Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ընդունեց Սամուէլ Բաբայեանը

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ընդունեց Սամուէլ Բաբայեանը

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ընդունեց Սամուէլ Բաբայեանը

02 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

The newly elected President of the Artsakh Republic Arayik Haroutiunian

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 1 յունիսին ընդունեց Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նոր նշանակուած քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանը:

Նախագահ Յարութիւնեան նշեց, որ կ’ակնկալէ աշխուժ աշխատանք` ընդգծելով, որ Անվտանգութեան խորհուրդի նոր նշանակուած քարտուղարը մէկ ամսուան ընթացքին պէտք է ներկայացնէ առաջարկներ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նոր կանոնադրութեան եւ նոր կառուցուածքին վերաբերեալ:

«Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է դառնայ պետական կառավարման այն օղակներէն մէկը, ուր կը քննարկուին մեր բնակչութիւնը մտահոգող տագնապները: Միացեալ աշխատանքով պէտք է փորձենք կեանքի կոչել այն յուշագիրը, որ ստորագրուած է երկու քաղաքական ուժերուն միջեւ», հաստատեց Ա. Յարութիւնեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով վստահութեան համար` Սամուէլ Բաբայեան նշեց, որ ամէն ինչ պիտի ընէ յուշագիրի բոլոր կէտերուն իրականացման ուղղութեամբ: Անոր համաձայն, հիմնական ուշադրութիւնը սեւեռած պիտի ըլլայ անվտանգութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծման վրայ:

Aztagdaily.com/archives/474026

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail