ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ (1965-1991). Ես մեկնում եմ կռիւ՝ մեռնելու կամ յաղթելու, բայց՝ յաղթելու

ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ (1965-1991). Ես մեկնում եմ կռիւ՝ մեռնելու կամ յաղթելու, բայց՝ յաղթելու

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ (1965-1991). Ես մեկնում եմ կռիւ՝ մեռնելու կամ յաղթելու, բայց՝ յաղթելու

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ (1965-1991).
«Ես մեկնում եմ կռիւ՝ մեռնելու կամ յաղթելու,
բայց՝ յաղթելու»։

1 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ եւ նորովի ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ակունքներուն կանգնած ԱՆՄԱՀ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնց ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒ փաղանգին մէջ իր ամուր ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆը ունի Արցախեան Ազատամարտի պայծառագոյն դէմքերէն ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ, որ նոր 55 տարեկան պիտի ըլլար Յունիս 1ի այս օրը, եթէ 29 տարի առաջ ատրպէյճանական անարգ փամփուշտը մեզմէ չխլէր 26 տարիքը հազիւ թեւակոխած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՀԵՐՈՍը։

Արցախեան Ազատամարտին զինուորագրուած եւ զոհուած բազմահազար մեր ՔԱՋԵՐՈՒ յուշամատեանին մէջ, Վարդան Բախշեանի ԱՆՁՆԱԶՈՀՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴը կը յատկանշուի հայ ժողովուրդի ԱՄԷՆԷՆ ԸՆՏԻՐ զաւակներու արեամբ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ նուիրագործած ըլլալու Ազգի ու Հայրենիքի ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ սրբազան ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ։

Բարի լոյս՝ յեղափոխական ուսանողներու եւ մտաւորական մարտիկներու ՋԱՀԱԿԻՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ, որ 1988ին ՈՏՔԻ ԿԱՆԳՆԵՑԱՒ եւ յառաջապահ դիրքերը պաշտպանեց ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂ եւ ՄԻԱՑՈՒՄ պահանջող ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ՝ անոր զինեալ պայքարի ճակատներուն վրայ եւս յաղթահասակ կանգնելով ու ԻՐ ԳԵՐԱԳՈՅՆԸ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ։

Հանրագիտական աղբիւրներու վրայ հիմնուած համառօտ կենսագրական մը տրուած է ստորեւ Վարդան Բախշեանի մասին։ Կից տրուած են նաեւ երկու վաւերագրական տեսերիզի յղումներ՝ ուսանողական եւ մտաւորական աշխատանքէն անդին սեւեռելու եւ Ազգի ու Հայրենիքի ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԿՌՈՒԻՆ ԶԷՆՔՈՎ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ Վ․ Բախշեանի ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ վերաբերեալ։

Բարի լոյս՝ կուսակցական պատկանելութիւնը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ու ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՍԿՍԱԾ ԿՌՈՒԻՆ ՄԻԱՆԱԼՈՒ գաղափարական պատրաստակամութեամբ պայմանաւորող բոլոր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք այսօր կը վերանորոգուին իրենց ՈՒԽՏԻՆ եւ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ մէջ, որովհետեւ Վարդան Բախշեաններու ԱՆԲԱՍԻՐ ՎԱՐՔՈՎ ՈՒ ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՄԱՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ հունաւորուած է գաղափարական ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։

ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ (1965-1991). Ես մեկնում եմ կռիւ՝ մեռնելու կամ յաղթելու, բայց՝ յաղթելու

*
* *

Վարդան Ազատի Բախշեան ծնած է 1965 թուի Յունիս 1ին, Հոկտեմբերեան (այժմ՝ Արմավիր)։

Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Արմավիր քաղաքի թիւ 2 միջնակարգ (այժմ՝ Վարդան Բախշեանի անուան) դպրոցին մէջ։
1983ին ընդունուած է Երեւանի Պետական Համալսարանի պատմութեան հիմնարկը (ֆակուլտետը)։

1983-1985ին ծառայած է խորհրդային բանակին (զինուորական ծառայութիւնն անցուցած է Հեռաւոր Արեւելք)։

