ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ԵԳԻՊՏԱՑԻ (Արտաշէս Մինասեան, 1868-1897). «Անկեղծ զինուոր»ն ու «անվեհեր քաջ»ը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
ԵԳԻՊՏԱՑԻ (Արտաշէս Մինասեան, 1868-1897).
«Անկեղծ զինուոր»ն ու «անվեհեր քաջ»ը
Ն. Պէրպէրեան
01 ՅՈՒՆԻՍ 2020
Հայ ժողովուրդի մարտունակութեան գաղտնիքը՝ հրաշազօ՛ր ուժը երբեք պիտի չհասկնան բոլոր անոնք, որոնք իրենց պատանեկութեան տարիներէն կազմաւորուած չեն հայ յեղափոխական շարժման անձնուէր ֆետայիներու եւ գաղափարի մարտիկներու գաղափարական շունչով։
«Անկեղծ զինուոր»ի եւ «անվեհեր քաջ»ի առինքնող կերպարը չի կրնար միս ու ոսկոր կապել եւ հայոց նորահաս սերունդներուն համար վարակիչ օրինակ դառնալ, եթէ անուանի թէ անանուն հայ յեղափոխականներուն՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար անսակարկ զոհաբերուած հռչակաւոր թէ խոնարհ հայ հերոսներուն անձն ու գործը, կեանքն ու վարքը չվերածուին գաղափարական հանապազօրեայ հացի եւ սրբազան հաղորդութեան։
Հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն շրջանը լուսաւորող այդ կարգի նուիրեալներէն է Արտաշէս Մինասեան, որ 1897ի այս օրը, Յունիս 1ին, առյաւէտ փակեց աչքերը Աղեքսանդրիոյ (Եգիպտոս) մէջ, ուր թոքախտէ բուժուելու համար ղրկուած էր Պոլիսէն։
Հազիւ 29 տարեկան էր կռուի դաշտէն այդպէս հեռու վախճանած գաղափարի այս մարտիկը, որ հայ ազգային-ազատագրական շարժման յուշամատեանին մէջ յաւերժացաւ Եգիպտացի անունով։
Գասպար Իփէկեանի վկայութեամբ՝ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կերտողներուն մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի» Արտաշէս Դեւեան (Միսակեան, Մինասեան), որուն կենսագրութեան վերաբերեալ միայն կցկտուր եւ հակասական տեղեկութիւններ (նոյնինքն ազգանունին, յեղափոխական ծածկանունին եւ մինչեւ վաղ երիտասարդութիւն կեանքի մանրասնութեանց մասին) հասած են մեզի։
Այսուհանդերձ՝ Եգիպտացիի նուիրուած ե՛ւ կենսագրական յօդուածները, ե՛ւ յուշամատեաններու յղումները համակարծիք են ու միաձայնութեամբ կը շեշտեն, որ քսանամեայ Արտաշէսը վճռորոշ դեր ունեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքի դաշնակցական կուռ կազմակերպութեան ստեղծման եւ ուժեղացման մէջ։
Պոլսոյ եւ յատկապէս Սամաթիոյ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութիւնը մարտունակ կազմակերպութեամբ օժտելու, ինքնապաշտպանութեան անխուսափելի կռուին համար Պոլսոյ հայութիւնը զէնքով ու ռումբերով ապահովելու եւ զինավարժութեամբ պատրաստելու գործին մէջ անփոխարինելի եղաւ ներդրումը «Դեւեան», «Յովսէփ», «Հայկ», «Մուսթաֆա» յեղափոխական ծածկանուններով գործած Եգիպտացիի։
*
* *
Եգիպտացի ծնած էր Տրապիզոն, 1868ին։
Արհեստով ոսկերիչ էր, շէն ու կենսուրախ երիտասարդ մը, որ Տրապիզոնի իր շրջապատին ծանօթ էր «Դեւ Եաւրուսի Արտաշ» անունով։
1892ին, երբ Դաշնակցութեան հինադիր սերունդի յառաջապահ գործիչներէն Յովհաննէս Եուսուֆեան ուսուցչական պաշտօնով Տրապիզոն կը գտնուէր եւ հայ երիտասարդութիւնը կը տոգորէր հայ ազգային-ազատագրական շարժման նուիրուելու գաղափարներով, 24ամեայ Արտաշէսը ամբողջական փարումով միացաւ նորաստեղծ Դաշնակցութեան եւ, հետեւելով գաղափարական իր կնքահօր՝ Եուսուֆեանի քայլերուն, իր կարգին տեղափոխուեցաւ Պոլիս ու հաստատուեցաւ Սամաթիա։
