Ճորճ Ֆլոյտի Մահէն Ետք Յառաջացած Ցոյցերը Հակակշռելու Նպատակով Կրակմար` Ամերիկեան Կարգ Մը Քաղաքներու Մէջ

01 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Ճորճ Ֆլոյտի Մահէն Ետք Յառաջացած Ցոյցերը Հակակշռելու Նպատակով Կրակմար` Ամերիկեան Կարգ Մը Քաղաքներու Մէջ

Մինէափոլիս քաղաքին մէջ ոստիկանի կոպիտ վարմունքին պատճառով 46-ամեայ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի մահէն ետք յառաջացած զանգուածային բողոքի ցոյցերու եւ անկարգութիւններու իբրեւ հետեւանք Միացեալ Նահանգներու կարգ մը քաղաքներու մէջ կրակմար յայտարարուեցաւ:

Բողոքի ցոյցերն ու անկարգութիւնները բաւական ծաւալեցան եւ նոյնիսկ հակակշիռէ դուրս եկան երբեմն` վերածուելով բռնութիւններու արիւնալի բախումներու:

Անկարգութիւններէն ամէնէն շատ վնասուած քաղաքներէն մէկը Լոս Անճելըսն է: Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսըմ քաղաքին մէջ կրակմարի ժամ յայտարարեց եւ Ազգային պահակագունդը դրաւ պատրաստ վիճակի մէջ` արտակարգ իրավիճակին միջամտելու համար:

Քաղաքին մէջ անկարգութիւններու ընթացքին թալանուեցան խանութներ, ներառեալ շատ նշանաւոր Մելռոզ եւ Ֆէյրֆաքս փողոցներուն մէջ տեղի ունեցան հրկիզումներ: Ոստիկանութիւնը ռետինէ փամփուշտներով կրակեց եւ մահակներով հարուածեց ցուցարարները, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր ձերբակալութիւններ կատարեց:

Նիւ Եորքի մէջ ցուցարարները հաւաքուեցան նշանաւոր «Թայզմ սքուեր»-ի հրապարակին վրայ, որ քաղաքին սիրտն է: Հոն ոստիկանական ինքնաշարժը ճեղքեցին ցուցարարներու շարքերը` զանոնք ցրուելու նպատակով: Քաղաքապետ Պիլ տէ Պլազիօ ըսած է, թէ ստեղծուած կացութեան մեղքը ցուցարարներուն ուսերուն է, սակայն քոնկրեսական Ալեքսանտրիա Օլասիօ¬Քորթես նշած է, որ քաղաքապետին մեկնաբանութիւնները անընդունելի են, եւ ան պէտք չէ արդարացնէ ոստիկանները:

Նշենք, որ Ֆլոյտի սպանութեան դէմ բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ նաեւ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ:

Ճորճ Ֆլոյտի Մահէն Ետք Յառաջացած Ցոյցերը Հակակշռելու Նպատակով Կրակմար` Ամերիկեան Կարգ Մը Քաղաքներու Մէջ

aztagdaily.com/archives/473948

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail