Մէկ Ամսուան Մէջ 2 Անգամ Եկեղեցւոյ Դէմ Յարձակում Կ՝իրականացուի. Բագրատ Էսդուգեան

Մէկ Ամսուան Մէջ 2 Անգամ Եկեղեցւոյ Դէմ Յարձակում Կ՝իրականացուի. Բագրատ Էսդուգեան

Մէկ Ամսուան Մէջ 2 Անգամ Եկեղեցւոյ Դէմ Յարձակում Կ՝իրականացուի. Բագրատ Էսդուգեան

03 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի խմբագիր, հայ համայնքի շրջանակներուն մէջ ծանօթ հասարակական գործիչ Բագրատ Էսդուգեան անդրադարձած է վերջերս Պոլսոյ մէջ ատելութեան հողի վրայ իրականացուող յարձակումներուն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Մասնաւորապէս, հայկական եկեղեցիներու նկատմամբ իրականացուող վանտալիստական բնոյթ կրող յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին ուղղուած սպառնալիքներուն անդրադառնալով՝ Բագրատ Էսդուգեան ընդգծած է, որ երկրին մէջ առկայ ընդհանուր մթնոլորտը հող կը նախապատրաստէ նմանատիպ յարձակումներու եւ սպառնալիքներու համար։

Ատելութեան հողի վրայ իրականացուող յարձակումներն ու սպառնալիքները՝ Էսդուգեանի դիտարկումով՝ իշխանութիւններուն կողմէ թշնամանք սերմանող արտայայտութիւններու եւ խօսքերու ուղղակի հետեւանքն են։

«Մէկ ամսուան մէջ 2 անգամ եկեղեցւոյ դէմ յարձակում կ՝իրականացուի։ Անկէ ետք «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի հասցէին սպառնալիքներ կը հնչեն։ Ասոնք շատ մտահոգիչ երեւոյթներ են, բայց զարմանալի չեն, որովհետեւ երկրին մէջ առկայ մթնոլորտը այս ամէնուն համար նպաստաւոր հող կը ստեղծէ»,- նշած է Էսդուգեան։

Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն յանգամաքին վրայ, որ արդէն տարիներէ ի վեր շարունակուող Տինքի սպանութեան դատավարութեան ընթացքին «սպաննէ՛» հրաման տուողները այդպէս ալ չբացայայտուեցան, չդատապարտուեցան եւ հետեւաբար որեւէ բան չէ փոխուած։

Էսդուգեան շեշտած է, որ անդադար հնչող սպառնալիքներէն հաւանաբար երկուքը, երեքը լուրջ վտանգ չեն ընդգրկեր, բայց չորրորդը անպայման պիտի ծառայէ իր նպատակին։

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) Տիարպեքիրէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանն ալ նշած էր, որ այս ամէնը կը դիտարկէ իբրեւ հասարակութեան ինքնադրսեւորում։ Նմանատիպ յանցագործութիւններ իրականացնողները իրականութեան մէջ խամաճիկներ են եւ ըստ Փայլանի՝ ատելութեան այս քարոզը կը տարուի նոյնինքն թրքական իշխանութիւններուն կողմէ։

Մէկ Ամսուան Մէջ 2 Անգամ Եկեղեցւոյ Դէմ Յարձակում Կ՝իրականացուի. Բագրատ Էսդուգեան

Yerakouyn.com/2020/06/03/մէկ-ամսուան-մէջ-2-անգամ-եկեղեցւոյ-դէմ-յա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail