23 դեկտեմբեր 2015
Հայաստանի, Իրանի, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ելեկտրականութեան ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը նոր թափ կը ստանայ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ դեկտեմբեր 23-ին կայացաւ քառակողմ հանդիպում Հայաստանի, Իրանի, Վրաստանի ուժանիթի նախարարներուն եւ «Ռուսական ցանցեր» ԲԲԸ գլխաւոր տնօրէնին մասնակցութեամբ: Հանդիպման աւարտին կողմերը ստորագրեցին յուշագիր, որով կը բարձրանայ ուժանիւթի փոխհոսքերու կառավարման մակարդակը, ելեկտրականութեան համակարգերու աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը, անվտանգութիւնն ու յուսալիութիւնը:
Բացի այդ` կը նախապատրաստուին տարածաշրջանային կարեւորութեան շարք մը ներդրումային ծրագիրներ: «Չորս երկրների էներգետիկ համակարգերում համագործակցութեան վերաբերեալ յուշագիր ստորագրուեց: Այսօր այս չորս երկրների համատեղ աշխատանքի հնարաւորութիւններ չկան, իսկ այս յուշագրով կը ստեղծուի այդպիսի հնարաւորութիւն»,- ըսած է ՀՀ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան:
Ան ներկայացուցած է ուժանիւթի համակարգի թողունակութիւնն ու հզօրութիւնը աւելցնելու նպատակով նախապատրաստուող ներդրումային ծրագիրները: «Նախատեսւում է մինչեւ 2018 թուականը շահագործման յանձնել Հայաստան-Վրաստան 400/500 կվ էլեկտրահաղորդման գիծը ու հաստատուն հոսանքի ներդիրով ենթակայանը: Դրա արդիւնքում կ’ապահովուի Վրաստանի էներգետիկ համակարգի հետ զուգահեռ սինխրոն ռեժիմում աշխատանքի հնարաւորութիւն»,- ըսած է նախարարը: Ան աւելցուցած է, որ ելեկտրականութեան փոխհոսքի հզօրութիւնը առաջին փուլին պիտի կազմէ 350 Մ.ուաթ, մինչեւ 2021 թուականը հասնելով 700 Մ.ուաթի:
Բացի այդ` կրկին 2018-ին կը նախատեսուի շահագործման յանձնել Իրան-Հայաստան 400 ք.ուաթ ելեկտրահաղորդման երկշղթայ գիծը: Անիկա թոյլ կու տայ Իրանի հետ ելեկտրականութեան փոխհոսքերը հասցնել մինչեւ 1200 Մ.ուաթ հզօրութեան:
Երուանդ Զախարեանի խօսքով` վթարներու, արտակարգ իրավիճակներու պարագային փոխադարձ ելեկտրականութիւն մատակարարելու հնարաւորութիւն կը ստեղծուի երկիրներուն համար: «Նախատեսւում է արագ ժամկէտներում ձեւաւորել աշխատանքային խումբ, որ մինչեւ 2018 թուականը ստեղծի տեխնիկական ու նորմատիւ իրաւական դաշտ նշեալ ծրագրերի աշխատանքները կազմակերպելու համար: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեց, որ յաջորդ հանդիպումն անցկացուի միւս տարուայ Ապրիլին»,-աւելցուցած է նախարարը:
Երուանդ Զախարեան, պատասխանելով լրագրողի հարցումին, նկատել տուաւ, որ նշեալ նախագիծերը երկարաժամկէտ հեռանկարի համար են, եւ այժմ ելեկտրականութեան սակագիներու հարց չի քննարկուիր: «Այսօր գների հարց օրակարագում չկայ, նոր հզօրութիւնների ստեղծման մասին է խօսքը»: -եզրափակած է նախարարը:
եռագոյն
http://www.yerakouyn.com