Օսմանեան Դրամատան գրաւման յանդուգն գործողութեան աննման ղեկավարին՝ Բաբկէն Սիւնիի կողքին, Սուրէնի եւ Խաչիկ Գնունիի հետ, Արտաշէս եղաւ հիմնադիր կերտիչներէն մէկը արիւնարբու սուլթան Ապտիւլ Համիտի հայաջինջ քաղաքականութեան դէմ մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու մարտունակութեամբ թրծուած Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ կազմակերպութեան։
Մանաւանդ զէնքերու եւ ռումբերու գնման ու տեղափոխման վտանգաւոր գործին մէջ, թուրք ոստիկաններու, լրտեսներու եւ հայանուն մատնիչներու ամէնօրեայ հետապնդումներուն հակառակ, Եգիպտացի յաջողեցաւ թէ՛ անձամբ, թէ՛ իր առաջացուցած գործակիցներու խումբերով, ապահով թագստոցներ փոխադրել եւ փողոցային ընդհարումներու ընդունակ զինապահեստով օժտել Պոլսոյ յեղափոխական կազմակերպութիւնը։
Ինչպէս որ Ս. Վրացեան կը վկայէ, թրքական իշխանութիւնները բնաւ չկրցան, իրենց լրտեսներով թէ մատնիչներով, զէնքի գնման կամ տեղափոխման նպատակով Պոլսոյ փողոցներուն մէջ գիշերներ լուսցնող Եգիպտացիին բռնել «յանցանք»ի վրայ. նոյնիսկ եղաւ պահ, երբ կասկածներու հիման վրայ բանտարկեցին զինք, բայց ոչ ծեծի տակ կրցան խոստովանութիւն կորզել իրմէ, ոչ ալ վկաներ գտնել՝ Եգիպտացին դատապարտելու համար…
Այդպէ՛ս, մարտական իր ձեռնհասութեամբ, Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի սիւներէն մէկը դարձաւ Եգիպտացի։ Բայց միայն մարտական իր ընդունակութիւնները չէին, որ առանձնայատուկ դեր սահմանեցին հայ յեղափոխականի աննկուն կամքը մարմնաւորող այս երախտաւորին։ Եգիպտացի օժտուած էր կազմակերպիչի եւ քարոզիչի բացառիկ տաղանդով։
Ականատեսի վկայութիւն է, որ 1896ին, երբ Պոլսոյ հայոց Ազգային Հիւանդանոցի պարտէզին մէջ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենար Ազգային Սահմանադրութեան հռչակման 35ամեակի տօնակատարութիւնը, յանկարծակի՝ յաւուր պատշաճի ելոյթներու կարգը խախտելով, ինքնաբուխ խօսք կ՚առնէ շատերուն անծանօթ երիտասարդ մը եւ թրքական բռնատիրութեան դէմ անհաշտ կռուի ու հայկական գաւառներու պաշտպանութեան կոչ կ՚ուղղէ բոցաշունչ ճառով մը։ Անմիջապէս հանդիսութիւնը կը վերածուի հաւաքական ըմբոստացման բուռն հաւաքի մը՝ յանգելով Հիւանդանոցի ճակատէն թրքական դրօշը վար առնելու «աններելի» քայլին։
Երիտասարդական իր այդ յախուռն քայլին եւ Կ. Կոմիտէի անդամի իր հանգամանքը լրտեսներու եւ մատնիչներու լուսարձակին տակ դնող անխոհեմութեան համար, Եգիպտացի օրին կարգապահական պատիժ ստացաւ իր գաղափարակից ընկերներուն կողմէ։ Որոշ ժամանակ հեռու պահուեցաւ ցուցական կարեւոր նախաձեռնութիւններէ, բայց շարունակեց իր պատասխանատու գործունէութիւնը զինման եւ զինավարժութեան մարզին մէջ։
Նոյնպէս յիշատակելի է, որ 1894-95ի համիտեան կոտորածներուն ի պատասխան՝ Եգիպտացի յղացաւ եւ ծրագրեց Սուլթանի ահաբեկման ծրագիր մը։
Նոյնինքն Ռամատանի տօնին օրը, Համիտի տեղափոխութեան փողոցները ուսումնասիրած քարտէսի մը հիման վրայ, անձամբ ռումբերով յարձակում իրականացնելու առաջարկ ներկայացուց Կ. Կոմիտէի իր ընկերներուն։
Մարմինը մերժեց առաջարկը՝ ահաբեկչութեան հաւանական ձախողութիւնը հիմք ունենալով, որովհետեւ աննախատեսելի էին Համիտի երթեւեկի ժամերն ու քարտէսը…
