մ պետութենէն: Այդպիսով անոնք կը հանդիսանան կրկնակի կեղեքիչներ»:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումէն ետք, աշխարհիկ-հանրապետութեան տեսաբանները իրենց գործը նաեւ շարունակեցին սփիւռքի մէջ:

Սփիւռքի մէջ, վառ պահելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան գաղափարական հիմքերը եւ աղբիւր դառնալու համար ապագայի վերանկախացեալ Հայաստանին, «Վէմ» հանդէսի 6-րդ տարուան (1938) թիւին մէջ, «Մտածումներ ազգի եւ դաւանանքի մասին» խորագրեալ յօդուածով մը, Ա. հանրապետութեան աշխարհիկացման մղիչ ուժերէն Նիկոլ Աղբալեանը, նկատի առնելով, որ սփիւռքի մէջ կրնան ծագիլ կրօնադաւանական հարցեր, որոնք ապագային կրնան խոչընդոտ դառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքին, կը գրէ. «Յարանուանական գիտակցութենէն վեր տիրաբար պիտի իշխէ ընդհանուր եւ համազգային մի ուրիշ գիտակցութիւն` ազգային-քաղաքական»: Եւ զգալով, որ կղերականութիւնը քաղաքականութեան կամ աշխարհիկ-քաղաքացիական հարցերու միջամտելու պարագային կրնայ վտանգ հանդիսանալ հանրապետութեան ապահովութեան, Աղբալեան նոյն յօդուածին մէջ կը գրէ. «Ազգի ազատութիւնն ու անկախութիւնը համազգային գործ է եւ կը վերաբերի բոլոր դաւանութեանց անխտիր, ուստի, ազգի քաղաքական ճակատագրի տնօրինումը պէտք է ըլլայ ազգի ձեռքին եւ ոչ անոր դաւանութեանց պետերուն»:

Նոյն հանդէսին մէջ («Վէմ»), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ եւ աշխարհիկացման գործերու մասնակից Սիմոն Վրացեանը, շեշտելով հանդերձ կրօնական յարանուանութիւններու դերակատարութեան կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ, կը միանայ Աղբալեանին` իր մտահոգութիւնը յայտնելով կղերականներու միջամտութիւններուն առնչութեամբ: Ան հանդէսի 1938-ի երրորդ թիւին մէջ «Մտածումներ ազգային միութեան եւ կազմակերպութեան մասին» վերնագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ. «Ինչ որ զուտ յարանուանական է, թո՛ղ մնայ կրօնական համայնքի հետաքրքրութեան եւ իրաւասութեան տակ. ինչ որ աշխարհիկ` ազգային է եւ ընդհանրական` պէտք է երթայ միախառնուելու համազգային կեանքին ու գործին մէջ, իբրեւ անանջատ մասնիկը համահայկական համակեցութեան»:

Աղբալեանի եւ Վրացեանի ազգային-յառաջդիմական գաղափարները մեծ դերակատարութիւն ունեցան այն բանի մէջ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տասնամեակին առիթով հիմը դրուի աշխարհիկ մշակութային «Համազգային հրատարակչական ու մշակութային ընկերակցութեան», որուն հովանիին տակ հետագային Պէյրութի մէջ (3 մարտ 1930-ին) հիմնուեցաւ «Հայ Ճեմարանը» (այժմ` «Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան»), որ դարձաւ սփիւռքի մէջ առաջին ազգային-աշխարհիկ կրթական հիմնարկը եւ հետագային իր ցանցը ընդլայնեց սփիւռքեան այլ շրջաններու մէջ:

***

Այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ ժառանգորդ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, իր սահմանադրութեան 17-րդ յօդուածով կը շեշտէ. «Կրօնական կազմակերպութիւնները անջատ են պետութենէն»: Սակայն, ներկայ հանրապետութեան մէջ կը պակսի մէկ բան` աշխարհիկացման վճռական կամք: Ինչպէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընթացքին կամ ատկէ առաջ, երբ ՀՅԴ-ն կը մղէր ազգային-ազատագրական պայքար, ջանաց, որ հայ ազգը քայլ պահէ աշխարհի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն ու նուաճումներուն հետ, եւ ընդդիմացաւ աւանդապաշտութեան, այսօր եւս Հայաստանը պէտք ունի զարգացած պետութիւններուն հետ քայլ պահելու ու արդիականացնելու իր կառավարման ու հաստատութենական մեքանիզմները եւ իր մեթոտաբանութիւնները սահմանէ գիտական փաստերու վրայ:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 102-ամեակին եւ հանրապետութեան աշխարհիկացման 100-ամեակի առիթով, պետք է վերականգնել Վրացեանի, Աղբալեանի եւ Խատիսեանի` աշխարհիկութեան ուխտը, թոյլ չտալ, որ կասեցուին մեր ազգային պետութեան նուաճումները մարդու իրաւունքներու, քաղաքացիական ազատութիւններու եւ թափանցիկութեան մարզերուն մէջ:

www.aztagdaily.com/archives/473700

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail