Իրանեան Հինգերորդ Եւ Վերջին Քարիւղատար Նաւը Մուտք Գործեց Վենեզուելական Ջուրեր
01 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Իրանեան հինգերորդ եւ վերջին քարիւղատար նաւը, աւելի քան երեք շաբաթ նաւարկելէ ետք, երէկ մուտք գործեց Վենեզուելայի ջուրեր:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վենեզուելական քարիւղի պետական ընկերութիւնը արդէն սկսած է նոր քարիւղը մատակարարել երկրի շուրջ 1540 կայարաններուն:
Քարիւղի արտադրութեան նահանջին պատճառով Վենեզուելան 1 յունիսէն պիտի սկսի բարձրացնել վառելանիւթերու գիները, որոնք մինչեւ հիմա քարիւղ արտադրող երկրին մէջ գրեթէ ձրի էին:
«200 կայարաններ կրնան այս արտադրութիւնը ծախել միջազգային գիներով», յայտարարեց Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ` այդպիսով վերջ դնելով երկրին մէջ վառելանիւթ ծախելու մենաշնորհին:
Իրանեան քարիւղատար չորրորդ նաւը` «Ֆայսքըն»¬ը, ուրբաթ օր հասած էր Վենեզուելա եւ երկրին յանձնած իր փոխադրած պենզինը, որուն կարիքը ունի երկիրը` քարիւղի մարզին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն պատճառով»:
aztagdaily.com/archives/473951