Արեւմտեան Հայաստանի եւ Իրանի նուիրուած նոր ալպոմ մը Տիմիթրա Սթասինոփուլուի կողմէ
11 Ապրիլ 2020 – Արեւմտեան Հայաստան:
Ինչպէս ծանօթ է արդէն, «Ազատ Օր»ի 2020ի օրացոյցին մէջ տեղ գտած բացառիկ լուսանկարները սիրայօժար տրամադրուած էին նկարահան Տիմիթրա Սթասինոփուլուի կողմէ։
Այժմ ան անբողջացուց բարձր որակի լուսանկարներով հարստացած իր նոր ալպոմը, որ նուիրուած է Արեմտեան Հայաստանի եւ Իրանի մէջ գտնուող պատմական կոթողներուն։ Բացառիկ ալպոմը տեղադրուած է համացանցի վրայ եւ կարելի է դիտել
https://www.yumpu.com/en/embed/view/9m1ZSFTUeCEYtAR6 հասցէէն։
2017ին, Տիմիթրա Սթասինոփուլու ճամբորդեց մինչեւ յունական Պոնտոսը, ուր շրջանը նկարելէ ետք, հասաւ մինչեւ Վանայ լիճը, Աղթամարի «Ս. Խաչ» պատմական եկեղեցին եւ հայոց դարաւոր Անի քաղաքը։
Յաջորդեց դէպի Իրան ճամբորդութիւնը, ուր այցելեց Սպահանի «Ս. Ամենափրկիչ» վանքը։ Հմայուած եկեղեցւոյ ներքնամասի զարդանկարներէն եւ անոր կողքին՝ ժողովրդագրական թանգարանի հարստութենէն, Տիմիթրա Սթասինոփուլու ճամբորդեց երկրի հիւսիսը, իր լուսանկարչական մեքենային մէջ ամփոփելու համար «Ս. Թադէ»ի եւ «Ս. Ստեփանոս»ի պատմական վանքերու գրաւիչ գեղեկցութիւնը։
«Երկու տարի առաջ գտնուեցայ արեւելեան Թուրքիոյ մէջ, նախապէս տպաւորուած ըլլալով «Ս. Խաչ» եկեղեցւոյ ձեռքս հասած լուսանկարէ մը։ Երբ մօտէն տեսայ եկեղեցին, ամբողջ մարմինս ցնցուեցաւ։ Բազմաթիւ երկիրներ ու տեղեր ճամբորդած եմ, սակայն, այն կեանքիս մէջ հանդիպած ամէնէն գեղեցիկ եկեղեցին էր։
Երբ Անիի աւերակները տեսայ, խոր կսկիծ մը պատեց ամբողջ էութիւնս եւ սկսայ դառնութեամբ լալ։ Կը վախնամ, որ տարիներ ետք, այդ վայրերուն վրայ ոչինչ պիտի մնայ, հայու հին քաղաքակրթութիւնը յիշեցնող ամէն տեսակի նշում պիտի անհետանայ։
Իրան կատարած ճամբորդութիւնս եւ հնամեայ վանքերու լուսանկարումը անմոռանալի տպաւորութիւններու պարգեւ մըն էր։ Տիմիթրա Սթասինոփուլու եղաւ առաջին անձը, որ նկարահանեց Պութանը եւ այդ գործին համար պարգեւատրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ։
Լուսանկարչութեամբ սկսաւ զբաղիլ 50 տարեկանին։ Այսօր, 17 տարի ետք, ան արդէն հրատարակած է 5 տպագիր եւ 5 ելեկտրոնային հաւաքածոներ։
«Յաջորդ այցելութիւններէս մէկը պիտի ըլլայ Հայաստան, հաւանաբար՝ յաջորդ գարնան։ Ուրախ եմ, որ ձեր օրաթերթին միջոցով, կապի մէջ մտայ Յունաստանի հայ համայնքին հետ, օգտակար դառնալով, որպէսզի լուսանկարներս աւելի շատ մարդոց շրջանակներուն մօտ ծանօթացնեն ձեր երկրի ու ժողովուրդի սքանչելի եւ գեղեցիկ մշակոյթը։
Լուսանկարչական աշխատանքս սիրոյ նուիրուած գործ մըն է։ Անչափ ուրախութիւն կը համակէ հոգիս, երբ գործիս արդիւնքը առիթը կու տայ մարդոց՝ իրենց երեւակայակութեամբ ինծի հետ միասին ճամբորդելու», ըսաւ մեր բարեկամը։
azator.gr/?p=15536