ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – «Ցեց ա, որ մտել ա մեր ջանը» – Հացի խնդիր ա․․․ Ինչ կ՚անես՝ արա՛․ խաբի, քանդի, պլոկի, գռփի, սպաննի, թաք մի կտոր հաց ունենաս…
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Ցեց ա, որ մտել ա մեր ջանը»․
«Հացի խնդիր ա․․․ Ինչ կ՚անես՝ արա՛․ խաբի, քանդի, պլոկի, գռփի, սպաննի, թաք մի կտոր հաց ունենաս…»։
3 Յունիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ձգտումը, 19րդ դարու մեր Ազգային Զարթօնքի առաջին իսկ քայլերէն, Ազգի եւ Հայրենիքի ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳի վերածած Հայ Մտքի եւ Մշակոյթի ՊԱՅԾԱՌԱՏԵՍ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնց յառաջապահներէն է 3 Յունիս 1837ին լոյս աշխարհ եկած դասական մեծանուն գրողը՝ ՊԵՐՃ ՊՌՕՇԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ ԱԶԳԱՅԻՆ եւ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ազատագրումի ՊԱՅՔԱՐՆԵՐը ոչ միայն զուգահեռաբար յառաջ մղելու, այլեւ իբրեւ միեւնոյն ամբողջական ազատագրութեան պայքարին ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ՝ փոխ-ներգործող եւ փոխ-ուժեղացնող ԵՐԵՍՆԵՐը համադրելու ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ։
Պերճ Պռօշեան անշուշտ քաղաքական գործիչ չէր, բայց նաեւ իր ՓՂՈՍԿՐԵԱՅ ԱՇՏԱՐԱԿին մէջ ամփոփուած՝ ինքնակեդրոն ստեղծագործ գրողի տեսակը չէր։ Ան ոչ միայն նուիրուած՝ սերնդակերտման կոչումին ծառայող ՄԱՆԿԱՎԱՐԺ էր, այլեւ շինական ու արարող իր ժողովուրդին համայնական կեանքին հոգեհարազատ երգիչն էր՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐՔԵՐու պահպանման եւ վերազարգացման ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆը։
Բարի լոյս՝ իր վէպերով, վիպակներով եւ պատմուածքներով հայոց ժողովրդական կեանքին՝ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆՑ եւ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ մշտարթուն պահակի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ լծուած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄՇԱԿԻՆ, որ մէկուկէս դար առաջ արդէն ԱՀԱԶԱՆԳ հնչեցուց ՀԱՅՈՑ ՈԳԵՂԷՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ՆԵՐՔԻՆ ՑԵՑԵՐՈՒՆ ԴԷՄ։
Բարի լոյս՝ իր ճակտի քրտինքով հանապազօրեայ ՀԱՑը վաստակող հայ ԳԵՂՋՈՒԿին պաշտպան կանգնելու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որ Պերճ Պռօշեանի ստեղծագործական ժառանգութեան մէջ անմահացաւ հայ ժողովուրդին ԻՆՔՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ ԶԻՆԵԱԼ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ փարելու հանգանակով՝ ՊԱՏԳԱՄՈՎ միանգամայն։
Պռօշեան հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ մեր ժողովուրդը ներքնապէս հիւծող խոր ՑԱՒԻՆ, երբ բառերը առանց ծամծմելու ահազանգեց՝
«Ցեց ա, որ մտել ա մեր ջանը»․․․
Այո՛, հայուն ազգային ողբերգութիւնը ոչ միայն մեր ժողովուրդի հասարակական կեանքը թունաւորած ու ջլատած վնասակար ցեցերու կործանարար ՎԱՐԱԿն էր, այլեւ նոյնինքն ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻԻՆ հասած՝ անոր «ՋԱՆ»ը կրծող եւ խեղդող ՄՈՐԹԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ եւ ՁՐԻԱԿԵՐՈՒԹԵԱՆ անհակակշռելի համավարակն էր։
Բարի լոյս՝ իր ժողովուրդին ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄն ու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՈՒՄը դասական գրականութեան բարձունքին հասցուցած ՊՌՕՇԵԱՆ ԱՒԱՆԴին, որու ներշնչումով հայոց սերունդները միայն ԱՄՕԹԱՆՔ բաժին կը հանեն բոլոր անոնց, որոնք սեփական ժողովուրդը կը կեղեքեն այն պատեհապաշտութեամբ, թէ՝
«Հացի խնդիր ա․․․ Ինչ կ՚անես՝ արա՛․ խաբի, քանդի, պլոկի, գռփի, սպաննի, թաք մի կտոր հաց ունենաս…»։
Նման հացկատակներ ընդունակ են ԱՆՆԵՐԵԼԻԻՆ, որ ԱՐԻՒՆՈՏ ԹԹԽՄՈՐի խարանով գամուեցաւ անարգանքի սիւնին, երբ «ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ» երգը արարելու ԺԱՄԸ հնչեց եւ ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ մեր սերունդներու ԱՐԳԱՀԱՏԱՆՔԻՆ արժանացուց․․․ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՒ ՑԵՑԵՐը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