Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Արայիկ Յարութիւնեանի Առաջին Պաշտօնական Հանդիպում Երեւանի Մէջ
01 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Մայիսի 28-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հանդիպումը:
Ն. Փաշինեան դիտել տուաւ, թէ ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած են բոլոր նախադրեալները, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնները, իշխանութիւնները ռազմավարական եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներու իրագործման փուլ անցնին: Ըստ անոր` արդէն իսկ քննարկուած են յատկապէս գիւղատնտեսութեան, արտադրութեան, արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ ընդհանուր գործերու կազմակերպման վերաբերող հարցեր:
«Ինչ կը վերաբերի անվտանգութեան` Հայաստանն ու Արցախը անվտանգային ընդհանուր տարածք են, եւ այս առումով մեր ընելիքները, մարտահրաւէրները ակնյայտ են: Համոզուած եմ, որ մենք կը կարողանանք համագործակցաբար դիմակայել մարտահրաւէրները, կառավարել այդ մարտահրաւէրները, եւ մեր հայրենիքը առաջնորդել ռազմավարական, երկարատեւ եւ կայուն զարգացման ճամբով», յայտնեց վարչապետ Փաշինեան:
Իր հերթին, Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ համարկման խորացումը իրեն համար պիտի ըլլայ գլխաւոր թեմաներէն մէկը` դիտել տալով, որ այս ծիրին մէջ ալ արդէն կը մտածուի համապատասխան կոմիտէի ստեղծման մասին:
Անվտանգութեան առումով, ըստ նորընտիր նախագահին, կայ կարեւոր համագործակցութիւն պաշտպանութեան բանակին մէջ, բայց երկու երկիրները ունին նաեւ խնդիրներ` անվտանգութեան վերաբերող մնացեալ ուղղութիւններով, ուր համատեղ աշխատանքը եւս կարեւոր է:
Ան հիմնական նկատեց նաեւ գործակցութիւնը տնտեսական բնագաւառին մէջ: «Կ՛ակնկալեմ անմիջական ձեր աջակցութիւնը պահպանելու նոյն կշռոյթը, ինչպէս վերջին տարիներուն եղած է ձեր ղեկավարման ընթացքին, որպէսզի յառաջիկային տեսնենք Արցախի շէնացման, զարգացման աւելի ցայտուն օրինակներ: Ինծի համար տեսանելի է Արցախը օր առաջ փոխելու, զարգացնելու եւ որպէս հայութեան կարեւոր բնօրրան ներկայանալու հնարաւորութիւնը», յայտնեց Ա. Յարութիւնեան:
aztagdaily.com/archives/473936