Աւստրիոյ Ազգային Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Վաւերացուցած Է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը
03 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Աւստրիոյ Ազգային խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառումով տեղեկացուցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Վիկտոր Ենգիբարեանը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ան իր գրառումին մէջ ներկայացուցած է Աւստրիոյ Ազգային խորհուրդի Աւստրիա-Հարաւային Կովկաս պատգամաւորական խումբի նախագահ Կունտրուն Քուկլերի ելոյթի տեսագրութիւնը եւ անոր խօսքին ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
«Յարգելի՛ գործընկերներ,
Իբրեւ Աւստրիա-Հարաւային Կովկաս պատգամաւորական խումբի նախագահ, որ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ կը ներառէ նաեւ Հայաստանը, կ՛ուզեմ անդրադառնալ օրակարգի առաջին հարցին, որ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման:
Հայաստանի հետ մեզ կը կապեն դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններ: Հաւանաբար շատեր Հայաստանը կը ճանչնան «Ռատիօ Երեւան»-ի կատակներէն, սակայն ատիկա շատ քիչ է` Հայաստանը առաջարկելու շատ բան ունի: Այս համաձայնագիրը, որուն կողմերն են Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը, եւ զոր կը վաւերացնեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները, ունի երկու ուղղուածութիւն, որմէ առաջինը` ժողովրդավարութեան ամրապնդումն է:
Շատեր կը յիշեն 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը, որ կոչուեցաւ «թաւշեայ», երբ երկրի այն ժամանակուան ղեկավարի սահմանադրական փոփոխութեան մէկ հնարքով իր հետագայ պաշտօնավարումը ապահովելու ցանկութիւնը յանգեցուց բողոքի ցոյցերու: Այդ ցոյցերը խաղաղ էին: Հայաստանը պէտք է շնորհաւորել անոր համար, քանի որ մինչ այդ նման բնոյթի ցոյցեր չէին եղած: Տեղի ունեցան վարչապետի ազատ ընտրութիւններ, ինչ որ ողջունելի էր ԵԱՀԿ-ի կողմէ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կէս տարի ետք հրաժարական տուաւ նոր խորհրդարանական ազատ ընտրութիւններ ապահովելու համար, ինչ որ նոյնպէս ողջունուեցաւ ԵԱՀԿ-ի կողմէ: Հայաստանը մեծ յառաջընթաց կ՛արձանագրէ ժողովրդավարական փոփոխութիւններու, փտածութեան դէմ պայքարի, դատաիրաւական համակարգին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին մէջ:
Համաձայնագիրի երկրորդ կարեւոր բաղադրիչը ազատ առեւտուրն է. Հայաստան յատուկ դերակատարութիւն ունի ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ: Հայաստանը ԵԱՏՄ-ի անդամ է: Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացումով կը մեծնան ԵԱՏՄ-ի հսկայ շրջանին մէջ Աւստրիական ընկերութիւններու մուտքի հնարաւորութիւնները: Հայաստանի համար երկու ուղղութիւններով լաւ յարաբերութիւնները կարեւոր են:
Հայաստանը աշխարհագրականօրէն բարդ դրութեան եւ ծանր հակամարտութեան մէջ է իր երկու դրացիներուն հետ: Երկրին մէջ կը բնակի 3 միլիոն մարդ, եւս 3 միլիոն հայեր կը բնակին Եւրոպայի մէջ, որոնցմէ 5000-ը Աւստրիոյ քաղաքացի են: Արդէն նշեցի մեր բազմադարեայ կապի մասին: Շուրջ 200 տարի, Վիեննայի մէջ կը գտնուի Մխիթարեան միաբանութեան եկեղեցին` իր հրաշալի թանգարանով եւ գրադարանով: Վիեննայի մէջ կը գտնուին նաեւ Հայ եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմի եպիսկոպոսի նստավայրը:
Համագործակցութեան առումով Հայաստանը մեզի համար կեդրոնական երկիր է: Ելոյթս աւարտեմ 1915-1916 թուականներուն տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան մասին խօսքով: Ցաւօք, բոլոր պետութիւնները չէ, որ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը: Երեւանի մէջ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ կը փողփողին Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 32 պետութիւններու դրօշները: Անոնց կարգին հպարտութեամբ կը տեսնենք նաեւ Աւստրիոյ դրօշը: Անոր համար շնորհակալութիւն պէտք է յայտնենք մեր նախորդ գումարման խորհրդարանի խմբակցութիւններուն:
Հայաստանի համար շատ կարեւոր է Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Մեզմէ շատերը Ցեղասպանութեան մասին գիտեն Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրը» վէպէն: Վստահ եմ, որ այսօր օրակարգի վրայ գտնուող վաւերացման ենթակայ 7 համաձայնագիրներու շարքին կը վաւերացուի նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը»:
aztagdaily.com/archives/474134