Բայց ինչպէս որ Եգիպտացիի նուիրուած իր գրութեան մէջ Ս. Վրացեան կը հաստատէ, 1895ի Ռամատանին Սուլթան Համիտ իրապէս անցած էր Եգիպտացիի ստուգած եւ նախատեսած փողոցներէն…
Սուլթանին ահաբեկումը ձախողելու պատճառ պիտի չունենար։
*
* *
Ահա՛ այսօրինակ յեղափոխական յանդգնութեամբ եւ աննկուն կամքով ի բնէ օժտուած հայ երիտասարդին շիտկէ շիտակ հարուածելու քաջութիւն չունեցաւ… մահը։
Վտանգաւոր բոլոր ճամբաներէն անվախ քալած եւ բոլոր ճակատումներէն անպարտելի դուրս եկած Եգիպտացիին մարմնական առողջութեան ուղղուեցաւ անողոք ու մահաբեր հիւանդութեան հարուածը։
Թոքախտը բոյն դրաւ Եգիպտացիի մարմնին մէջ եւ արագօրէն հիւծումի մատնեց կենսունակութեամբ ողողուն Արտաշէս Մինասեանին։
Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութեան նախապատրաստական շրջանին, ընկերներուն պնդումով Եգիպտացի վերադարձաւ իր ծննդավայրը՝ Տրապիզոն, հանգստանալու եւ կազդուրուելու համար։ Բայց անմիջապէս որ լսեց Պանքի գրաւման որոշումին մասին, փութաց Պոլիս եւ թէեւ յարձակող խումբէն հեռու պահուեցաւ, բայց աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Սամաթիոյ մէջ թուրք ոստիկանութեան վրայ ռումբերով յարձակումներուն։
Անպարտելի դուրս եկաւ այդ ընդհարումներէն ալ։
Պանքի գրաւման հետեւող հալածանքներէն զինք հեռու պահելու համար, Պոլսոյ Կ. Կոմիտէի որոշումով Եգիպտացի ուղարկուեցաւ նախ Սամսոն եւ Տրապիզոն, այնուհետեւ՝ Պալքաններ, Յունաստան եւ հուսկ Եգիպտոս, Երկրի մէջ տիրող կացութեան մասին հայ պանդուխտներուն զեկուցելու եւ յեղափոխական կռուին հետ անոնց գաղափարական ու կազմակերպական կապը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ՝ դէպի Պոլիս զէնքի ու զինամթերքի գնման եւ փոխադրութեան գործը գլուխ հանելու համար։
Սակայն թոքախտը աւեր կը գործէր եւ ընկերները յանձնարարեցին, որ Եգիպտացի մնայ Աղեքսանդրիա, թէ՛ տեղի կազդուրիչ պայմաններէն օգտուելու, թէ՛ կազմակերպական աշխատանք ծաւալելու՝ հայ ազգային-ազատագրական շարժման կարեւոր աջակցութիւն բերող հայաշատ այդ գաղութիւն մէջ։
Հազիւ քանի մը ամիս մնաց Աղեքսանդրիա։
Թոքախտը հիւծեց անվեհեր քաջին։
Եւ Յունիս 1ին, 123 տարի առաջ, հայ կեանքէն ընդմիշտ հեռացաւ համակ կրակ ու բոց, հայ յեղափոխականի ու դաշնակցական գաղափարի մարտիկի աննկուն կամքին բացառիկ մարմնաւորումներէն մէկը հանդիսացած 29ամեայ Արտաշէս Մինասեան։
Երբ հայոց սերունդները ջերմեռանդութեամբ կ՚երգեն «Ստամպոլը պիտի լինի արեան ծով»՝ անպայման իրենց հոգիին աչքերով կը պատկերացնեն նաեւ առնական դէմքն ու մարտունակութիւնը անմահն Եգիպտացիի։
Ս. Վրացեանի բառերով՝
«Գործնական խելքի, սուր դիտողութեան, անսասան կամքի ու յանդգնութեան, արտակարգ պաղարիւնութեան եւ ճարպիկութեան տէր, ազնիւ նկարագրով, անձնուէր ու յանդուգն երիտասարդ էր Եգիպտացին։ Անկեղծ ու հաւատարիմ ընկեր եւ անդաւաճան գործակից։ Սահման չճանաչող ատելութեամբ լեցուած դէպի թուրք բռնապետութիւնը։
Ամէն վայրկեան պատրաստ՝ յեղափոխական գործի համար զոհելու իր անձը։ Յանդուգն ծրագիրներ յղացող եւ անվախ գործադրող։ Ամենավտանգաւոր ձեռնարկների մէջ նետուող, երբեք չյուսահատուող եւ ամէն դժուարութիւնից ճարպիկութեամբ դուրս եկող»։
Իբրեւ այդպիսին՝ Եգիպտացի վարակիչ օրինակ եւ ներշնչման աղբիւր դարձաւ «անկեղծ զինուոր»ի ու «անվեհեր քաջ»ի։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