23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.
Դեկտեմբերի այս օրերուն, 97 տարի առաջ, հիւսիսային կողմն Հայաստանի թէժ պատերազմ բռնկած էր նորանկախ Հայաստանի եւ Վրաստանի Հանրապետութեանց միջեւ։
Դարերով կողք-կողքի ապրած եւ արիւնակից զոյգ ժողովուրդները յանկարծ ինկած էին արիւնալի բախումներու մէջ.- Եղածը վրացիներու կողմէ հայութեան պարտադրուած անիմաստ պատերազմ մըն էր։ Անդրկովկասեան բազմազգեան (հայկական, վրացական եւ թաթարական) իշխանութեան՝ Թիֆլիսի մէջ կազմուած Սէյմի կառավարութեան լուծարումէն օգտուելով, վրացական կողմը կ՛ուզէր իւրացնել Ցարական Կայսրութեան «աւար»ը, հայութեան պատկանող ու հայաբնակ հայրենի տարածքներ զէնքի ուժով իրեն կցելու յաւակնութեամբ։
Նորանկախ Հայաստանը ամէն պատճառ ունէր խուսափելու հայ¬վրացական պատերազմէն։ Բայց վրացական կողմը սրած էր իր ախորժակները եւ ամէն գնով կþուզէր տիրանալ ոչ միայն հայապատկան Ջաւախքին, այլեւ մինչեւ Լոռիի ծայրամասերը տարածուող հայրենի մեր հողին։
28 Մայիս 1918-ին հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը տենդագին ամէն ուժ լարած էր եւ ամէն ճիգ կը թափէր՝ տակաւ յաղթահարելու համար անօթեւան արեւմտահայ գաղթականութիւնը պատսպարելու եւ համատարած սովին ու համաճարակներուն դարման գտնելու ծանրակշիռ դժուարութիւնները։
Առաջին Աշխարհամարտը նոր աւարտած էր, թրքական զօրքը Հոկտեմբերին սկսած էր պարպել Հայաստանի հիւսիսային շրջանները, Դրօ իր զօրքը մտցուցած էր թուրքերու պարպած շրջաններէն ներս, բայց գերմանացիներու կողքին Դաշնակիցներու դէմ պատերազմի մէջ մտած եւ, իբրեւ այդպիսին, Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղաւորուած վրացական զօրքը ոչ միայն կը մերժէր իր կարգին քաշուիլ, այլեւ՝ բառին բուն իմաստով գրաւման բանակի վերածուած էր։ Պատերազմական աւարի պէս կը վարուէր արիւնաքամ հայ գեղջուկի վերջին ունեցուածքին ու պարէնին հետ, վրացի զինուորներու սանձարձակութիւնները անտանելի դարձած էին եւ կարծէք այդ բոլորը անբաւարար ըլլային, Ջաւախքէն մինչեւ Լոռի, վրացական զօրքը ձեռնարկած էր նաեւ ռազմական գրոհներու՝ բիրտ ուժով շրջանի հայաթափումը իրականացնելու համար։
Խորքին մէջ կը խմորուէր հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն շրջանի փշոտ հարցերէն մէկը՝ Հայ¬Վրացական Կնճիռը, որ Ցարական Ռուսաստանի փլուզման հետ քողազերծուեցաւ, նախ նոյնինքն Թիֆլիսի մէջ հայկական տիրական ներկայութեան դէմ վրացական դժգոհութեանց հրահրումով եւ սադրիչ բորբոքումով, ապա՝ Ջաւախքը Վրաստանի նորահռչակ Հանրապետութեան ենթարկելու քաղաքականութեան կիրարկումով եւ, վերջապէս, իբրեւ յարձակողական մարտավարութիւն, Լոռին եւս Վրաստանին կցելու բացայայտ կամակորութեամբ։
Փետրուար 1917-ի համառուսական յեղափոխութենէն ետք կազմուած ու Անդրկովկասի երեք ազգութիւնները համախմբող Սէյմի կառավարութեան օրերէն իսկ, վրացիք ձեռնամուխ եղան ազգայնամոլ եւ այլամերժ այդ քաղաքականութեան կիրարկումին։ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտի ժամանակաշրջանին, գերմանական զօրքին հետ վրացիներու կնքած անակնկալ զինակցութիւնը ճիշդ այդ նպատակին կը հետամտէր։ Եւ երբ փուլ եկաւ Սէյմը ու Մայիս 1918ին հռչակուեցան Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնները, մանաւանդ նախատեսելով Առաջին Աշխարհամարտի մօտալուտ աւարտը, վրացիք որոշեցին արագացնել Ջաւախքն ու Լոռին բռնակցելու իրենց քաղաքականութեան իրագործումը։ Վրացական կողմի հաշուարկներուն մէջ կարեւոր տեղ ունէր նաեւ Հայաստանի անձուկ վիճակէն առաւելագոյն չափով օգտուելու պատեհապաշտութիւնը՝ մեկնելով այն գնահատումէն, թէ հայկական բանակը տկար էր եւ ի վիճակի չէր սանձելու վրացական զօրքի ախորժակները։
Աշխարհաքաղաքական զարգացումներու եւ վրացական հաշուարկներու այս խորապատկերին վրայ կը տեղաւորուի Դեկտեմբեր 1918-ի Հայ¬Վրացական Պատերազմին բռնկումը։
Հայաստանի կառավարութիւնը բնականաբար աննկատ ձգած չէր վրացական շարժումները եւ Հայաստանի նկատմամբ նկրտումները։ Միաժամանակ, սակայն, մինչեւ թրքական սպառնալիքին ամբողջական վնասազերծումը եւ Արցախի ու Զանգեզուրի ուղղութեամբ թաթարական գրգռութեանց ու ոտնձգութեանց սանձումը, Հայաստան ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի կարենայ խուսափիլ վրացական կողմին հետ ընդհարումներէ եւ անիմաստ պատերազմէ։
Ի վերջոյ, թուրք եւ թաթար թշնամիներով շրջապատուած՝ հայ ժողովուրդը բնականաբար պիտի չուզէր յաւելեալ ճակատ բանալ նաեւ Վրաստանի դէմ։ Հայաստանի կառավարութիւնը հետեւողական բանակցութիւններ վարեց Թիֆլիսի հետ, որպէսզի հայ¬վրացական դարաւոր բարեկամութեան խնայուի անհեթեթ թշնամացումը…
Բայց վրացական կողմը ոչ միայն չընդառաջեց Հայաստանի բարեացակամ քայլերուն, այլեւ՝ Հայաստանի անձուկ վիճակէն «խրախուսուած», հարուած մըն ալ իր կողմէ փորձեց հասցնել մեր երկրին ու ժողովուրդին։
Բնականաբար յորդեցաւ հայկական կողմին համբերատարութեան բաժակը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը ճարահատ վճռեց, արագ ու հատու հակահարուածով, վերջ տալ վրացական ոտնձգութիւններուն։
Դեկտեմբեր 16-ին հայկական նորաստեղծ բանակի սպարապետ զօրավար Դրօ հրահանգ ստացաւ կառավարութենէն՝ իր զօրքը մտցնելու վրացական բանակի գրաւման տակ ինկած Փամպակի եւ Լոռուայ շրջաններէն ներս։ Անմիջական աջակից ունենալով գնդապետ Կուռօ Թարխանեանը՝ Դրօ անցաւ յարձակողականի եւ շաբթուան մը վրայ երկարած ամէնօրեայ գրոհներով ու ռազմական ճակատումներով, կրցաւ յետ մղել վրացական զօրքը, որ բոլոր գրաւման բանակներու պէս սիրտ չունեցաւ իր արիւնը թափելու «օտարի հողին համար»…
Վճռորոշ եղաւ յատկապէս Դեկտեմբեր 23-ի օրը, երբ Դրօ յաղթական իր գրոհը ամբողջական յաջողութեամբ պսակեց եւ ստիպեց վրացական կողմին, որ բանակցութեանց սեղան նստի Հայաստանի կառավարութեան հետ։
Իսկ դիւանագիտական ճակատի վրայ, Դաշնակիցներու միջամտութեամբ, ամէն ճիգ թափուեցաւ, որպէսզի խաղաղ բանակցութեանց ճամբով վերջ դրուի պատերազմական գործողութիւններուն եւ քաղաքական լուծում մը գտնուի Հայ¬Վրացական Կնճիռին՝ դարաւոր բարեկամ ու հարեւան զոյգ ազգութեանց միջեւ պետական սահմաններու համախոհական յստակացումով։
Բանակցութեանց փուլը երկար տեւեց եւ շատ դժուար ընթացաւ։ Արշակ Ջամալեանի գլխաւորած հայկական պատուիրակութիւնը շարունակ դէմ յանդիման կանգնեցաւ ոչ այնքան վրացական անզիջողութեան, որքան Դաշնակիցներու կողմէ ի գործ դրուած բուռն ճնշումներու։ Յատկապէս հայապատկան Ախալքալակը Հայաստանի վերադարձնելու հարցով՝ Դաշնակիցներու լիազօր ներկայացուցիչը բուռն ընդդիմութիւն ցուցաբերեց։ Բանակցութիւնները քաշքշուեցան մինչեւ Դեկտեմբերի 31-ը, երբ վերջնական զինադադարի համաձայնագիրը կնքուեցաւ։
Բայց հիմնական ու վերջնական լուծում չտրուեցաւ Ջաւախքի պատկանելութեան հարցին։
Թէեւ Լոռուայ Աշխարհէն հեռացուեցան վրացական զօրքերը, բայց Հայ¬Վրացական սահմանագծման կնճիռը չստացաւ իր ամբողջական հանգուցալուծումը։
Այդ առումով ալ, Հայ¬Վրացական Կնճռի մերօրեայ բորբոքումներուն արմատները քննելու եւ յստակացնելու համար, անփոխարինելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Դեկտեմբեր 1918-ի Հայ¬Վրացական պատերազմի թղթածրարին ուսումնասիրութիւնը՝ իր պարունակած կենսական դասերով։
Ինչպէս Զանգեզուրը՝ Նժդեհի, նոյնպէս եւ Լոռին՝ Դրոյի ղեկավարած հերոսական մաքառումով, անբաժան մասը դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան։
Նաեւ մեր օրերուն իր թելադրականութիւնը կը շարունակէ պահպանել 1918-ի Դեկտեմբերին վրացական բանակի հրամանատարութեան ուղղուած հայոց սպարապետ Դրոյի հետեւեալ զգաստացման կոչը.- «Ձեր և ձեր ղեկավարած զինուորների կողմից հայկական բնակչութեան նկատմամբ գործադրած ճնշումներն անցնում են բոլոր սահմանները: Ուշքի եկէ՛ք, յիշեցէ՛ք, որ դուք զօրքերն էք դեմոկրատական հանրապետութեան, որը գլխաւորում են ժողովրդների ինքնորոշման գաղափարի ջատագովները: Եթէ դուք չէք ցանկանում հետագայ արիւնահեղութիւն, ապա անմիջապէս պէտք է մաքրէ՛ք մեր տարածքները»:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com