Զօրացրումէն յետոյ, շարունակած է համալսարանական ուսումը։ 1989ին ընդունուած է Ե․Պ․Հ․ թեկնածուականի (ասպիրանտուրա)` միաժամանակ աշխատելով Հայաստանի պատմական աշխարհագրութեան եւ քարտէսագրութեան գիտաշխատանոցին (լաբորատորիա) մէջ։

Վարդան ուսանողական տարիներուն համալսարանի արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ թուրքերէն եւ ատրպէյճաներէն կ՚ուսումնասիրէր։ Մասնագէտներու կարծիքով՝ ան փայլուն կը տիրապետէր օսմանեան թուրքերէնին։ Թուրքիոյ մէջ այդ լեզուն շատոնց չ՚օգտագործուիր եւ նոյնիսկ հոն այդ թրքերէնը կ՚օգտագործեն յատուկ լեզուաբաններ եւ գիտնականներ։
Թուրքերէնի հանդէպ Վարդանի հետաքրքրութիւնը պայմանաւորուած էր՝ հետագային թրքական արխիւներուն մէջ հայոց պատմութեան համար անյայտ էջերու ուսումնասիրմամբ։
1989 թուին Վ. Բախշեան դարձաւ Հայաստանի մէջ կրկին վերահաստատուած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ․Մ․Ը․Մ․) հիմնադիրներէն մէկը։

Իսկ 1991ին, Աթէնքի մէջ գումարուած միութեան Պատգամաւորական Ժողովին, Վարդան ընտրուեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ներկայացնելով միութեան նորաստեղծ հայրենական կառոյցը։

Մինչեւ Արցախի Ազատամարտին մասնակցիլը՝ Վ. Բախշեան կը պատրաստուէր պաշտպանելու թեկնածուական իր ատենախօսութիւնը՝ «Արեւմտեան Հայաստանի վարչական բաժանումները» նիւթով։

Չափազանց կարճ ժամկէտի մէջ յաջողած էր հաւաքել եւ խմբաւորել համապատասխան նիւթերը, կատարել աղբիւրագիտական տուեալներու վերլուծութիւն, կազմել տեղեկատուական աղիւսակներ, ճշգրտել վարչական միաւորներու ընդգրկած սահմանները, միաժամանակ՝ կազմել Էրզրումի, Տիարպէքիրի, Սվասի, Կարսի տեղագրութիւնը՝ վարչատարածքային եւ պատմաշխարհագրական նկարագրով։

ՄԱՐՏԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ

Արցախեան Պահանջատիրութեան բռնկման տարիներուն, Վարդան Բախշեան խումբ մը ընկերներու հետ հիմնադրեց Հ․Ու․Դ․ը (Հայ Ուսանողական Դաշինք) եւ հրատարակեց «Դաշինք» ուսանողական թերթը։

Վարդան անդամագրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իր ուսանողուհի ու գաղափարակից քրոջ՝ Աննայի հետ զինուորագրուեցաւ Արցախեան Ազատագրական Շարժումին։
1990ին առաջին անգամ գաղափարի իր ընկերներուն հետ մեկնեցաւ Արցախ՝ մասնակցելու համար գիւղերու ինքնապաշտպանութեան մարտերուն։ Մասնակցեցաւ Բերդաձորի ինքնապաշտպանութեան։

Վ. Բախշեան զոհուեցաւ 1991 թուի Դեկտեմբեր 16ին, Հասանաբադ գիւղի մօտ մղուած կռուի ընթացքին։
Թաղուած է Եռաբլուրի Պանթէոնին մէջ։
Ամուսնացած չէր։

(Աղբիւր՝ Վիքիպեդիա՝ Ազատ Հանրագիտարան – https://hy.wikipedia.org/

*
* *

«Ես մեկնում եմ կռիւ՝ մեռնելու կամ յաղթելու. Բայց յաղթելու» – Վարդան Բախշեան

Վարդան Բախշեանի յիշատակին -Հեղինակ/Կատարող՝ Սեւակ Նազարեան

ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ (1965-1991). Ես մեկնում եմ կռիւ՝ մեռնելու կամ յաղթելու, բայց՝ յաղթելու

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail