Լիպիական Հակամարտութեան Կողմերը Համաձայնած Են Վերսկսիլ Զինադադարի Շուրջ Բանակցութիւններուն

Լիպիական Հակամարտութեան Կողմերը Համաձայնած Են Վերսկսիլ Զինադադարի Շուրջ Բանակցութիւններուն

03 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը երէկ յայտարարած է, որ լիպիական հակամարտութեան կողմերը համաձայնած են վերսկսիլ զինուորական կոմիտէի բանակցութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Լիպիոյ աջակցութեան հարցերով ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը կ՛ողջունէ այն փաստը, որ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը եւ Լիպիոյ ազգային բանակը համաձայնած են վերսկսիլ զինադադարի վերաբերեալ բանակցութիւններուն` ըստ փետրուարի 23-ին ՄԱԿ-ի կողմէ զինուորական կոմիտէի (5+5) բանակցութիւններու ժամանակ ներկայացուած համաձայնութեան ծրագիրին», ըսուած է առաքելութեան յայտարարութեան մէջ:

Դիւանագէտները յոյս ունին, որ զինադադարը պիտի իրականացուի ոչ միայն բառերով, այլ բանակցութիւնները եւս պիտի արտօնեն հասնիլ նաեւ մարդասիրական զինադադարի, որպէսզի իշխանութիւններուն հնարաւորութիւն ընձեռուի կեդրոնանալու «Քորոնա» ժահրի հետեւանքներու դէմ պայքարին վրայ:

«ՄԱԿ-ը յոյս ունի բանակցութիւններու նոր փուլի, որ տեղի պիտի ունենայ տեսաժողովի ձեւաչափով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

aztagdaily.com/archives/474136

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail