ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մարզպետ ոչ թէ կայսրութեան մը փառքը աւելցնելու համար գործեց, այլ պայքարեցաւ ամէնքէն լքուած ու հալածուած

Մարզպետ ոչ թէ կայսրութեան մը փառքը աւելցնելու համար գործեց, այլ պայքարեցաւ ամէնքէն լքուած ու հալածուած իր ժողովուրդը պաշտպանելու եւ վրէժ առնելու համար իր ցեղի դահիճներէն

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մարզպետ ոչ թէ կայսրութեան մը փառքը աւելցնելու համար գործեց, այլ պայքարեցաւ ամէնքէն լքուած ու հալածուած իր ժողովուրդը պաշտպանելու եւ վրէժ առնելու համար իր ցեղի դահիճներէն

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Մարզպետ ոչ թէ կայսրութեան մը փառքը աւելցնելու համար գործեց, այլ պայքարեցաւ ամէնքէն լքուած ու հալածուած իր ժողովուրդը պաշտպանելու եւ վրէժ առնելու համար իր ցեղի դահիճներէն»։

31 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ԱՐՀԱՒԻՐՔի օրերուն, մահուան անապատներու դժոխքին մէջ, ՀԱՅ ԲԵԿՈՐՆԵՐ ցեղասպան թուրք ճիրաններէ փրկած ԱՍՊԱՏԱԿ ՀԱՅ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒ ասպետական ոգիին, որուն առասպելատիպ մարմնաւորումն է Հայկական Ազատամարտի եզակի դէմքերէն ՄԱՐԶՊԵՏ (Ղազարոս Ղազարոսեան, 1878-1918)։

Մայիս 31ի այս օրը, 1918 թուին, անհեթեթ արկածի մը հետեւանքով ապաժամ վերջ գտաւ այնքան արկածալից կեանքը դաշնակցական ֆետայիի այս յանդուգն կերպարին, որուն կենսագրութեան եւ բացառիկ ծառայութեան նուիրուած է Յուշատետրի այսօրուան գրառումը։

Բրիտանացիները Lawrence of Arabia անունով հռչակուած առասպելական տիպար մը ունին, որ իր կայսրութեան փառքին համար յանդուգն գործեր կապած է իր անունին։
Մարզպետ միայն ԾԱՌԱՅԵ՜Ց իր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ եւ մահուան կարաւաններէն փրկեց հայ բեկորներ։

Բարի լոյս՝ Մարզպետի սխրագործութեանց եւ ԱՍՊԱՏԱԿի առասպելին, որոնք կիզակէտ ունեցան ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ու ՓՐԿՈՒԹԻՒՆը թրքական պետութեան գործսդրած 20րդ դարու առաջին ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ անզէն ու անպաշտպան հայ ԶՈՀԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ ամբողջ երեք տարի թրքական պետութեան հետապնդումներուն տակ իսկ ԱՍՊԱՏԱԿՈՂ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲ պահելու, ջարդի եւ աքսորի արեան ճանապարհներէն ՀԱՅ ՓՐԿԵԼՈՒ եւ դահիճները իրենց որջին մէջ ՊԱՏԺԵԼՈՒ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ, որուն առասպելական ՀԵՐՈՍՆԵՐն են ՄԱՐԶՊԵՏ ու գաղափարի իր ընկերները՝ Տիգրան ԾԱՄՀՈՒՐ եւ ՂԱԶԱՐ ՉԱՐԸՔ, ԽՈՍՐՈՎ ՊԱՊԱՅԵԱՆ եւ փրոֆ․ Ա․ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ։

Մարզպետ ոչ թէ կայսրութեան մը փառքը աւելցնելու համար գործեց, այլ պայքարեցաւ ամէնքէն լքուած ու հալածուած իր ժողովուրդը պաշտպանելու եւ վրէժ առնելու համար իր ցեղի դահիճներէն

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail