Անդրադարձ. Մէկ Կողմէ Ներդրումներու Քաջալերանք, Միւս Կողմէ 500 Նոր Վերելակ Ներածելո՛ւ Մրցոյթ՝ Որուն Կրնայ Արժանանալ Թրքականը…
02 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Անի Ղազարեան «Այսօր.ամ»-ի 15 ապրիլ 2020-ի թիւին մէջ, Երեւանի Քաղաքապետարանին կողմէ 500 նոր վերելակներ հայթայթելու մրցոյթին մասին (2 ապրիլ 2020-ին յայտարարուած) հետեւեալը գրած էր. «Առհասարակ, բամբասանքներ չեմ մեկնաբաներ, իսկ մամուլի այդ հրապարակումը, պէտք է արձանագրենք, որ ուղղակի բամբասանք է՝ առանց որեւէ հիմքի, Aysor.am-ի թղթակցին հետ զրոյցին ըսաւԵրեւանի քաղաքապետի մամուլի խօսնակ Յակոբ Կարապետեանը՝ անդրադառնալով տեղեկութեանը, որ Երեւանի քաղաքապետարանի յայտարարած մրցոյթին պիտի յաղթէ յայտնի օլիկարխ (սակաւապետ) ՍամուէլԱլեքսանեանին պատկանող ընկերութիւնը, որ վերելակները պիտի ներածէ Թուրքիայէն:
Բաց մրցոյթ յայտարարուած է, եւ իւրաքանչիւր անձ, առաւել եւս՝ մասնագէտները, կրնան ծանօթանալ մրցութային պայմաններուն, ձեռք բերուելիք վերելակներուն համար առաջադրուելիք պայմաններուն եւ համոզուիլ, որ այդ հրապարակումը բացարձակապէս որեւէ հիմք չունի: Նոյն կերպ, այդ հրապարակումը կարող ենք գնահատել իբրեւ լոբբինգ (ջատագովութիւն, llobbying)՝ յօգուտ ուրիշ արտադրողի:
«Քաղաքապետարանը այս կամ այն կազմակերպութեան լոբբինգով չի զբաղուիր կամ նախապատուութիւն չի տար: Այո, կան որոշակի չափանիշեր, որոնք կը վերաբերին վերելակներուն անվտանգութեանը, արտաքին տեսքին եւ հայերէն գրութիւններուն կամ ձայնային ազդանշաններու առկայութեան:
«Որպէսզի համոզուիք, կրնանք նայիլ եւ գնահատել նախորդ մրցոյթները: Այնտեղ 20 վերելակներէն 17-ն ձեռք բերուած էր պելառուսական ընկերութիւնէն, երկուքը՝ չինական, եւ ՄԻԱՅՆ ՄԷԿԸ ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ԷՐ», – ըսաւ ան…:
«Յակոբ Կարապետեանը հաւաստիացուց, որ այս պահու դրութեամբ մրցոյթին յայտ ներկայացուցած որեւէ ընկերութիւն կամ անհատ յայտնի չէ, ինքը նման տեղեկութիւն չունի, որովհետեւ մրցոյթի ժամկէտը առայժմ սպառած չէ:
«Մրցութային յանձնաժողովը պէտք է ծանօթանայ յայտերուն եւ ըստ յայտերուն, կատարէ ընտրութիւնը՝ մրցոյթի օրէնսդրութեան համապատասխանող չափանիշներով: Մամուլի այսօրուան հրապարակման մէջ ըսուած է, որ, իբրեւ թէ, չափանիշերը այնպէս դրուած են, որ ՍամուէլԱլեքսանեանին պատկանող ընկերութիւնը կարենայ յաղթել: Բայց ես կ՛ըսեմ, որ այդ առանց որեւէ հիմքի բամբասանք է», – շեշտեց քաղաքապետի խօսնակը:
«Հարցին թէ՝ դատելով նախորդ մրցոյթի արդիւնքներէն՝ ունի՞ն դիտարկումներ, որ թրքական արտադրութեան վերելակները համեմատութեան մէջ անորակ են պելառուսականներէն, Յակոբ Կարապետեանը պատասխանեց՝ նման գնահատական չի կրնար տալ (1):
28 ապրիլ 2020-ին «Նիուզ.ամ»-ը կը գրէ «Վերելակներու մրցոյթը պիտի շահի Սամուէլ Ալեքսանեանը, անգամ գիտեմ, որ վերելակները բերուելու են Թուրքիայէն» խորագիրով Թեհմինա Վարդանեանի Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին ուղղած հարցումին մասին հետեւեալը. «Արդէն մամուլին մէջ կը նշուի, որ Սամուէլ Ալեքսանեանն է շահելու վերելակներու մրցոյթը, այսինքն իրեն խոստացուած է: Այս մասին, այսօր՝ ապրիլի 28-ին, Երեւանի աւագանիի նիստին հարց ու պատասխանի ժամանակ նշեց «Լոյս» խմբակցութեան անդամ Թեհմինա Վարդանյանը:
