Տինքի Այրիին Եւ Հիմնադրամին Սպառնացած Անձը Գործած Է Ազրպէյճանցիի Թելադրանքով

Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալի Պապաջան

Տինքի Այրիին Եւ Հիմնադրամին Սպառնացած Անձը Գործած Է Ազրպէյճանցիի Թելադրանքով

03 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ

Hrant Dink – “I am honest and hardworking, but I am not a Turk”

Պապաջան. «Պիտի Պաշտպանենք Խտրականութեան Ու Ցեղապաշտութեան Դէմ Որեւէ Քայլ Եւ Մինակ Պիտի Չձգենք Ընկերները»

Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալի Պապաջան իր աջակցութիւնը յայտնած է Հրանդ Տինքի այրիին եւ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին` վերջերս անոնց ուղղուած մահուան սպառնալիքներուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթետուվար» կայքը:

«Հրանդ Տինք» հիմնադրամին ուղղուած սպառնալիքները խտրականութիւնը խթանող քաղաքական մթնոլորտի հետեւանք են: Պիտի պաշտպանենք խտրականութեան ու ցեղապաշտութեան դէմ որեւէ քայլ եւ մինակ պիտի չձգենք ընկերները», թուիթըրեան իր էջին վրայ գրած է թրքական քաղաքական կեանք վերադառնալու յայտ ներկայացուցած Ժողովրդավարութիւն եւ յառաջընթաց կուսակցութեան ղեկավար Պապաջան:

Օրեր առաջ անծանօթ անձ մը Հրանդ Տինք հիմնադրամին կոչ ուղղած էր «եղբայրութեան հեքիաթներէն» հրաժարելու եւ անյապաղ լքելու երկիրը, իսկ Ռաքել Տինքին եւ հիմնադրամի փաստաբանին ե-նամակով «գիշեր մը յանկարծակի կրնաք գալ» բովանդակութեամբ նամակ ուղարկած էր: Այդ արտայայտութիւնը շատ օգտագործուած է եւ կ՛օգտագործուի թուրքերու կողմէ: Հրանդ Տինքը սպաննելէ առաջ նոյնպէս նման տողերով հաղորդագրութիւն ուղարկած էին: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու թուրք բարձրաստիճան անձեր Սուրիա եւ Իրաք ներխուժելէ առաջ նոյնպէս նման սպառնալիքներ տարածած էին:

Ռաքել Տինքին եւ հիմնադրամին սպառնացած անձը արդէն ձերբակալուած է: Ի յայտ եկած է, որ յանցագործը գործած է ազրպէյճանցի սիրեցեալի ազդեցութեան տակ եւ յորդորով:

Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալի Պապաջան

aztagdaily.com/archives/474149

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail