ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Կարգ Մը Գերմանացի Եւ Այլ Օտար Զինուորականներու Եւ Անձնաւորութիւններու Դերակատարութիւնը –Զ.
03 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Գերմանացի Աւետարանիչներ Եոհաննէս Էհմաննի Եւ Եոհան Սոմմըրի Զգայացունց Վկայութիւնը Հայ Յեղափոխականներուն Մասին 1913-ին
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Ռուբէն Դարբինեան 1883-1968, Ախալքալաք ծնած, ՀՅԴ անդամ եւ հիմնադիր սերունդին գործակից, բուն անունով՝ Արտաշէս Չիլինգարեան, որ 1920 յունուար 10-ին շուրջ 4 ամիս Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար եղած է, ռուսերէնի փոխարէն հայացնելով նախարարութիւնը, օրէնսգիրքերը, դատական իշխանութիւնը եւ լեզուն, նախապէս խմբագիր՝ Պոլսոյ «Ազատամարտ»-ին, Պաքուի «Արեւ»-ին ապա «Գործ»-ին, Երեւանի «Յառաջ»-ին եւ վերջապէս Միացեալ Նահանգներու «Հայրենիք» օրաթերթին՝ 1 ապրիլ 1922-էն ցմահ 14 յունիս 1968:
Իր հիանալի պարզութեամբ գրած «Երկեր՝ Կեանքիս Գրքէն», 704 էջ Ա. հատորը (1), որ շատ հետաքրքրական, այդ օրերու Կովկասի, Ռուսիոյ՝ յատկապէս յեղափոխութեան օրերուն, Պոլսոյ, Գերմանիոյ, Թիֆլիսի, Պաքուի եւ նորանկախ Հայաստանի իրադարձութիւններուն, կենցաղին, ժողովուրդներուն եւ անշուշտ իր կեանքին, ճամբորդութիւններուն, ուսումնական տարիներուն, գործունէութեան եւ բազում արկածախնդրութիւններուն մասին հարուստ տեղեկութիւններէն պիտի ներկայացնեմ էջ 164-էն 168:
Յայտնի դաշնակցական գործիչ եւ հրապարակախօս, Մոսկուայի ուսանողական օրերէն սկսեալ, իբրեւ ո՛չ ծայրայեղ՝ հաւասարակշռուած ընկերվարական, կ՛ունենայ ծանօթութեան՝ օտար եւ հայ, լայն շրջանակ, որոնց մէջ նաեւ Վահան Տէրեանի նման մոլեռանդ հակադաշնակցական հայ պոլշեւիկներ, որոնք քանիցս մինչեւ գնդակահարութեան առաջնորդած են զայն եւ իր ընկերները, սակայն ամէն անգամ հրաշքով փրկուած: 1912 դեկտեմբերին Պոլիսէն Գերմանիա կը գործուղուի, քաղաքական հայանպաստ աշխատանք ծաւալելու, Պոլսոյ «Ազատամարտ»-ին կանոնաւոր թղթակցելու նաեւ, ուսումը շարունակելու համար: Ռուսական յեղափոխութեան տարիներուն՝ 1905-1917 միշտ գտնուած է վայրաք դէպքերու մակընթացութիւններու կիզակէտին մէջ եւ շրջակայքը:
Պերլին հասնելէն ետք, գերմանահայերու օգնութեամբ, յատկապէս՝ Ճէյմս Կրինֆիլտի (հետագային Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ*), որուն մայրը հայ (Հռիփսիմէ Բժշկեան*), հայրը՝ անգլիահպատակ գերմանացի, Թաւրիզի մէջ ծնած, Թեհրանի հայութեան մէջ մեծցած, որ սքանչելի հայերէն եւ գերմաներէն գիտէր ու մեծահարուստ Թումանեանցներուն աղջկան հետ ամուսնացած՝ կը յաջողի կազմել շատ կարեւոր Հայեւգերման Կոմիտէն (Deutsch-Armenische Gesellschaft, DAG*) (2):
Կոմիտէին մէջ էին երկար տարիներ իբրեւ նախագահ ծառայած՝ հայութեան իսկական բարեկամ եւ պաշտպան՝ դոկտ. Եոհան Լեփսիուսը (1858-1926) (3), դոկտ. Փօլ Ռոհըրպախը (1869 – 1956, հետագային Նացի գաղափարախօս եւ գիրքերու հեղինակ*) (4), որուն միջոցով դոկտ. Իէքը (Hieke*)՝ գերման արտաքին գործոց նախարարութեան մնայուն քարտուղարը, պատուելի Շտիրը եւ ուրիշներ, շուրջ 110 ականաւոր գերման դէմքեր, խորհրդարանի անդամներ եւ այլն:
Միւս կողմէ՝ 1894-1896-ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ Համիտեան ջարդերէն ետք, որուն զոհ գացին շուրջ 300 հազար հայեր, Գերմանիոյ մէջ հայասէր շարժում մը յառաջ եկած էր արդէն, որուն շնորհիւ 2 յուլիս 1896-ին կը հիմնուի Հայաստանի Օժանդակութեան Գերմանական Միութիւնը, որուն ներկայացուցիչն էր Եոհաննէս Էհման՝ Լոհման: Դարբինեան կը գրէ.
«Այդ օրերուն էր, որ օր մը Պերլինի բնակարանս այցելութեան եկաւ փրոֆեսէօր Զոմմեր՝ Եոհան Սոմմըր (Johann Wilhelm Ernst Sommer 1881-1952*) անունով մէկը (ետքը եպիսկոպոս) իր տիկնոջ հետ (5): Ինքզինքը եւ տիկինը ներկայացուց մաքուր հայերէնով եւ շարունակեց հետս խօսիլ հայերէն:
«Իմ հարցումին, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս այդքան լաւ հայերէն սորվեր էր՝ պատասխանեց, թէ Խարբերդի Գոլէճի փրոֆեսէօր եղած է քանի մը տարիներ եւ հոն ալ հայերէն սորված է:
«Որքան զարմանալի, այնքան հաճելի էր այդ տիպար գերմանացիին հայերէնը, որուն հնչումը այնքան հարազատ էր, որ եթէ զայն չտեսնէի եւ վարագոյրի մը ետեւէն միայն լսէի իր ձայնը, պիտի կարծէի, թէ խօսողը հայ մտաւորական մըն է:
«Մեր գերման բարեկամներէն իմացած էր իմ հասցէն եւ եկած մօտս, անսպասելի խնդրանքով մը: Ըսաւ.
6. Նստած ձախէն՝ ուսուցիչներ Մարտիրոս Պուճիգանեան, Կարապետ Մուշեղեան, Քարլ Եունկ, Եոհաննէս Էհմանն (տնօրէն), Էրնսթ Սոմմըր եւ Պետրոս Կարապետեան, ուսուցիչ պատրաստելու գերմանական դպրոց (Deutsches Lehrerseminar), Խարբերդ, 1907: «Դոկտ Լոհմանի՝ Էհմանի (Johannes Ehmann, 1870-1950, «Հայրիկ»*) (6) հետ նոր վերադարձած ենք երկար եւ խիստ հետաքրքրական պտոյտէ մը Թրքահայաստանի գաւառներուն մէջ: Ամէն տեղ պատեհութիւն ունեցանք ծանօթանալու նաեւ ձեր յեղափոխական ընկերներուն: Թէեւ շատ ուշագրաւ եւ տպաւորիչ բազում բաներ տեսանք, բայց ամենէն աւելի խորունկ կերպով տպաւորուեցանք մա՛նաւանդ ձեր ղեկավար ընկերներէն, անոնց զմայլելի զոհաբերող ոգիէն, անոնց պարզ, նահապետական կենցաղէն, անոնց անհաւատալի այլասիրութենէն եւ ինքնամոռացումէն:
«Մեր ճամբորդութեան ընթացքին յաճախ մեզի կը թուէր, թէ ինկած ենք քրիստոնէութեան առաջին դարերու միջավայրի մը մէջ եւ մեր առջեւ կը գտնուին այդ երանելի օրերու իրական քրիստոնեաները: Արդարեւ, ոչ թէ մենք՝ քրիստոնէական միսիոնարներս ենք իրական քրիստոնեաները, այլ անոնք, թէեւ մենք քրիստոնէութիւն կը քարոզենք, բայց անոնք, յեղափոխական ըլլալով հանդերձ, կ՛ապրին քրիստոնէական կեանքով, ինչպէս կ՛ապրէին քրիստոնէութեան առաքեալները եւ սուրբերը, ինչպէս եւ պէտք է ապրին իսկական քրիստոնեաները, եթէ հաւատարիմ են քրիստոնէական կրօնի ոգիին, սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն»:
– Կրնա՞ք յիշել անունները մեր ընկերներուն, որոնցմով այդքան հիացած էք, – հարցուցի՝ ընդմիջելով դոկտ. Զոմմէրի մեզի համար այնքան սրտապնդիչ խօսքերը:
– «Այո՛: Կը յիշեմ Արամը (Մանուկեան*), Իշխանը (Վանայ՝ Նիկոլ Պօղոսեան*), Սարգիսը, Վռամեանը (Արշակ*), Տոքթ. Զաւրիեւը (Յակոբ Զաւրեան*) եւ ուրիշներ: Դոկտ. Լոհմանը եւ ես մեր ճամբորդութենէն վերադարձանք այն համոզումով, որ ՈՉ ԹԷ ՄԵՆՔ՝ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՍԻՈՆԱՐՆԵՐՍ ՊԷՏՔ Է ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԱՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԹԱՆՔ՝ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ ՁԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, ԱՅԼ ՁԵՐ՝ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵ՛ՐԸ ՊԷՏՔ Է ԳԱՆ ԵՒՐՈՊԱ՝ ԻՐԵՆՑ ԿԵՆԴԱՆԻ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ԻՐԱԿԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ: Եկած եմ այժմ ձեր մօտ՝ խնդրելու, որ յանձն առնէք մեզի հայթայթելու կենսագրականները ձեր այն անձնազոհ ընկերներուն, որոնք այսօր, ձգած իրենց շատ աւելի հանգիստ կեանքը Կովկասի մէջ, գացած են Արեւմտեան Հայաստան եւ կը գործեն հոն: Այդ կենսագրականները մենք կ՛ուզենք հրատարակել մեր միսիոնարական պարբերաթերթին մէջ: Անոնց օրինակելի կեանքէն շատ բան կրնան սորվիլ մեր ընթերցողները»:
«Դժբախտաբար, այն ատեն ես ի վիճակի չէի անձամբ կատարելու իր խնդրանքը: Տուի Ժընեւի մեր հասցէն՝ ըսելով, որ «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը կրնայ գէթ չափով մը գոհացում տալ իրենց, որով՝ լաւագոյնն է «Դրօշակ»-ին դիմել:
«Շատ ուշ միայն իմացայ, որ դոկտ. Զոմմեր դիմած էր, եւ այնտեղէն ալ ղրկած էին քանի մը պզտիկ կենսագրականներ, որոնք հրատարակուեցան դոկտ. Լոհմանի միսիոնարական կազմակերպութեան պարբերաթերթին մէջ: (Իսկապէս կ՛արժէ գտնել այս պարբերաթերթերը եւ թարգմանաբար հրատարակել Յ.Չ.):
«Շաբաթներ ետք, երբ բժիշկ Զաւրիեւ Պոլսէն Պերլին եկաւ՝ ծանօթանալու համար մեր Հայեւգերման Կոմիտէի գործունէութեան եւ զեկուցում մը տալու մեզի՝ Պոլսոյ մէջ կատարուած աշխատանքներուն մասին, նկարագրեցի անոր դոկտ. Զոմմէրի այցելութիւնը: Ան շատ ուրախացաւ եւ առաջարկեց ինծի միասին երթալ Ֆրանքֆուրթ – ամ – Օտեր՝ փոխայցելութիւն մը տալու համար:
« …Յաջորդ օրն իսկ, առաւօտուն, ճամբայ ելանք գնացքով եւ շատ ջերմ ընդունելութեան արժանացանք: Դոկտ, Լոհման եւ Զոմմէր ամբողջ օր մը պահեցին մեզ իրենց մօտ եւ հիւրասիրեցին ինչով որ կրնային:
«Դոկտ. Լոհմանի միսիոնարական հաստատութիւնը (կեդրոնը) տեղաւորուած էր բաւական ընդարձակ կալուածի մը մէջ, ուր կար միսիոնարական դպրոց մը՝ Մերձաւոր Արեւելքի պատանիներու եւ երիտասարդներու համար:
«Այցելեցինք հարկաւ, նաեւ դպրոցը: Ծանօթացանք այնտեղ քանի մը հայ երիտասարդներու, որոնք բերուած էին Արեւմտեան Հայաստանէն եւ կը պատրաստուէին միսիոնարական գործունէութեան համար՝ հայկական գաւառներու մէջ:
«… Դոկտ. Լոհման մեզի ցոյց տուաւ Արեւմտեան Հայաստան կատարած ճամբորդութեան ընթացքին իրենց հանած բազմաթիւ լուսանկարները, որոնք չափազանց հետաքրքրական էին: Կային նաեւ մեր գործիչ ընկերներուն նկարները, զորս դոկտ. Լոհման ցոյց տուաւ մեզի պարծանքով եւ հիացումով:
«Երկարօրէն խօսեցանք մեզ հիւրընկալող այնքան համակրելի գերման միսիոնարներուն հետ ո՛չ միայն իրենց առաքելութեան, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման մասին: Եւ հաճոյքով տեսանք, որ անոնց տեսակէտները շատ տարբեր ալ չէին մերինէն: Անոնք խոստովանեցան, որ իրենց գլխաւոր նպատակը ոչ թէ կրօնական է, այլ մշակութային: ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՆ ՄԵԶԻ ՀԵՏ, ՈՐ ԾԻԾԱՂԵԼԻ Է ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱԶԳԵՐՈՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆ ՔԱՐՈԶԵԼ ԵՒ ՈՐ ՆԵՐԵԼԻ ՉԷ ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԱԿԱՆՆԵՐԸ ՀԵՌԱՑՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ»:
Զարմանալի է, որ ցարդ այսպիսի միսիոնարական աղանդաւոր գործունէութիւններ կը ծաւալին մեր մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք, ու անոնց արբանեակ ու ոչ կառավարական բոլոր տեսակի կազմակերպութիւնները՝ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ ապազգային, օտարոտի խորթ օրակարգով:
21 մայիս 2020
—————————–
* Լուսաբանութիւնները իմս:
(1) «Երկեր Կեանքիս Գրքէն», Ռուբէն Դարբինեան, Ա. Հատոր, Համազգայինի մատենաշար թիւ 306, հրատարակութեան խմբագիր Պօղոս Սնապեան, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, 1972, Պէյրութ, 704 էջ:
(2) https://de.wikipedia.org/wiki/Deutsch-Armenische_Gesellschaft
(3) https://en.wikipedia.org/wiki/Johannes_Lepsius
(4) https://en.wikipedia.org/wiki/German%E2%80%93Armenian_Society
https://en.wikipedia.org/wiki/Paul_Rohrbach
(5) https://en.wikipedia.org/wiki/Johann_Wilhelm_Ernst_Sommer
(6) http://www.genocide-museum.am/eng/22.10.2017-EhmanJohannes.php
Aztagdaily.com/archives/474170