«Ես նոյնիսկ գիտեմ, թէ որտեղէն պիտի բերուին այդ վերելակները՝ Թուրքիայէն»,- ըսաւ ան: Ի պատասխան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը ըսաւ. «Եթէ այդքան տեղեակ էք, կը կարծեմ՝ դուք ալ այդ գործին մէջ խառնուած էք: Ես ոչ մէկ տեղեկութիւն ունիմ: Ընդհանրապէս որեւէ տենդերի (tender, մրցոյթ) հետ կապուած որեւէ տեղեկութիւն չունիմ: Պարզ, բաց մրցոյթ տեղի կ՛ունենայ, կը մասնակցին կը յաղթեն: Պողոս Պողոսեանն է, Փիլիպոս Փիլիպոսեանն է, թէ ով է, ինծի չի հետաքրքրեր: Ինծի կը հետաքրքրէ վերջնական արդիւնքը»:
«Թեհմինա Վարդանեանը պատասխանեց. «Դուք լղոզելու (փոխաբերական՝ անարգելու) նուրբ արուեստին կը տիրապետէք» (2), (3):
Պահ մը մէկդի դնելով Թուրքիոյ կողմէ հայութեան հանդէպ շարունակուող անարդարութեան նկատառումները, որոնց հանդէպ զարմանալի ու անհաւատալի անտարբերութիւն կը դրսեւորուի ընդհանրապէս Հայաստանի գործարարներուն եւ հասարակութեան կարգ մը հատուածներուն կողմէ, ինչպէ՞ս կարելի է Հայաստանը շրջափակող Թուրքիայէն, ուր դեսպանութիւն եւ առեւտրական կցորդ չունինք, ապրանք ներածել: Անհրաժեշտ նախապայման յօդուած պէտք է դրուի Հայաստանի Հանրապետութեան բոլո՛ր տեսակի առեւտրական եւ ներդրումային մրցոյթներուն, որ՝ «ՄՐՑՈՅԹԻՆ ԿՐՆԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՄԻ՛ԱՅՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔՆԵՐ» ԵՒ ՎԵ՛ՐՋ: Ուրեմն այդ պարագային, բոլոր հարցնողներուն եւ կասկածողներուն կ՛ըսէք, թէ օրէնքով արտօնուած չէ Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն որեւէ տեսակ նիւթ ներածել եւ վերջ «բամբասանք»-ներուն:
Իրականութեան մէջ, Հայաստանի տնտեսական համապարփակ տեսլականի մը եւ ռազմավարութեան մը անընդունելի բացակայութեան հետեւանքներն են, որոնց դառնութեամբ ականատես կ՛ըլլանք ընդհանրապէս: Ծով չունեցող եւ շրջափակուած, մեր առաւելապէս երկրագործական երկիրը անամօթաբար, սնունդի պարէնաւորման մի՛այն 30 տոկոսով ինքնաբաւ է…Եւ այս վարչակարգը ջնջեց երկրագործութեան նախարարութիւնը…Մինչ՝ փոքր Նետրլանտները աշխարհը կը կերակրեն (4), (5), (6):
Անհրաժեշտ պայման է, որ վերելակներու այս մրցոյթին յօդուածներուն վրայ աւելնան յօդուածներ, պարտադրելով շահող ընկերութեան՝ այս վերելակներուն սարքաւորումներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանի մէջ արտադրել եւ հետագային՝ ճշդուած ժամկէտին՝ 100 տոկոս արտադրել, հարիւրաւոր աշխատատեղեր ստեղծելով, քանի որ Հայաստանի տարածքին առ նուազն 3500-է աւելի, հինը փոխարինող վերելակներու կարիքը կայ եւ 1000-է աւելի՝ նորերու (7): Պողպատի արտադրութիւն ունինք, ելեկտրոնային եւ ելեկտրական շարժակներու արտադրութիւններ ունինք ահաւասիկ իսկական ներդրումային առիթ այս մարզին մէջ ինքնաբաւ դառնալու եւ ինչու չէ նաեւ արտածելու: Փոքր Լիբանանը տասնեակէ աւելի վերելակ արտադրող եւ տեղադրող գործարաններ ունի:
29 ապրիլ 2020
——————————–
(1) https://www.aysor.am/am/news/2020/04/15/վերելակների-մրցույթ/1684912
(2) https://news.am/arm/news/575383.html
(3) https://youtu.be/H7HIc05Sfc4
(4) http://www.aztagdaily.com/archives/364045
(5) http://www.aztagdaily.com/archives/369316
(6) http://www.aztagdaily.com/archives/370783
aztagdaily.com/archives/473981