ՀՀ Վարչապետն ու Իր Ընտանիքի Անդամները Վարակուած Են «Քորոնա» Ժահրով
01 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր ընտանիքի անդամները վարակուած են նոր տեսակի «քորոնա» ժահրով․ անոնց զնման պատասխանը դրական եղած է։
Այս մասին վարչապետը յայտնեց Facebook-ի իր էջի ուղիղ եթերով։
«Երէկ պարզուած է, որ «քորոնա» ժահրի իմ զննումը դրական է, կ՝ուզեմ ըսել, որ որեւէ ախտանշան չեմ ունեցած։ Առաջնագիծ մեկնելու ծրագիր կար, որոշեցի զննուիլ, եւ անիկա դրական էր, որմէ ետք զննուեցաւ նաեւ ամբողջ ընտանիքս՝ բոլորս վարակուած ենք «քորոնա» ժահրով։ Մենք չունինք որեւէ ախտանշան, վերջին մէկ ամսուն ընթացքին ամէն օր աշխատանքի ներկայանալու ժամանակ, ինչպէս կարգն է, ջերմաչափուած եմ եւ չեմ ունեցած ջերմութիւն»,- կը նշէ վարչապետ Փաշինեան։
Խօսելով վարակուելու մասին, ՀՀ վարչապետը կը նշէ, թէ ակնյայտ է, որ ընտանիքի անդամները վարակուած են իրմէ։ Ան կը նշէ, որ կը կռահէ, թէ ինչպէս վարակուած է։
«Վարակուած եմ աշխատանքային խորհրդակցութիւններէն մէկուն ընթացքին։ Դէպք մը արձանագրած են, որ մէջս տպաւորուած է։ Խորհրդակցութիւններու ժամանակ կը դրուին ջուրի բաժակներ, եւ ես օր մը արձանագրեցի, որ այդ բաժակները կը դրուին առանց ձեռնոցի։ Տեղւոյն վրայ նկատողութիւն ըրի եւ առաջարկեցի փոխել, բայց կ՝ենթադրեմ, որ ատկէ առաջ ալ նոյնը եղած է, եւ այդ մատուցողին մօտ նոյնպէս հաստատուած է «քորոնա» ժահրը»,- կը նշէ վարչապետը։
Հակահամաճարակային կանոններու պահպանումը փաստօրէն չէ օգնած իրենց, բայց վարչապետը համոզուած է, որ առնուազն Կառավարութեան մէջ իրմէ մարդ չէ վարակուած կամ հնարաւորինս քիչ մարդ վարակուած է։
«Պիտի շարունակեմ աշխատիլ՝ վարչապետի կեցավայրէն։ Ունիմ բոլոր կապի միջոցները, մնացեալ բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, աշխատասենեակ։ Որքան պէտք ըլլայ պիտի աշխատիմ այստեղէն, ի հարկէ, մեկուսացուածութեան պայմաններու մէջ։ Մեր ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը կը մնայ նոյնը, մենք պէտք է սորվինք ապրիլ «քորոնա» ժահրի հետ։ Բոլորիս համար նոյն վիճակն է՝ չունինք ջերմութիւն եւ ախտանշաններ, բայց պէտք է հետեւինք, որովհետեւ կրնան այդ ախտանշանները որեւէ պահի ի յայտ գալ։ Մեր մտահոգութիւնը այն է, որ վարակած չըլլանք մեր մեր մայր-մեծ հայրերը, միջնորդաւորուած վարակի աղբիւր հանդիսացած չըլլանք»,- կը նշէ վարչապետ Փաշինեան՝ յորդորելով քաղաքացիները միշտ դիմակ կրելու, ինչպէս նաեւ պարբերաբար ախտահանելու ձեռքերը։
yerakouyn.com/2020/06/01/հհ-վարչապետն-ու-իր-ընտանիքի-անդամները/