ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ո՛չ մէկ նոր ելք այլեւս այս հողերէն: Ճակատագիրդ հո՛ս է, եւ սրբութիւնդ` հո՛ս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը

Ո՛չ մէկ նոր ելք այլեւս այս հողերէն: Ճակատագիրդ հո՛ս է, եւ սրբութիւնդ` հո՛ս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը կրնան արթննալ եւ բոլոր ցորենները բարձրանալ գեղուղէշ, բոլոր ակօսներէն…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Ո՛չ մէկ նոր ելք այլեւս այս հողերէն: Ճակատագիրդ հո՛ս է, եւ սրբութիւնդ` հո՛ս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը կրնան արթննալ եւ բոլոր ցորենները բարձրանալ գեղուղէշ, բոլոր ակօսներէն…

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Ո՛չ մէկ նոր ելք այլեւս այս հողերէն: Ճակատագիրդ հո՛ս է, եւ սրբութիւնդ` հո՛ս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը կրնան արթննալ եւ բոլոր ցորենները բարձրանալ գեղուղէշ, բոլոր ակօսներէն…»։

2 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆի հեւասպառ ՇՈՒՆՉՈՎ Հայու իր հոգիին խորերը ԱՐԱՐԱՏԻ ՎԵՀԱՇՈՒՔ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ երկրպագող ԱԶԱՏԱՏԵՆՉ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ իր բարձունքէն այսօր եւս մեր ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐը ինքնաճանաչման եւ ինքնահաւատարմութեան ԽՌՈՎՔով ոգեւորող Հայ Մտքի ամէնէն ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐին, որ ամբողջ ժամանակաշրջանի մը ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆի վաւերական, ԻՐԱ՜Ւ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐը հանդիսացաւ։

Յունիս 2ի այս օրը, 1941ին, Երկրորդ Աշխարհամարտի ծանրագոյն օրերուն, Փարիզի մէկ հիւանդանոցին մէջ անկիւն մը ինկած՝ 39 տարեկանին այս կեանքէն հեռացաւ Շուշանեան, որու կեանքին, ԱՒԱՆԴին եւ գաղափարական ԿՏԱԿին նուիրուած է Յուշատետրի այսօրուան գրառումը։

Բարի լոյս՝ ՀԱՅՈՒ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿԵՐՊԱՐը գաղափարականօրէն եւ արժանաւորապէս մարմնաւորած ՓԱՐԻԶԻ ՏՂՈՑ դաշնակցական այս հաւատաւոր՝ ՊԱՅԾԱՌԱԳՈՅՆ ներկայացուցիչին, որուն արդար քննադատութեանց եւ ինքնաքննադատութեան անկաշառ ՈԳԻԻՆ չդիմացան ատենի կուսակցական ղեկավարները եւ, մահկանացու՝ անյոյս որոշումով, Շուշանեանէն ԽԼԵԼ ՓՈՐՁԵՑԻՆ այլեւս անոր անմահութեան շաղախուած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ այսօր եւս ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԻ ազատագրութեան եւ զայն պահող ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ անկատար տենչերուն իրականացման պայքարին ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼ գաղափարի մարտիկներուն, որոնք իրենց կարգին կը դիմագրաւեն Ազգի եւ Հայրենիքի պայծառ գալիքը կրծող ու փճացնող ՑԵՑԵՐու ՆԵՐՔԻՆ ՉԱՐԻՔը՝ այլապէս այնքան սուղ ուժ եւ ոգի վատնելով մակաբոյծներու վնասազերծման ի խնդիր։

Բարի լոյս՝ Շուշանեանի ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ ներշնչման աղբիւր դաւանողներուն, որոնք կոչուած են սթափ եւ զգօն գնահատելու ՊԱՏԳԱՄը Արարատի հպարտութիւնը եւ Վահագնի ցասումը ՇՆՉԱՒՈՐԱԾ ՀԱՅՈՒՆ, որպէսզի երբեւէ չկրկնուի ողբերգութիւնը ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ներքին անդոհանքի մատնող ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ «ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ»՝

Յուսահատութիւն

ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

Շընորհապարտ եմ նոյնիսկ` ինծի տրուած այս քիչին,
Այս ցուրտ լոյսին համար, որ կեանքիս վըրայ կը ծագի:
Հոգիս խոնջ է այլեւըս այս աղմուկէն անյարկի
Ու տենչանքիս սիւները գըլխուս վըրայ կը փըլչին:
Կը պաղատիմ ձեռամբարձ` յետին շնորհ մը չընչին,-
Աղքատիկ խուց մը` առանց դուրսը բացուող դըռնակի,
Ուր կարենամ ձեզ ատել, մեռնիլ առանց աղօթքի,
Ուր մենութեան մէջ քակեմ կեանքիս կըծիկը վերջին:
Կըռիւներուն մէջ ձեր բիրտ` տաք արիւնըս թափեցի,
Բաւական ծունկ չոքեցի սուտ կուռքերու ոտքին տակ,-
Այժըմ կ’ուզեմ, որ ինծի ատելութեան շուքը տա՜ք:
Կ’ուզեմ, որ ալ չբաշխէ՜ք ձեր շընորհները ինծի,
Ո՛չ մէկ բաժին կ’ուզեմ ալ ձեր գանձերէն անյատակ`
Միայն թէ զիս ազատէք ձեր աշխարհէն բովանդակ:

– Ո՛չ մէկ նոր ելք այլեւս այս հողերէն: Ճակատագիրդ հո՛ս է, եւ սրբութիւնդ` հո՛ս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը կրնան արթննալ եւ բոլոր ցորենները բարձրանալ գեղուղէշ, բոլոր ակօսներէն…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail