
23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Շոյկույի հետ Դեկտեմբեր 23-ին Մոսկուայի մէջ համաձայնագիր ստորագրած են հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) միացեալ տարածաշրջանային համակարգի ստեղծման մասին:
ՌԻԱ Նովոսթիի փոխանցմամբ` փաստաթուղթի ստորագրումը տեղի ունեցած է նախարարներուն երկկողմ հանդիպումէն ետք: Նաեւ ստորագրուած է 2016 թուականին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու համագործակցութեան ծրագիրը:
Ներկայիս Ռուսիա ՀՕՊ-ի միացեալ տարածաշրջանային համակարգերու ստեղծման ուղղութեամբ կ՛աշխատի Խրխզիստանի եւ Տաճիկիստանի հետ: Ղազախստանի հետ ՀՕՊ-ի համակարգի ստեղծման համաձայնագիրը ստորագրուած է 2013 թուականին, Պելառուսիոյ հետ Ռուսիոյ ՀՕՊ-ի համակարգը արդէն միաւորուած Է:
Ինչպէս նախապէս հաղորդուած է, ԱՊՀ-ի պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդը տարածաշրջանային սկզբունքով Համագործակցութեան երկիրներու հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու ընդելուզումը կը համարէ ԱՊՀ-ի ՀՕՊ-ի միացեալ համակարգի զարգացման կարեւորագոյն ուղղութիւնը:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/?p=96529





