Էրտողանը Թուրք-սուրիական Սահմանին Կեղտոտ Աշխատանք Կը Կատարէ Եւրոպայի Լռութեան Դիմաց

23 դեկտեմբեր 2015

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր բանակին միջոցով երկրի հարաւ-արեւելքը քանի մը օրուան մէջ մօտ 100 մարդ սպաննած է: Ան ակնյայտօրէն պատերազմ սկսած է սեփական ժողովուրդին դէմ: Այս մասին՝ ըստ News.am-ի՝ կը գրէ Neues Deutschland պարբերականի յօդուածագիր Ռոլանտ Էթցելը` անդրադառնալով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ երկրի ուժային կառոյցներու միջեւ բախումներուն:

«Այս պահուն քաղաքականութեան մէջ չկայ մէկը, զոր Էրդողանը կը լսէ: ՆԱԹՕ-ի անոր դաշնակիցները շատ լուռ կը բողոքեն անոր գործողութիւններուն դէմ: Անոնք այն երկիրներն են, որոնք այլ պարագաներու մէջ շատ բարձր կ՛արտայայտուին մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն մասին:

Էրտողան արդէն համաձայնած է թուրք-սուրիական սահմանին դէպի Արեւմտեան Եւրոպա փախստականներուն հոսքը զսպելու համար կեղտոտ աշխատանք ընել: Այդ պատճառով ալ կրնայ յուսալ Թուրքիոյ պետական յանցագործութիւններուն դիմաց որպէս մրցանակ ստանալ Եւրոպայի լռութիւնը»,- կը նշէ հեղինակը:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail