Իրանի Խորհրդարանի Նախագահը. «Պիտի Շարունակենք Աջակցիլ Դիմադրութեան Առանցքին Եւ Պաշտպանել Պաղեստինցի Ժողովուրդն Ու Հըզպալլան»

Իրանի Խորհրդարանի Նախագահը. «Պիտի Շարունակենք Աջակցիլ Դիմադրութեան Առանցքին Եւ Պաշտպանել Պաղեստինցի Ժողովուրդն Ու Հըզպալլան»

01 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց. «Նոր խորհրդարանը պարտաւորութիւն կը ստանձնէ շարունակելու նահատակ Քասեմ Սլէյմանիի ուղին` դիմադրութեան առանցքին աջակցելու ուղին, որ անփոփոխելի է, եւ որդեգրուեցաւ որոշում մը, որ նոր խորհրդարանը ըլլայ Քասեմ Սլէյմանիի խորհրդարան: Անշուշտ նոր խորհրդարանը յանձնառու է անոր դիմադրութեան առանցքին աջակցելու եւ պաղեստինցի ժողովուրդը, լիբանանեան Հըզպալլան, Համաս շարժումի եւ Իսլամական ժիհատի նման պաղեստինեան շարժումներ պաշտպանելու եւ անիրաւուած եմէնցի ժողովուրդին թեւ ու թիկունք կանգնելու»:

Քալիպաֆ նաեւ յայտնեց. «Իրանի մէջ վատ վարկ ունեցող պետութիւններուն հետ աշխատիլը ռազմավարական սխալ է»:

«Նոր խորհդարանը մտադիր չէ իրանեան կառավարութեան հետ դիմակայելու, սակայն խիստ կերպով պիտի հետապնդէ ժողովուրդի իրաւունքներն ու շահերը, ինչպէս նաեւ պիտի աշխատի ժողովուրդի ծառայութեան ճամբուն վրայ կառավարութեան առջեւ ծառացած իրաւաբանական արգելքները վերցնելու ի խնդիր», նշեց Իրանի խորհրդարանի նախագահը:

YEREVAN ARMENIE- sur la rive du lac Erevan, il y a 4-5 autres grottes similaires

aztagdaily.com/archives/473949

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail